«Եղիշէ Առաքեալի վանքը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եղիշ Առաքեալ (Ջրվշտիկ Վանք)''', կը գտնուի Արցախի Ջրաբերդ գաւառի մէջ, Մռաւ սարի բարձրէն երկու...»: |
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ |
||
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Եղիշ Առաքեալ (Ջրվշտիկ Վանք)''', կը գտնուի Արցախի Ջրաբերդ գաւառի մէջ, Մռաւ սարի բարձրէն երկու ձորերու մէջ խոնարհած լեռնաբազկի մը բլրակի վրայ: Շրջապատուած է աղխաղխեալ եւ սոսկալի կիրճերով. Այդ պատճառաւ լայնարձակ հորիզոնէ զուր է: Վտակ մը՝ Ջրվշտիկ անուամբ, արեւմտեան կողմէն շռշռալով կը վազէ շատ բարձրէն կ’անցնի վանքիս հարաւային ստորոտի խորագոյն ձորով, կը դառնայ դէպի երեւելք եւ սրընթաց կը վազէ դէպի Թաթառ: Բլբակիս հարաւին կողմերն՝ պարսպուած քարուկիր պատով, որ ունի երեք կողմերն՝ պարսպուած քաարուկիր պատով, որ ունի երեք դուռն՝ արեւմտան, հիւսիսային եւ արեւելեան կողմերէն: Վանքս կառուցուած է
Վանքիս ներկայ դրութիւնը խիստ խղճալի է. անդիմագրելի ժամանակը կը քանդէ ամենայն ինչ. կտրօտ է նորոգութեան, բայց իւր սեփական կալուածները վէճի տակ ինկած են եւ արդեանց աղբիւրները սպարած: Իբրեւ պահապան մէջը կայ միայն տիրացու մը, որ շինած է վանքիս ճանապարհը եւ նորոգած է Զ. մատուռը:
Ուղտի մատուռ՝ կը կոչուի վանքիս մօտակայ սարի ուսի վրայի կիսաւեր մատուռն. ուր կայ նաեւ գիւղատեղի եւ հանգստարան: Եղիշ-Առաքեալ վանքի եւ Եղակեր գիւղի մէջ տեղ, տեսարանաւոր բլրի մը վրայ կը գտնուի Մատուռ անուամբ կիսաւեր եւ փոքրիկ հին շինութիւն մը, որուն դրան վրայի արձանագրութենէն կը յայտնուի շինողի անունն՝ Գրիգոր: Մատրանս մօտ կայ հանգստարան մացառուտներով ծածկուած: Այսպիսի կիսաւեր եկեղեցի, հանգստերեն եւ գիւղատեղի կայ նաեւ Թրոտ կոչուած տեղը, որ կը գտնուի աւերակիս հարաւակողմը:
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ
|