«Երուանդաշատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Երուանդաշատ,''' Երուանդայ գաւառ կամ Մարմէտ, Այրարատայ Արշարունեաց գաւառտ կամ Երուանդ Բ. թագ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

16:10, 21 Նոյեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Երուանդաշատ, Երուանդայ գաւառ կամ Մարմէտ, Այրարատայ Արշարունեաց գաւառտ կամ Երուանդ Բ. թագաւորի անուամբ կոչուած Երուանդայ գաւառի մէջ կառուցուած էր հին արքայանիստ մայրաքաղաքս, Երասխայ ձախ Ախուրեանի արեւմտեան կողմը: Խորենացին (Բ.ԼԹ) քաղաքիս շինութեան պատճառը եւ շինութեան նկարագրութիւնը հետեւեալ տողերու մէջ կը ստորագրէ. «Յաւուրս սորա (Երուանդ Բ.) փոխին արքունիքն յԱրմաւիրն անուանեալ բլրոյն. Քանզի էր հեշացեալ գետն Երասխ, եւ յերկարել ձմերայնոյն, եւ ի դառնահոտ փչմանէ հիւսիսոյ պաղացեալ ձուլեալ վտակն, ոչ ուստեք արբուցումն բաւական թագաւորականի գտանէր տեղւոյ»: Երուանչ նեղուած՝ արքունիքը արեւմտեան կողմը բլուրին մը վրայ կը փոխադրէ. կը պատսպատէ բլուրը եւ միջնաբերդը կ’ամրացնէ բարձըր պարիսպներով եւ պղնձեայ դռներ դնելով: Երուանդ՝ այս ամէն ամրութիւններով ու որոգայթներով չկարողացաւ իր փափագին հասնիլ, վասնզի թագաւորութեան օրինաւոր ժառանգն Արտաշէս Բ., իր Այրաքաջ Սմբատ սպարապետին ձեռքով, յաղթեց Երուանդայ փանակին Երուանդավան կոչուած տեղը, եւ հալած քշեց զինքը, մինչեւ իր քաղաքը ուր զինուորէ մը սպանուեցաւ Երուանդ եւ իր մահուամբը մարեցաւ ու նսեմացաւ նաեւ քաղաքիս փառքը, վասնզի Արտաշէս Բ. Արտաշատը շինելէ վերջ, Երուանդաշատի արքունի վայելչութիւնները եւ գահը հոն փոխադրեց: Իսկ Երուանդայ շէնքերը՝ արքունի կալուածք եղան. զորս յետոյ մեծն Տրդատ պարգեւեց Կամսարականաց ցեղին. որոնք իրենց իշխանական աթոռը հաստատեցին քաղաքիս մէջ: Թէեւ քիչ ժամանակ վերջը՝ Տրդատայ թոռնորդին Արշակ Բ. յափշտակեց Երուանդաշատը Կամսարականներէն, բայց իրմէ զօրաւորն ալ եւ իր անհաշտ թշնամին Շապուհ Պարսից թագաւորը իր ձեռքէն առաւ, եւ բոլոր շէնքերը կործանել տուաւ, գերի տանելով, ըստ Բուզանդայ. «երդս քսան հազար Հայ եւ երդս երեսուն հազար Հրեայ, եւ զքաղաքն ի հիմնաց տապալեալ բրեալ յատակէին»: Հաւանական է այս աւերումէն վերջ, լքեալ աւերակ մնացած ըլլայ ճարտարարուսետ եւ ամուր բերդը, վասնզի ալ չի յիշուիր Հայոց ամրոցներու եւ զօրանիստ վայրերու կարգին մէջ: Բայց քաղաքը վերսաին շինուեր եւ դարձեալ Կամսարականներու ոստան եղեր է մինչեւ Ը. դար, կոչուելով ուրիշ անուամբ ՄԱՐՄԷՏ, որ ծագած է Մար-Ամատ Պարսիկ կոչումէն: Քաղաքս ստէպ Խորենացիէն եւ ուիշներէ կոչուած է նաեւ Երուանդայ քաղաք, եւ ամրոցին գրից պատճառաւ՝ Երուանդաքար եւս կոչուած է: Մարմէտ անուամբ կը յիշուի Բագնայրի արձանագրութենց մէջ. ԺԳ. գարու սկիզբ 1209ին, Խաչերս անուամբ Լօռեցի ոմն Աբրահամու որզի, Ս. Աստուածածին վանաց կը նուիրէ իրեն այգին, եւ Սարգիս անուամբ մէկն ալ նոյն դարուն մէջ՝ կը նուիրէ իրեն «այգին որ ի Մարմէտ՝ ի վերայ Երասխայ»: Անանիա Շիրակացին եւս երկու անգամ կը յիշէ Մարմէտ անունն իր համարոզական գրոց մէջ: Չի գիտցուիր թէ ե՞րբ բոլորովին անչքացաւ քաղաքս, բայց կը թուի վերջին դարուց մէջ, Թուրքաց եւ Պարսից պատերազմաց միջոց: Այս կողմերս առաջին անգամ խնամքով քննած է Տիւպուա Հելուետիացին, որ միայն Երուանդաշատը կը շփոթէ Երուանդակերտի հետ: Ձանկալի էր եւ արժանի է քաղաքիս վայրը նորանոր քննութեանց եւ պեղմանց: Բերչի քարաբլրան մօտ ուրիշ բլրակ մը, ուր կան շատ գերեզմաններ: 733 էջի պատկերը կը ներկայացնէ Երուանդաշատի մօտ գտնուած մահարձան մը 1425 թուականաւ արձանագրուաթեամբ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 733: