«Գաբրիէլ Երանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Կենսագրական բաժնին առաջին կէսը լեզուական եւ բովանդակային խմբագրութեան ենթարկուած է։
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 4.
'''Գաբրիէլ Երանեան''' ([[1827]]-[[1862]]), հայ երաժշտագէտ, երգահան։
 
Ծնած է 1827-ին, Կ. Պոլիս։ Օհան Երանուն անունով գաւառացի որմնադիրի մը որդին էր։ Աշակերտած է Մայր-վարժարանի մէջ տիրացու [[Արիստակէս Յովհաննիսեան|Արիստակէս ՅովհաննէսեանիՅովհաննէսեանին]]ն։։ Ուսման անընդունակ ըլլալուն, ծնողքը ստիպուած են 13-14 տարեկանին գործի դնել զինք։ Երաժշտական ուսման փափաքող ըլլալով, Գաբրիէլ շուտով դպրոց վերադարղած է եւ նոյն Արիստակէսի խնամքին տակ լաւ սորված է հայ ձայնագրութիւնը, իսկ հետագային՝ զայն անբաւարար համարելով, ինքնազարգացումով եւրոպական ձայնագրութիւն սորված է։ Դասաւանդած է [[Օրթագիւղ|Օրթագիւղի]]ի, Գուզկունճուգ Կէտիկ-Փաշայի եւ [[Խասգիւղ]]ի վարժարաններուն մէջ։ Խասգիւղի մէջ, որ գլխաւոր գործունէութեան ասպարէզը եղած է, անոր նեցուկ կանգնած են [[Աղաթօն]], Թորոս Նազարեան, Փափազեան եւ ուրիշներ։
 
[[1854]]-ին, ուսուցիչ կարգուած է Ազգ․ Հիւանդանոցի որբանոցին մէջ բացուած երկրագործական դասարանին։
 
Իր ուսուցիչին հետ, [[1857]]-[[1858]] թուականներուն, Երանեան «Քնար արեւելեան» ամսաթերթը հրատարակած է, նպատակ ունենալով արեւելեան եւ մասնաւորապէս ազգային երգերը եւրոպական ձայնագրութեան առնելով՝ արեւմտեաններուն հաղորդել։
 
Հայ ձայնանիշերու կիրառութեան այս փորձը, ինչպէս նաեւ եւրոպականին մերձեցման ջանքերը, որոնք Երանեանի գլխաւոր սկզբունքներն էին, պատճառ կ՝ըլլան «Քնար»ի վերերեւման։ Երանեան ու իր աշակերտ [[Նիկողոս Թաշճեան|Նիկողոս Թաշճեանը]]ը Սեպտեմբեր 1861-ին կը ձեռնարկեն «Քնար հայկական» կիսամսեայի հրատարակութեան։ Տիրացու Արիստակէս նիւթապէս օգնած է այս ձեռնարկին։ Հանդէսը երկու թերթէ կը բաղկանար, կը բովանդակէր ազգային երգեր, պարերգեր՝ եւրոպական նոթայով, որուն հմուտ էին երկու հեղինակներն ալ։ Խմբագիրները առաջին թիւով կը ծանուցանեն հասարակութեան, թէ զանազան տեղեր ձրի դասախօսութիւններ հաստատած են, ինչպէս՝ [[Սկիւտար]]ի ճեմարանին, Իճատիյէի, Օրթագիւղի, Պէշիկթաշի, [[Բերա]]յի, Խասգիւղի, Քարակէօմրուկի, [[Սամաթիա|Սամաթիոյ]], Ենի Գաբուի վարժարաններուն մէջ։ Երկու խմբագիրներէն զատ, Սիմէոն Մինէճեան, Ռէթէոս Փափազեան, Եղիա Տնտեսեան, [[Ստեփան Գալֆայեան]] եւ Համբարձում Չէրչեան Կիրակի օրերը «Քնար հայկական»-ի բաժանորդներուն կը դասախօսէին թէ՛ եւրոպական եւ թէ՛ հայ երաժշտութեան համառօտ սկզբունքները, զորս արդէն երկու խմբագիրները եւ Համբարձում Զէրչեանը սկսած էին բացատրել «Քնար»-ի մէջ։
 
Երանեանի քով աւելի դէպի եւրոպականը միտում մը կը տեսնուի, որուն ապացոյցն է [[Տիգրան Չուխաճեան]]ի՝ [[1862]] [[Յունուար 1]]–էն «Քնար»-ի խմբագրութեան մասնակցիլը։ Բայց թերթը հազիւ թէ բոլորած էր իր առաջին վեցամսեան, երբ կը դադրէր կը դադարի [[1862]] [[Փետրուար 15]]–ին, 12–րդ թիւը հրատարակուելէ ետք։
 
Երաժշտութեան փափաքը հետզհետէ կը տարածուէր ժողովուրդին մէջ, մանաւանդ՝ Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք։ Ամէն կողմէ երգեր կը պատրաստուէին եւ Պէյքօղի տարեդարձի հանդէսներուն փայլը կ՛աւելցնէին։ Եւրոպական գաղափարներ հետզհետէ մուտք կը գործէին ազգաինին մէջ ու [[Եվրոպա|Եւրոպա]] գացող եւ վերադարձող սերունդը կը զգար երաժշտութեան կարեւորութիւնը։ Դաշնակը մուտք գործած էր հայ սալօններու մէջ եւ ահա [[1862]]-ի [[Մարտ]]ին Երանեանի թերթին օգնելու համար երաժշտական ընկերութիւն մը կը կազմուի, նպատակ ունենալով երաժշտութեան ճաշակը մեր մէջ տարածել, նուագածուներ յառաջ բերել, ինչպէս նաեւ «Քնար Հանդէս»ը կանոնաւոր կերպով եւ ժամանակին հրատարակել։ Այդ ընկերութեան հիմնադիրները ժամանակին ամէնէն երեւելի անձնաւորութիւններն էին՝ Աղաթօն, [[Երուանդ Օտեան|Օտեան]], Միւհենտիսեան, Քէօչէեան, Նեւրուղեան, [[Նահապետ Ռուսինեան|Ռուսինեան]] եւ ուրիշ անձնաւորութիւններ։ Ասոնք ուսումանկան յանձնաժողով մը ունէին իբր իրենց օժանդակ, որուն մաս կը կազմէին՝ [[Թորոս Նազարեան]], Մ․ Մարուեան, [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան|Մ․ Պէշիկթաշլեան]], [[Յակոբ Ոսկան]], Սրապիոն Հէքիմեան, Ս․ Փափազեան, Նոյպէս զանազան թաղերու մէջ մասնաժողովներ ունէր, որոնք ձրի դասախօսութիւններ կ՛ընէին։ Այս ընկերութիւնը թերթին երկրորդ շրջանի առաջին թիւը կը հրատարակէ [[1862]] [[Ապրիլ 30]]–ին։
 
Տարաժամ մահը՝ Գաբրիել Երանեանի, ընտիր դասատու երաժշտութեան, Հոկտեմբերի 13–րդ օրը վերածեց՝ սգոյ օրի մեր երաժշտաց դասուն համար։