«Երգիծանք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 3.
'''Երգիծանք''' ([[գրականութեան]] եւ [[արուեստի]] իրականութեան գեղարուեստական արտացոլման իւրայատուկ տեսակ։ Երգիծական ստեղծագործութեան հիմքին մէջ դրուած է կոմիկականի գեղագիտական կ'ատեգորիան։
== Էութիւն ==
Գրականութեան մէջ մնացած հնագոյն ձեւերէն է, որ փոխանցուած է յոյներէն: Նախնական ձեւերը նկատուած են հին թատերգութեան (յատկապէս կատակերգութեան) մէջ եւ ժողովրդական տօնակատարութեանց ժամանակ: Յոյները ունէին առասպելական սաթիրոսներ (խեղկատակ չաստուածներ) ցից մազերով, այծի ոտքերով: Ասոնք գրեթէ միշտ ծաղրական դեր կը կատարին: Բայց այդ ձեւը որդեգրուեցաւ գրական միւս ձեւերուն մէջ՝ առակէն սկսեալ մինչեւ արձակի եւ քերթուածի զանազան ձեւերը:
Երգիծանքի միջոցով կը ծաղրուին առանձին անձնաւորութիւններ, երեւոյթներ, կենցաղային խորթ սովորոյթներ եւ այլն: Հայ գրականութեան յայտնի երգիծաբաններն են Յ. Պարոնեան, Ե. Օտեան: Առաջինին գրեթէ ամբողջական գործը կը բովանդակէ երգիծաբանական ոճ:
Երգիծաբանութիւնը, քննադատելու, ծաղրելու աստիճաններով տարբեր կ'ըլլայ: Սուր երգիծանքը եւրոպական գրականութեան մէջ կը կոչուի սաթիր: Կայ պարսաւ (բանֆլէ), որուն որուն բովանդակութիւնը սուր, մերկացնող շարադրանք մըն է որեւէ անձի մը հանդէպ (յիշեցէ՛ք Մ. Նալբանդեանի «Երկու տող» բանֆլէ-ն՝ ուղղուած Գաբրիէլ Եպիսկոպոս Այվազեանի դէմ):
Երգիծանքը կ'օգտագործուի հաւասարապէս ե՛ւ արձակ, ե՛ւ չափածոյ գրականութեան մէջ:
Երգիծանք կ՛ենթադր է կեանքի այնպիսի կողմէր, որոնք իրենց թերութիւններով հիմք կու տան ծիծաղի համար։ Երգիծանք կ՛օգտուի չափազանցման, գրոտեսկի, այլաբանութեան եւ գեղարուեստական պայմանականութեան այլ միջոցներեն։ Հասարակական-գեղազիտական բարձր իդէալի դիրքերեն այն կը դատապարտ է արատաւոր երեւոյթը։ Երգիծանքին մէջ իդէալը կ՛արտայայտուի բացասականի ժխտմամբ։ Ատով իսկ այն կը դառնա հնի եւ յետադիմականի դէմ մղուող պայքարի զէնք։ Գեղարուեստին մէջ որոշ ժանրեր, գրեթէ պարտադրաբար, կապուած են կեանքի երգիծական ընկալման հետ, օրինակ, կատակերգութիւնը, [[վոեւդիլը]], [[առակը]], [[ֆելիետոնը]], [[պամֆլետը]] գրականութեան մէջ եւ թատրոնին մէջ, [[ծաղրանկարը]], շարժը՝ [[կերպարուեստին]] մէջ։
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Երգիծանք» էջէն