«Զաքարեան Իշխանապետութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: կ: → կ։ (16)
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: կ՝ա → կ՝ ա (3) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 8.
Կաթողիկոսական աթոռը յայտնուած էր դեգերումներու մէջ եւ որոշ շրջան մը հանգրուանած է բուն Հայկական լեռնաշխարհէն դուրս՝ [[Եփրատ գետ (արեւմտահայերէն)|Եփրատ]]ի ափին գտնուող Հռոմկլա ամրոցին մէջ։ Ան յետագային կը մտնէ նորաստեղծ հայկական պետութեան՝ [[Կիլիկիա (արեւմտահայերէն)|Կիլիկիոյ]] թագաւորութեան կազմին մէջ։ Բուն Հայաստանի մէջ հայկական հողերը միաւորելու, հայ ազնուական ու հոգեւորական վերնախաւը վերամիաւորելու եւ ժողովուրդին խաղաղ զարգացումն ապահովելու համար Զաքարեանները կը զինակցին հայկական ծագում ունեցող Բագրատունիներուն հետ։ Վերջիններս [[Վրաստան (արեւմտահայերէն)|Վրաստան]]ի մէջ հասած էին թագաւորական աստիճանի եւ կառավարած աւելի քան մէկ հազարամեակ (9-11-րդ դարեր): Կը յաջողուի ազատագրել Հայաստանի հիւսիսային, արեւելեան եւ կեդրոնական հատուածները։
Զաքարեաններու օրով վերջին անգամ հայ ժողովուրդը իր տարածքին մէջ կը յաջողի ստեղծագործական աշխատանքի անցնիլ։ Կը կառուցուին նորանոր [[Վանք (արեւմտահայերէն)|վանք]]եր եւ [[Եկեղեցի (արեւմտահայերէն)|եկեղեցի]]ներ, [[Ամրոց (արեւմտահայերէն)|ամրոց]]ներ ու [[Բերդ (արեւմտահայերէն)|բերդ]]եր, շունչ կը տրուին հայկական միջնադարեան քաղաքներուն։ Որպէս քաղաք՝ նոր զարգացում կ՝ապրիկ՝ ապրի [[Երեւան]]ը: Անոնց թուլացմանն ու անկման զուգընթաց, հայ ժողովուրդը կը սկսի արտագաղթել հայրենիքէն, կ՝առաջանան միջնադարեան գաղթավայրեր [[Եւրոպա]]յի եւ [[Ասիա (արեւմտահայերէն)|Ասիոյ]] մէջ։ Հայաստանի մէջ մէկը միւսին կը յաջորդէ մոնղոլ-թաթարներու, Քարաքոյունլու եւ Աքքոյունլու թուրքմէններու, [[Օսմանեան կայսրութիւն|օսմանեան]] թուրքերու եւ պարսիկներու տիրապետութիւնը։ Բնակութիւն կը հաստատեն բազմաթիւ քրտական ու թուրքական ցեղեր։
 
== Զաքարեաններու Ծագումը ==
Տող 15.
11-րդ դարու վերջերը սկսաւ Սելճուքեան սուլթանութեան թուլացումն ու տրոհումը։ Գահակալական անվերջ կռիւներէն ու խռովութիւններէն մեծապէս կը տուժէին նուաճուած երկիրները։ Սելճուքեան պետութեան քայքայման պայմաններուն մէջ հայկական թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները հերոսական պայքարի շնորհիւ վերականգնեցին իրենց անկախութիւնը եւ ընդարձակեցին իրենց տիրոյթները։
 
[[Լոռի (արեւմտահայերէն)|Լոռի]]ի Թագաւորութեան մէջ 12-րդ դարու սկիզբը կ՝իշխէինկ՝ իշխէին Դաւիթ եւ Աբբաս եղբայրները, իսկ Սիւնիքի մէջ՝ Գրիգոր թագաւորը։ Հայկական իշխանութիւններէն [[Արծրունիներ (արեւմտահայերէն)|Արծրունիներ]]ու տոհմի մէկ ճիւղը կը տիրէր [[Աղթամար կղզի (արեւմտահայերէն)|Աղթամար կղզի]]ն: Այդ իշխանութիւնը ետ կը մղէր թշնամիներու յարձակումները եւ իր տիրապետութեան տակ կը պահէր Աղթամարն ու շրջակայ գաւառները։ [[Սասուն (արեւմտահայերէն)|Սասուն]]ի Թոռնիկեաններու իշխանութիւնը միակն էր Հարաւային Հայաստանի մէջ, որ Մանազկերտի ճակատամարտէն ետք պահպանեց իր անկախութիւնը։ Բացի Սասունէն Թոռնիկեանները կը տիրէին [[Արածանի (արեւմտահայերէն)|Արածանի]]ի միջին հոսանքի մէջ գտնուող գաւառներուն։ Սասունի իշխանութիւնը 12-րդ դարուն իր շուրջը համախմբած էր շրջակայքի աւելի փոքր հայկական իշխանութիւններըեւ կը գլխաւորէր ազատագրական պայքարը։ Թոռնիկեան իշխանը, կամ ինչպէս արաբներ կ՝անուանէինկ՝ անուանէին զինք «Սասունի թագաւորը» կարող էր պատերազմական դաշտ դուրս բերել քանի մը տասնեակ հազարանոց զօրք։
 
{{ՀՀՀ}}