«Եղիշէ Առաքեալի վանքը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եղիշ Առաքեալ (Ջրվշտիկ Վանք)''', կը գտնուի Արցախի Ջրաբերդ գաւառի մէջ, Մռաւ սարի բարձրէն երկու...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

14:29, 16 Օգոստոս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եղիշ Առաքեալ (Ջրվշտիկ Վանք), կը գտնուի Արցախի Ջրաբերդ գաւառի մէջ, Մռաւ սարի բարձրէն երկու ձորերու մէջ խոնարհած լեռնաբազկի մը բլրակի վրայ: Շրջապատուած է աղխաղխեալ եւ սոսկալի կիրճերով. Այդ պատճառաւ լայնարձակ հորիզոնէ զուր է: Վտակ մը՝ Ջրվշտիկ անուամբ, արեւմտեան կողմէն շռշռալով կը վազէ շատ բարձրէն կ’անցնի վանքիս հարաւային ստորոտի խորագոյն ձորով, կը դառնայ դէպի երեւելք եւ սրընթաց կը վազէ դէպի Թաթառ: Բլբակիս հարաւին կողմերն՝ պարսպուած քարուկիր պատով, որ ունի երեք կողմերն՝ պարսպուած քաարուկիր պատով, որ ունի երեք դուռն՝ արեւմտան, հիւսիսային եւ արեւելեան կողմերէն: Վանքս կառուցուած է բլբակի գագաթը անտաշ քարերով. շինութիւնը շատ հին է, ճարտարապետութիւնն հասարակ ու անճաշակ ոճով եւ բարձրութիւնն չափազանց: Այսու ամենայնիւ այցելուաց վրայ պատկառանք եւ յարգութիւն կ’ազդէ: Աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ վանքս հիմնարկած է բարեպաշտ Վաչագան Գ. թագաւորը: Նախ կոչուեր է Ներսմեհրայ կամ Ներս-Միհայ ուխտ, եւ յետոյ Ջրվշտիկ՝ անշուշտ մօտէն վիժող ջրվէժի պատճառաւ: Բայց սուրբ Եղիշէ առաքելոյն մարմինը Հիւրեկայ կամ Ուռեկան վանքէն աստ փոխագրելէ վերջ, կոչուած է Եղիշ Առաքեալ: Տաճարն ունի երկու դուռն հարաւային եւ արեւմտեան կողմերէն. Երկայնութիւնն է 10 մետր եւ լայնութիւնն 5.80 մետր: Այժմ խոնարհուած է ամբողջ ձեղունը եւ խորանի արեւելեան պատը: Ունի նաեւ գաւիթ կամ ժամատուն՝ շինուած անտաշ քարերով միեւնոյն ճաշակով եւ չորս սիւներու վրայ, 9.5 մետր երկայն եւ 8.45 մետր լայն, միակ դուռն կը գտնուի արեւմտակողմը: Ունի ՉԺԳ (1264) թուականաւ արձանագրութիւն, որ կը յայտնէ, թէ շինողն է ոմն Խաչատուր, տէր Սիմէոնի աշաջնորդութեան ժամանակ: Թէ՛ տաճարի շուրջը եւ թէ գաւթիս յատակը ծածկուած է հանգուցեալ եպիսկոպոսաց, վարդապետաց եւ միարբանից տապանաքարերով՝ հանդերձ արձանագրութեամբ: Մենաստանիս երկու կողմերը կան մատուռներ: Հիւսիսային կողմէն դէպի հարաւ երթալով, Ա. մատուռը ունի երկու խորան եւ երկու սեղան, որ շինուած է անտաշ քարով: Բ. մատուռն, նոյնպէս անտաչ քարով շինուած է եւ ունի մէկ խորան եւ մէկ սեղան: Գ. մատրան մէջ, որ շինուած է միեւնոյն ոճով, կայ Աղուանից Վաչագան Գ. թագաւորի գերեզմանն, որուն վրայ ձգուած է 1.60 մետր երկայութեամբ եռանկիւնի տապանաքար մը, պատրաստուած առանձին խնամքով եւ լաւ յղկուած. Բայց արձանագրութիւն չունի: Տարանաքարիս մօտ կայ խաչարձան մը որ նշանաւոր է խիստ հնութեամբ եւ ճարտարարուեստ քանդակագործուըեամբը, այսպէս է նաեւ խորանի աջակողմը եղած ուրիշ խաչարձան մը: Մատուռս ունի մէկ խորան, գրան ճակատակալ քարի վրայ քանդակուած է. «Այս է հանգիստ Վաչական թագաւորին. Աստուած ողորմի Հայրապետայ եւ ոյր (իւր) ծնողանց, որ շինեց եկեղեցիս յառաջնորդութեան տէր Սիմոնի թիւ ՉԼԵ. էր»: Մատրանս զբան զիմանց է Ջրաբերդ գաւառի իչխող հռչակաւոր Մէլիք Ադամ մեծի գերեզմանը: Ձաւալի է տեսնել որ անկիրթ այլազգիները ջարդեր են արձանագրութիւն կրող մարմարիոնը որ զետեղուած է եղեր մէլիքիս տապանաքարի մէջ, սակայն գաւառիս բնակիչք մեծ ու փոքր ամէնքն ալաւանդութեամբ գիտեն իրենց սիրելի իշխանի գերեզմանը: Դ. մատուռը որ կանգնած է վանքի հարաւակողմը, բաւական հին է եւ ունի երկու խորան: Մէջը կայ Տէր Մեսրոպ անուամբ մէկու մը գերեզմանը, որ ունի ՌՃԿԲ թուականաւ տապանագի: Ե. մատուռն՝ որ Դի հարաւային կողմն է, ունի մէկ խորան: Զ. մատուռը ունի մէկ սեղան, աւելի հնաշէն է եւ ունի կիսատ արձանագրութիւն, որով կը յայտնուի շինողաց անուններն, որք են Առաքել վարդապետ եւ տէր Մատթէոս: Է. մատուռն ունի միայն մէկ սեղան: Վանացս մէջ կան երկու զանգակներ. Մին հնագոյն՝ երկայնաձեւ է ու կոպիտ, իսկ միւսն կոտրած եւ ունի արձանագրութիւն, որ կը յայտնէ թէ նուիրողն է ոմն Ղազար, եւ ձուլողն Շահնա. գինն է եղեր նոյն ժամանակ երեք թուման: Վանքս ցարդ սրբութեամբ պահած է Գաղտնիք Ղարաբաղի դիւցածներէն երկու քաջերու յիշետեկը, որոնք են Դալի-Մահրասան եւ Տոնմազ: Վանքիս երաւալեան պարսպի մօտ է Աւագ-Վարդապետ- Դալի. Մահրասայի բնակած սենեակը, որ ունի նեղ եւ փոքր լուսամուտներ եւ ամուր դիրք: Հիւսիսային պարսպի փակուած դրան մօտ ներքուստ գրուած է Տոնմազի ՌՃՀԷ թուականաւ յիշատակարանը: Պարսպի ներսը կան նեաւ քանի մը հին սենեակներ եւ գոմ:

Վանքիս ներկայ դրութիւնը խիստ խղճալի է. անդիմագրելի ժամանակը կը քանդէ ամենայն ինչ. կտրօտ է նորոգութեան, բայց իւր սեփական կալուածները վէճի տակ ինկած են եւ արդեանց աղբիւրները սպարած: Իբրեւ պահապան մէջը կայ միայն տիրացու մը, որ շինած է վանքիս ճանապարհը եւ նորոգած է Զ. մատուռը:

Ուղտի մատուռ՝ կը կոչուի վանքիս մօտակայ սարի ուսի վրայի կիսաւեր մատուռն. ուր կայ նաեւ գիւղատեղի եւ հանգստարան: Եղիշ-Առաքեալ վանքի եւ Եղակեր գիւղի մէջ տեղ, տեսարանաւոր բլրի մը վրայ կը գտնուի Մատուռ անուամբ կիսաւեր եւ փոքրիկ հին շինութիւն մը, որուն դրան վրայի արձանագրութենէն կը յայտնուի շինողի անունն՝ Գրիգոր: Մատրանս մօտ կայ հանգստարան մացառուտներով ծածկուած: Այսպիսի կիսաւեր եկեղեցի, հանգստերեն եւ գիւղատեղի կայ նաեւ Թրոտ կոչուած տեղը, որ կը գտնուի աւերակիս հարաւակողմը:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 676: