«Եոզղատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} Կը գտնուի Թուրքիոյ Անգարա նահանգին մէջ, Փոքր Ասիա (արեւմտահայ...»:
 
Տող 2.
Կը գտնուի [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիոյ]] [[Անգարա]] նահանգին մէջ, [[Փոքր Ասիա (արեւմտահայերէն)|Փոքր Ասիոյ]] կեդրոնական մասին ՝ [[Պոնտոսի լեռնաշղթայ|Պոնտոսի լեռնաշղթայի]] արեւելեան հատուածին մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ունէր 48 հայաբնակ գիւղ՝ հինգ հազար հայ բնակչութեամբ։ [[1914]] հոկտեմբերին, գաւառին մէջ 18-45 տարեկան հայ տղամարդիկ զորակոչուած են թրքական բանակ եւ կոտորուած՝ [[1915]] թուականին [[Մեծ եղեռն (արեւմտահայերէն)|Մեծ եղեռնի]] ժամանակ։
 
Նախապատրաստելով [[Հայեր|հայերու]] ջարդը՝ թրքական կառավարութիւնը Անգարայի նահանգապետ (վալի) նշանակած է հայատեաց Աթըֆը,իսկ Եոզղատի փոխգաւառապետ՝ Քէմալը։ Բանտերու մէջ արձակուած մօտաւորապէս 3000 քրէական հանցագործներ զինեցին եւ երիտթուրքականերիտթրքական սպաներու ղեկավարութեամբ ուղարկած են հայերը ջարդելու։ Ըստ նախապէս մշակուած ծրագրի` 1915 Յուլիսին, թրքական ոստիկանութիւնը զինաթափած է շրջափակուած հայկական գիւղերու բնակիչները, հաւաքած եւ ոչնչացուցած է մնացած տղամարդիկը, որ յետոյ հայերու վրայ յարձակեցան մուսուլման սպառազէն խուժանն սկսած է թալանել, խոշտանգումներն ու բռնաբարութիւնները։ Եոզղատի Բուրունքըշլա հայաբնակ գիւղը 20 hազարանոց թուրք ամբոխը հայերէն պահանջած է իսլամութիւնը ընդունիլ, անոնց մասին հաւաքած է իսլամի դրօշին տակ եւ ոչնչացնել։ Գիւղի 120 հայերուն կացիններով խոշտանգեցին ջրաղացներու մօտ, բռնութեամբ տեղահանուած կանանց, երեխաներու մեծ մասը կոտորել մօտակայ ձորին մէջ։
 
Օգոստոս 1-ին, Եոզղատ քաղաքի շուկային մէջ սկսած էր տեղի ունենալ հայերու կոտորածը։ Փակուեցան քաղաքի կամուրջներն ու մուտքերը, ձերբակալուած հայ [[մտաւորական|մտաւորականները]] երկու օր անց յօշօտած են թրքական զինուած խուժանը, որոնք յետոյ հայ բնակիչներու բռնութեամբ տեղահանեցին, շատերը բարբարոսաբար սպանեցին Տետե Սումլո գիւղի մոտ եւ Քըզըլ Ըրմաքի կամուրջին վրայ։ Փոխգնդապետ Քեմալի մասնակցութիամբ հայերու իսկական սպանդ տեղի ունեցաւ Եարա դերեսի ձորին մէջ, ուր, թալանելով անոնց քարաւանները, տղամարդիկը կապկպեցին եւ սպաննեցին։ Ականատեսի վկայութեամբ, անօգնական հայերը գազանաբար խոշտանգեցին, կացիններով սպաննեցին,եւ մանկահասակ երեխաները։ Հայերը որոշ վայրերու մէջ դիմեցին ինքնապաշտպանութեան, սակայն չկարողացան կանխել ջարդը, որու հետեւանքով գաւառի հայ բնակչութեան 97%-ը ջարդուած է։
 
Թրքական զինուորական դատարանը 1919-ին մահապատժի կը դատապարտէ Քեմալը, որու անմիջական ղեկավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ սպանուած էր 30 հազար հայ։ Դատավարութեան ընթացքին վկայակոչուեցան Եոզղատի հայերը զանգուածային ոչնչացման եւ անոնց նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւններու բազմաթիւ փաստեր։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Եոզղատ» էջէն