«Եւպատորիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եւպատորիա''', գլխաւոր քաղաք համանուն գաւառին, Ղրիմու թերակղզւոյն հարաւ արեւստեան կողմը. Սիմ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

11:48, 8 Օգոստոս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եւպատորիա, գլխաւոր քաղաք համանուն գաւառին, Ղրիմու թերակղզւոյն հարաւ արեւստեան կողմը. Սիմֆերոպոլէն 68 հյրմ. հեռու, հիւսիս արեւմտեան կողմը: Բնակիչք կը հաշուուին մօտ 20000, ռուս, յոյն, կարայիմ, թաթար, հայ եւ հրեայ: Ամառներն 5000-6000 հոգի, աւելի հայ եւ ռուս ընտանիքներ՝ Ռուսաստանէն հոս կու գան ծովու եւ օդափոխութեան համար. Վասն զի քաղաքիս օդը սքանչելի է եւ ծովը շատ օգտակար. Մանաւանդ յօդացաւի բուժիչ Սասխ լճովը՝ համայն Ռուսիոյ մէջ անուանի եղած է, մինչեւ անգամ անդամալոծներ ու կաթուածահարներ առողջացած են: Կան հիւրանոցներ եւ տուներ՝ որոնց վարձքը, ամառը խիստ ծանրագին է: Ամբողջ ծովեզերքը լի է մաքուր տուներով եւ տարուէ տարի նորանոր շէնքերով կը զարդարուի քաղաքս: Ի հնումն Թաթարներէն Կէօզլէվ կը կոչուէր եւ Եւպատորիա անունն դրուեցաւ 1784ին Ռուսաց կայսրուհի Եկատերինա Բ.էն: Թաթար խաներու ժամանակ, սա եղած է Ղրիմու ամենաբարգաւաճ քաղաքը ու նաւահանգիստը: Նշանաւոր էին հին հինգ մեծ դռներով բերգը եւ բազմաթիւ մզկիթներն՝ որոնցմէ ոմանք տակաւին կը մնան, եւ նշանաւոր է մին 1552ին կառուցուած՝ Կ. Պոլիս Ս. Սոփիայի նմանութեամբ եւ շատ գեղեցիկ ճարտարապետութեամբ: Թաթարաց ուրիշ քաղաքներու նման պարսրարատ էր, բերդն ունէր լայն խրամ, զոր յետոյ Ռուսները լեցուցին եւ բերդը քանդեցին: Քաղաքիս մէջ իւրաքանչիւր ազգ ունի իր եկեղեցին, մզկիթն կամ ժողովարանն: Կան վաճառատուններ, պազարներ, բաղնիքներ եւայլն: Հ. Բժշկեան՝ իւր այցելութեանց մէջոց քաղաքիս մէջ 90 տուն հայ գտած է, որոնց թիւն այժմ նուազ է: Կը պարապին վաճառականութեամբ եւ ունին Ս. Նիկողայոս անուամբ մեծ ու գեղեցիկ եկեղեցի մը: Կան նաեւ քանի մը տուն Կաթուղիկեայ Հայք եւ ունին մատուռ մը: Եւպատորիա՝ քաղաքի մը յատուկ ամէն տեսակ համարակաց շինութիւններ եւ զբօսանաց վայրեր ունի: Գլխաւոր առեւտրոյ նիւթն է ազը, որ մերձակայ աղայի լճերէն կը հանուի տարին միլիոն փութէն աւելի. կ’արտածեն նաեւ ցորեն, գարի, կաշի, բուրդ եւայլն:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 749 :