«Զէյթուն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 15.
Փախչողները այնքան սարսափած էին, որ Զէյթուն-Մարաշ 12 ժամուան ճամբան կը կտրեն 5 ժամէն։Ազիզ փաշային պարտութեան լուրը կը հասնի Պոլիս, եւ Բարձրագոյն Դուռըզինք պաշտօնանկ կ՚ընէ, անոր տեղը նշանակելով Աշիր փաշան, որուն կու տայ ապստամբներուն դէմ նոր արշաւանքի հրահանգ։ Սուլթան Ապտիւլ Մէճիտ կը հրամայէ 100 հազար հոգինոց բանակ մը պատրաստել, զսպելու համար անյաղթ Զէյթունը։Տասը տարի լռութիւն կը տիրէ Զէյթունի մէջ։ Զէյթունցիները [[1873]]-ին յարձակելով կը կործանեն պետական շէնքը եւ կը քշեն քաղաքապետը իրենց քաղաքէն. Մարաշի կուսակալը կանոնաւոր եւ անկանոն բանակով կ՚արշաւէ դէպի Զէյթուն ու կ՚աւերէ շատ մը հայ գիւղեր, բայց իրենց դէմ կը գտնէ քաջարի իշխան Պապիկ Ենիտիւնեայեանը, որ կը ցրուէ այդ խուժանը։ Տասը ամիս յետոյ փաշան կրկին կը փորձէ գրաւել արծուեբոյնը ու այս անգամ իր դիմացը կը գտնէ Ֆրնուզ գիւղի վանահայր, Նիկողոս եպիսկոպոսը՝ քաջարի խումբերով։ Կատաղի կռիւէ մը ետք, թուրքերը կը նահանջեն պատերազմի դաշտին վրայ։
Զէյթուն քանի մը տարիներ կը մնայ անկախ։ [[1878]]-ին, ռուս-թրքական պատերազմը ծագելով, Բարձրագոյն Դուռը կը նախընտրէ հաշտուիլ զէյթունցիներուն հետ։ Մարաշի Անգլիոյ հիւպատոսին միջամտութեամբ եւ սուտ յորդորներով կը համոզեն պարզամիտ լեռնականներուն, որոնք յանձն կ՚առնեն իրենց քաղաքին վերեւ 800 զինուորներու համար
զօրանոցի մը շինութիւնը։ Փոխարէնը, զէյթունցիները պիտի ստանային տուրքերու նուազում, բանտարկեալներու ազատութիւն, ներում եւ հազար հրացան։ [[1895]]-ին տեղի կ՚ունենայ ապստամբութիւն, Թուրքիոյ մէջ հայերու զանգուածային ջարդերու ահաւորութեան տակ։ Զէյթունցիները կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան։ 1895 Հոկտեմբերին անոնք, իշխան Ղազար Շովրոյեանի եւ Աղասի Թուրսարգիսեանի գլխաւորութեամբ, կ՚ապստամբին եւ զինաթափ կ՚ընեն թուրք խուժանները։ Սակայն, Նոյեմբերին Ատանայէն եւ Մարաշէն Զէյթուն կը հասնին շուրջ 50-60 հազար թուրք զինուորներ։ Նոյեմբերի վերջաւորութեան, մինչեւ Դեկտեմբեր, բազմիցս կը փորձեն մտնել 6000 արծիւներով պաշտպանուած քաղաքը։ Աւելի քան երկու ամիս զէյթունցիները բուռն պայքար կը մղեն թուրք զինուորներուն դէմ։ [[1896]] Յունուարին, մեծ
պետութիւններու միջամտութեամբ, թրքական զօրքերը կը հեռանան Զէյթունի սահմաններէն՝ ներում շնորհելով Զէյթունի գիւղացիներուն, նշանակելով քրիստոնեայ կառավարիչ մը։
Զէյթունցիները միշտ պատրաստ վիճակի մէջ գտնուելով, Մեծ Եղեռնի ընթացքին անվախօրէն վերստին կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան, սակայն այս անգամ անյաջող աւարտով մը։
 
 
== Բնակչութիւն ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Զէյթուն» էջէն