«Գաբրիէլ Երանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, փոխարինվեց: ։Ի → ։ Ի, ։Ա → ։ Ա oգտվելով ԱՎԲ
Տող 3.
[[1854]]ին, Ազգ․ հիւանդանոցի սրբանոցին մէջ բացուած երկրագործական դասարանին ուսուցիչ կարգուած է։
իր վարպետին հետ, [[1857]]-[[1858]] քնար Արեւելեանը հրատարակած է, Արիս Յովհաննէսեան միայն եկեղեցական մասը մշակած էր, թէեւ ինչ ինչ կատարելագործութիւններ ալրած է, բայց իր աշակերտը աւելի եւրոպականին յարում ցոյց կուտայ։ [[1857]]թն քնար Արեւելեանի հրատարակութեամբ, որ ամիսը անգամ մը կ՛երեւար, նպատակ ունէին արեւելեան եւ մասնաւորապէս ազգային երգերը եւրոպական ձայնագրութեան առնելով արեւմտեաններուն հաղորդել։ Այս թերթերը տարիի մը չափ չարունակուելէ ետքը կը դադբի։
Բայց հայ ձայնանիչներու կիրարութեան այս փորձը, ինչպէս նաև եւրոպականին մերձեցման ձանքերը՝ որոնք երանեանի գլխաւոր սկզբունքներն էին, պատճառ կ՝ըլլան քնարի վերեւերեւումին։Ինքվերեւերեւումին։ Ինք և իր աչակերտը Նիկողոս Թաչճեան [[1861]] սեպտեմբեր 1ին կը ձեռնարկեն քնար հայկական անուն ամսաթերթը հրատարակելու։ Այս ձեռնարկին նիւթապէս օգնած է տիրացու Արիստակէս։ Հանդէսը երկու թերթէ կը բաղկանար և կիսամսեայ էր, կը բովանդակէր ազգային երգեր, պարերգներ եւրոպական նօթայով, որուն հմուտ էին երկու հեզինակներն ալ։ Խմբագիրները նոյն իսկ առաջին թիւով կը ծանուցանեն հասարակութեան թէ ղանազան տեղեր ձրի դասախօսութիւններ հաստատած են՝ ինչպէս սկիւտարի ճեմարանին, իճատիյէի, մի Ջագիւղի, Պէչիկթաչի, Բերայի, Խասգիւղի,Քարակէօմրուկի, Սամաթիոյ, Եէնի Գաբուի վարժարաններուն մէջ կիրակի օրերը, դասախօս ունենոլով, երկու խմբագիրներէն զատ, Սիմէօն Մինէճեան, Ռէթէոս Փափազեան, Եղիա Տնտեսեան ,Ստեփան Գալֆաեան, Համբարձում Չէրչեան։ Ասոնք կիրակի օրերը պպիտի դասախօսէին էնարի բաժանորդներում թէ եւրոպական և թէ հայ երաժշտութեան համառօտ սկզբունքները դորս արդէն քնարի մէջ մաս մաս բացատրել սկասած էին երկու խմբագիրները և Համբարձում Զերչեան։
Երանեանի քով աւելի դէպի եւրոպականը մըտում մը կը տեսնուի, որւոն ապացոյցն է Տիգրան Ջուհաճեանի ալ՝ [[1862]] յունատր 1 էն Քնարի խմբագրութեան մասնակցիլը։ Բայց քնար հազիւ թէ բոլորած իր Ա․ վեցամսեա ն կը դադարի [[1862]] փետր․ 15ին, 12րդ թիւը հրատարակուելէ ետքը։
Երաժշտութեան փափագը երթալով կը տարածուէր ժողովուրդին մէջ։ Մանաւանդ Սահմանադրութեան հաստատումը անմիջական կերպով զարգացուցած էր երգը։ Ամէն կողմէ երգեր կը պատրաստուէին և Պեյքօղի տարեդարձի հանդէսներուն փայլը կաւելցնէին։ Եւրոպական գաղափարներ հետզհետէ մուտ կը գործէին ազգաին մէջ և եւրոպա գացող և վերադարձող սերունդը կը զգար երաժշտութեան կարեւորութիւնը։ Դաշնակը մուտ գործած էր հայ սալօններու մէջ և ահա [[1862]]-ի մարտին երանեանի թերթին օգնելու համար երաժշտական ընկերութիւն մը կազմուի, նպատակ ունենալով երաժշտութեան ճաշակը մեր մէջ տարածել, նուագածուներ յառաջ բերել, ինչպէս նաեւ քնար հանդէսը կանոնաւոր կերպով և տնտրակները ժամանակին հրատարակել։ Այդ ընկերութեան հիմնադիրները ժամանակին ամժենէն երեւելի անձնաւորութիւններն էին․- Աղաթօն, Օտեան, Միւհենտիսեան, Քէօչէեան, Նեւրուղեան, Ռուսինեան և ուրիշ անձնաւորութիւններ։Ասոնքանձնաւորութիւններ։ Ասոնք ուսումանկան յանջնաժողով մը ունէին իբր իրենց օժանդակ, որ բաղկացած էր ոժամանակին ուսումնականներէն․- Թորոս Նաղարեան, Մ․ Մարուեան, Մ․ Պեչիկթաչեան, Յակոբ Ոսկան, Սրապիոն Հէքիմեան, Ս․ Փափաղեան, Նոյպէս զանազան թաղերու մէջ մասնաժողովներ ունէր, որոնք ձրի դասախօսութիւններ կընէին։ Այս ընկերութիւնը թերթին երկրորդ չըրջանի առաջի թիւը կը հրատարակէ [[1862 ապրիլ 30]]ին։
Տարաժամ մահ Գաբրիել Երանեանի ընտիր դասատու երաժշտութեան
Հոկտեմբերի 13երորդ օրը՝ սգոյ օր մէր երաժշտաց դասուն համար, որովհետեւ կորոյս տարաժամ իւր մէկ անձանուէր ընկերակիցն։