«Գաբրիէլ Երանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
No edit summary |
նոր թարգմանություն oգտվելով ԱՎԲ |
||
Տող 3.
[[1854]] թուականին, Ազգ․ Հիւանդանոցին սրբանոցին մէջ բացուած երկրագործական դասարանին ուսուցիչ կարգուած է։
իր վարպետին հետ, [[1857]]-[[1858]] թուականներուն «Քնար Արեւելեան»ը հրատարակած է, Արիս Յովհաննէսեան միայն եկեղեցական մասը մշակած էր, թէեւ ինչ ինչ կատարելագործութիւններ ալ ըրած էր, բայց իր աշակերտը աւելի եւրոպականին յարում ցոյց կու տար։ [[1857]]–ին «Քնար Արեւելեան»ի հրատարակութեամբ, որ ամիսը անգամ մը կ՛երեւար, նպատակ ունէին արեւելեան եւ մասնաւորապէս ազգային երգերը եւրոպական ձայնագրութեան առնելով արեւմտեաններուն հաղորդել։ Այս թերթերը տարիի մը չափ շարունակուելէ ետք կը դադրի։
Բայց հայ ձայնանիշներու կիրարութեան այս փորձը, ինչպէս նաեւ եւրոպականին մերձեցման ջանքերը՝ որոնք Երանեանի գլխաւոր սկզբունքներն էին, պատճառ կ՝ըլլան «Քնարի» վերերեւման։ Ինք եւ իր աշակերտը [[Նիկողոս Թաշչյան|Նիկողոս
Երանեանի քով աւելի դէպի եւրոպականը միտում մը կը տեսնուի, որուն ապացոյցն է՝ [[Տիգրան Չուխաջյան|Տիգրան
Երաժշտութեան փափաքը երթալով կը տարածուէր ժողովուրդին մէջ։ Մանաւանդ Սահմանադրութեան հաստատումը անմիջական կերպով զարգացուցած էր՝ երգը։ Ամէն կողմէ երգեր կը պատրաստուէին եւ Պէյքօղի տարեդարձի հանդէսներուն փայլը կ՛աւելցնէին։ Եւրոպական գաղափարներ հետզհետէ մուտք կը գործէին ազգաինին մէջ ու [[Եվրոպա|Եւրոպա]] գացող եւ վերադարձող սերունդը կը զգար երաժշտութեան կարեւորութիւնը։ Դաշնակը մուտք գործած էր հայ սալօններու մէջ եւ ահա [[1862]]-ի [[Մարտ]]ին Երանեանի թերթին օգնելու համար երաժշտական ընկերութիւն մը կը կազմուի, նպատակ ունենալով երաժշտութեան ճաշակը մեր մէջ տարածել, նուագածուներ յառաջ բերել, ինչպէս նաեւ «Քնար Հանդէս»ը կանոնաւոր կերպով եւ ժամանակին հրատարակել։ Այդ ընկերութեան հիմնադիրները ժամանակին ամէնէն երեւելի անձնաւորութիւններն էին՝ Աղաթօն, [[Երվանդ Օտյան|Օտեան]], Միւհենտիսեան, Քէօչէեան, Նեվրուղեան, [[Ռուսինյան Նահապետ|Ռուսինեան]] եւ ուրիշ անձնաւորութիւններ։ Ասոնք ուսումանկան յանձնաժողով մը ունէին իբր իրենց օժանդակ, որուն մաս կը կազմէին՝ Թորոս Նազարեան, Մ․ Մարուեան, [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան|Մ․ Պէշիկթաշլեան]], Յակոբ Ոսկան, Սրապիոն Հէքիմեան, Ս․ Փափազեան, Նոյպէս զանազան թաղերու մէջ մասնաժողովներ ունէր, որոնք ձրի դասախօսութիւններ կ՛ընէին։ Այս ընկերութիւնը թերթին երկրորդ շրջանի առաջին թիւը կը հրատարակէ [[1862 Ապրիլ 30]]–ին։
Տարաժամ մահը՝ Գաբրիել Երանեանի, ընտիր դասատու երաժշտութեան, Հոկտեմբերի 13–րդ օրը վերածեց՝ սգոյ օրի մեր երաժշտաց դասուն համար։
[[Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:
[[Կատեգորիա:Հայ երաժշտագետներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ երգահաններ]]
Տող 18.
[[Կատեգորիա:Հոկտեմբերի 13 մահեր]]
[[Կատեգորիա:Վաղամեռիկ անձինք]]
[[Կատեգորիա:
[[Կատեգորիա:
|