«Երուխան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Յաւելումներ կատարուած են Պուլկարիոյ գործունէութեան բաժնին մէջ։
ՉNo edit summary
Տող 11.
[[1889]]-ին գրական ու լրագրական փորձեր ընելէ ետք «Ծաղիկ» հանդէսին եւ «Ճերիտիէ շարգիէ» հայատառ թրքերէն թերթին մէջ, [[1890]] թուականի վերջաւորութեան կը մտնէ «[[Արեւելք (օրաթերթ)|Արեւելք]]» օրաթերթ որպէս խմբագրի օգնական։
 
Մայիս [[1890]]-ին իր «Պապուկը» նորավէպը, գնահատուելէ ետք [[Արփիար Արփիարեան|Արփիարեան]]ի կողմէ, լոյս կը տեսնէ «Արեւելք»ի մէջ։ Կը շարունակէ արտադրել նորավէպեր եւ պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէն, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւններ՝ ֆրանսական վէպերու եւ վիպակներու, որոնք թերթօնով լոյս կը տեսնեն։ [[1896]]–ի ջարդերու տարին, [Պուլկարիա]] կ՚անցնի, ուր ուսուցիչ կ՚ըլլայ։ [[1897]]-[[1899]]-ին կ՚աշխատակցի [[«Բիւզանդիոն»]] օրաթերթին՝ կեղծանուններով, մինչեւ որ համիտեան գրաքննութիւնը կը յայտնաբերէ իր անունը եւ կը ստիպուի դադրեցնել աշխատակցութիւնը։ [[1898]]-[[1899]]-ին հիմնադիրներէն ու խմբագիրներէն է Վառնայի «Շարժում» թերթին, իսկ [[1900]]-[[1901]]-ին կը հրատարակէ «Շաւիղ» կիսամսեան։ [[1904]]–ին կը փոխադրուի [[Եգիպտոս]], նոյն զոյգ ասպարէզներուն մէջ գործելով ։
 
[[Օսմանեան կայսրութիւն|Օսմանեան]] Սահմանադրութեան ժամանակ, ուրիշ շատերու պէս, կը վերադառնայ Պոլիս ընտանիքին հետ (ամուսնացած էր Եգիպտոս)։ Հայերէնի ուսուցիչ կ՛ըլլայ Պոլսոյ Կեդրոնակաան Վարժարանին մէջ, որուն ուսումը, ատենին, պարագաներու ստիպողութեամբ կէս ձգած էր։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Երուխան» էջէն