«Զէյթուն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} մինի|աջից| Զէյթունը [[Մեծ եղեռնի նախաշեմին]] '''Զէյթուն''', քաղաք Կիլիկիո...»:
 
No edit summary
Տող 2.
 
[[Պատկեր:Zeytun town in 1915.jpg|մինի|աջից| Զէյթունը [[Մեծ եղեռն]]ի նախաշեմին]]
'''Զէյթուն''', քաղաք Կիլիկիոյ[[Կիլիկիա (արեւմտահայերէն)|Կիլիկի]]ոյ մէջ ։ Կը գտնուի Մարաշէն[[Մարաշ (արեւմտահայերէն)|Մարաշ]]էն 38քմ հիւսիս–արեւմուտք, շրջապատուած է բարձր լեռներով, կազմելով բնական պարիսպներ:Զէյթուն կը հոսին Ջահան գետի վտակները, որոնք սկիզբ կ'առնեն Տաւրոս Լեռնաշղթայէն։Գետերը հարուստ են ձուկերով(կարմրախայտ եւ այլն)։
 
== Կլիմայ==
Տող 11.
 
== Պատմութիւն ==
[[1045]]-ին Անի քաղաքէն եւ Բագրարունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք,մաս մը գաղթականներ կու գան ու կը բնակին Ուլնիա, այսինքն՝ Զէյթուն։ Զէյթուն՝ բաժնուած էր չորս թաղերու, որոնք կը կառավարուէր չորս իշխաններով։Օսմանեան պետութիւնը տուրքեր գանձելու պարտականութիւնը տուած էր թիւրքմէն պէյերու, ու զէյթունցիները միշտ վէճի մէջ էին այս ուղղութեամբ, աւելի իրաւատէր ըլլալու համար։1852ինհամար։[[1852]]ին թուրք կառավարութիւնը Մարաշի կուսակալներուն յանձնեց տուրքերը ուղղակի գանձելու պարտականութիւնը։
Զէյթունցիները մերժեցին վճառել։ Նոյն ժամանակներուն, թուրք գիւղացիները հողի խնդիրով իրարու հետ կռիւի կը բռնուին։ Հակառակ զէյթունցիներու բողոքին եւ ֆրանսական հիւպատոսին միջնորդութեան, կուսակալը կատղած՝ ժողովի կը կանչէ իր խորհրդականները եւ պատերազմ կը յայտարարէ։Ազիզ փաշան առաջին հերթին իսկոյն փակել կու տայ Զէյթունի ճամբաները։ 9000 չերքեզ ու թիւրքմէն անկանոն զինուորներ կը մտնեն Զէյթունի շրջակայ գիւղերը՝ այրելով տուն, եկեղեցի եւ սպաննելով պատահական հայեր։Նոյն տարուան Օգոստոս 2ին, Ազիզ փաշայի 10 հազար հոգինոց բանա-կի, զինուած թնդանօթներով եւ հրացաններով, կը պաշարէ քաղաքը եւ կ՚անցնի սրբազան պատերազմի։ Զէյթունցիները ժայռերու ետեւէն եւ խրամատներու մէջէն կատաղի կերպով կրակ կը բանան, անընդհատ հնչեցնելով քաղաքին զանգակները։ Թուրք խուժանը կը սկսի սարսափած փախչիլ հայկական գնդակներուն տարափէն։ Զէյթունցիները կը հասնին Ազիզ փաշայի դիրքերը, սակայն փաշան ձի նստելով խոյս կու տայ մահուան ժանիքներէն։
Փախչողները այնքան սարսափած էին, որ Զէյթուն-Մարաշ 12 ժամուան ճամբան կը կտրեն 5 ժամէն։Ազիզ փաշային պարտութեան լուրը կը հասնի Պոլիս, եւ Բարձրագոյն Դուռըզինք պաշտօնանկ կ՚ընէ, անոր տեղը նշանակելով Աշիր փաշան, որուն կու տայ ապստամբներուն դէմ նոր արշաւանքի հրահանգ։ Սուլթան Ապտիւլ Մէճիտ կը հրամայէ 100 հազար հոգինոց բանակ մը պատրաստել, զսպելու համար անյաղթ Զէյթունը։Տասը տարի լռութիւն կը տիրէ Զէյթունի մէջ։ Զէյթունցիները [[1873]]-ին յարձակելով կը կործանեն պետական շէնքը եւ կը քշեն քաղաքապետը իրենց քաղաքէն. Մարաշի կուսակալը կանոնաւոր եւ անկանոն բանակով կ՚արշաւէ դէպի Զէյթուն ու կ՚աւերէ շատ մը հայ գիւղեր, բայց իրենց դէմ կը գտնէ քաջարի իշխան Պապիկ Ենիտիւնեայեանը, որ կը ցրուէ այդ խուժանը։ Տասը ամիս յետոյ փաշան կրկին կը փորձէ գրաւել արծուեբոյնը ու այս անգամ իր դիմացը կը գտնէ Ֆրնուզ գիւղի վանահայր, Նիկողոս եպիսկոպոսը՝ քաջարի խումբերով։ Կատաղի կռիւէ մը ետք, թուրքերը կը նահանջեն պատերազմի դաշտին վրայ։
Զէյթուն քանի մը տարիներ կը մնայ անկախ։ [[1878]]-ին, ռուս-թրքական պատերազմը ծագելով, Բարձրագոյն Դուռը կը նախընտրէ հաշտուիլ զէյթունցիներուն հետ։ Մարաշի Անգլիոյ հիւպատոսին միջամտութեամբ եւ սուտ յորդորներով կը համոզեն պարզամիտ լեռնականներուն, որոնք յանձն կ՚առնեն իրենց քաղաքին վերեւ 800 զինուորներու համար
զօրանոցի մը շինութիւնը։ Փոխարէնը, զէյթունցիները պիտի ստանային տուրքերու նուազում, բանտարկեալներու ազատութիւն, ներում եւ հազար հրացան։1895հրացան։[[1895]]-ին տեղի կ՚ունենայ ապստամբութիւն, Թուրքիոյ մէջ հայերու զանգուածային ջարդերու ահաւորութեան տակ։ Զէյթունցիները կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան։ 1895 Հոկտեմբերին անոնք, իշխան Ղազար Շովրոյեանի եւ Աղասի Թուրսարգիսեանի գլխաւորութեամբ, կ՚ապստամբին եւ զինաթափ կ՚ընեն թուրք խուժանները։ Սակայն, Նոյեմբերին Ատանայէն եւ Մարաշէն Զէյթուն կը հասնին շուրջ 50-60 հազար թուրք զինուորներ։ Նոյեմբերի վերջաւորութեան, մինչեւ Դեկտեմբեր, բազմիցս կը փորձեն մտնել 6000 արծիւներով պաշտպանուած քաղաքը։ Աւելի քան երկու ամիս զէյթունցիները բուռն պայքար կը մղեն թուրք զինուորներուն դէմ։ [[1896]] Յունուարին, մեծ
պետութիւններու միջամտութեամբ, թրքական զօրքերը կը հեռանան Զէյթունի սահմաններէն՝ ներում շնորհելով Զէյթունի գիւղացիներուն, նշանակելով քրիստոնեայ կառավարիչ մը։
Զէյթունցիները միշտ պատրաստ վիճակի մէջ գտնուելով, Մեծ Եղեռնի ընթացքին անվախօրէն վերստին կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան, սակայն այս անգամ անյաջող աւարտով մը։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Զէյթուն» էջէն