«Երեւակայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Երևակայություն}}
{{Կը խմբագրեմ|Շահէն Ա}}
'''Երեւակայութիւն''', որ նաեւ կը կոչուի երեւակայելու ընդունակութիւն, նոր պատկերներ եւ զգացողութիւններ ձեւաւորելու կարողութիւնն է, որոնք չեն ընկալուիր զգայարաններու միջոցով` [[Տեսողութիւն|տեսողական]], լսողական կամ այլ զգայարաններու միջոցով: Երեւակայութիւնը գիտելիքները կը դարձնէ կիրառելի խնդիրներ լուծելու ժամանակ եւ կարեւոր է փորձ ձեռք բերելու եւ սորվելու գործընթացի համար: <ref name="Norman2000">Norman 2000 pp. 1-2</ref><ref name="Sutton-Smith88">[[Brian Sutton-Smith]] 1988, p. 22</ref><ref>[[Archibald MacLeish]] 1970, p. 887</ref><ref name="Egan92">[[Kieran Egan (educationist)|Kieran Egan]] 1992, pp. 50</ref> Երեւակայութիւնը զարգացնելու հիմնական միջոց կը հանդիսանայ [[պատմութիւն]]ներ լսելը,,<ref name="Norman2000"/><ref>[[Northrop Frye]] 1963, p. 49</ref> ուր ընտրուած բառի ճշգրտութիւնը կարեւոր գործօն է «յօրինուած աշխարհներու» համար: <ref>As noted by [[Giovanni Pascoli]]</ref> Երեւակայութիւնը "թաքնուած" պատկերներու կամ զգացողութիւններու ձեւաւորում է, որոնք տեղի կ'ունենան առանց որեւէ մէկուն [[Իմացութիւն|իմացութեան]]: Անհատը կրնայ երեւակայել` ըստ տրամադրութեան, որ կրնայ լաւ կամ վատ ըլլալ` կախուած իրավիճակէն իր: Որոշ մարդիկ կ'երեւակայեն, որպէսզի դուրս գան լարուածութենէն կամ մռայլ տրամադրութիւններէ: Այն ընդունուած է իբրեւ ներքին կարողութիւն եւ մտքին մէջի շրջակայ միջավայրի ընկալման զգացումէն բխած տարրերէն մասնակի կամ ամբողջական անձնական ոլորտներ ստեղծելու գործընթաց: Այս բանը արհեստագիտապէս կը կիրառուի [[Հոգեբանութիւն|հոգեբանութեան]] մէջ մտքին մէջ ինչ որ բան վերականգնելու գործընթացի համար` ընկալուող առարկայ կամ պատկեր, որ նախկինին մէջ եղած է իմաստային ընկալման մէջ: Քանի որ երեւակայութեան նմանատիպ կիրառումը կը հակասէ սովորական [[Լեզու (արեւմտահայերէն)|լեզուին]], որոշ հոգեբաններ նախընտրած են այն նկարագրել որպէս «պատկերում» կամ «պատկերներ», կամ խօսիլ անոր մասին որպէս «վերարտադրողական»-ի` ի տարբերութիւն «արտադրողական» կամ «կառուցողական» երեւակայութեան: