«Զէյթուն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 11.
 
== Պատմութիւն ==
[[1045]]-ին Անի քաղաքէն եւ Բագրարունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք,մաս մը գաղթականներ կու գան ու կը բնակին Ուլնիա, այսինքն՝ Զէյթուն։ Զէյթուն՝ բաժնուած էր չորս թաղերու, որոնք կը կառավարուէր չորս իշխաններով։Օսմանեան պետութիւնը տուրքեր գանձելու պարտականութիւնը տուած էր թիւրքմէն պէյերու, ու զէյթունցիները միշտ վէճի մէջ էին այս ուղղութեամբ, աւելի իրաւատէր ըլլալու համար։ [[1852]]ին թուրք կառավարութիւնը Մարաշի կուսակալներուն յանձնեց տուրքերը ուղղակի գանձելու պարտականութիւնը։
Զէյթունցիները մերժեցին վճառել։ Նոյն ժամանակներուն, թուրք գիւղացիները հողի խնդիրով իրարու հետ կռիւի կը բռնուին։ Հակառակ զէյթունցիներու բողոքին եւ ֆրանսական հիւպատոսին միջնորդութեան, կուսակալը կատղած՝ ժողովի կը կանչէ իր խորհրդականները եւ պատերազմ կը յայտարարէ։Ազիզ փաշան առաջին հերթին իսկոյն փակել կու տայ Զէյթունի ճամբաները։ 9000 չերքեզ ու թիւրքմէն անկանոն զինուորներ կը մտնեն Զէյթունի շրջակայ գիւղերը՝ այրելով տուն, եկեղեցի եւ սպաննելով պատահական հայեր։Նոյն տարուան Օգոստոս 2ին, Ազիզ փաշայի 10 հազար հոգինոց բանա-կի, զինուած թնդանօթներով եւ հրացաններով, կը պաշարէ քաղաքը եւ կ՚անցնի սրբազան պատերազմի։ Զէյթունցիները ժայռերու ետեւէն եւ խրամատներու մէջէն կատաղի կերպով կրակ կը բանան, անընդհատ հնչեցնելով քաղաքին զանգակները։ Թուրք խուժանը կը սկսի սարսափած փախչիլ հայկական գնդակներուն տարափէն։ Զէյթունցիները կը հասնին Ազիզ փաշայի դիրքերը, սակայն փաշան ձի նստելով խոյս կու տայ մահուան ժանիքներէն։
Փախչողները այնքան սարսափած էին, որ Զէյթուն-Մարաշ 12 ժամուան ճամբան կը կտրեն 5 ժամէն։Ազիզ փաշային պարտութեան լուրը կը հասնի Պոլիս, եւ Բարձրագոյն Դուռըզինք պաշտօնանկ կ՚ընէ, անոր տեղը նշանակելով Աշիր փաշան, որուն կու տայ ապստամբներուն դէմ նոր արշաւանքի հրահանգ։ Սուլթան Ապտիւլ Մէճիտ կը հրամայէ 100 հազար հոգինոց բանակ մը պատրաստել, զսպելու համար անյաղթ Զէյթունը։Տասը տարի լռութիւն կը տիրէ Զէյթունի մէջ։ Զէյթունցիները [[1873]]-ին յարձակելով կը կործանեն պետական շէնքը եւ կը քշեն քաղաքապետը իրենց քաղաքէն. Մարաշի կուսակալը կանոնաւոր եւ անկանոն բանակով կ՚արշաւէ դէպի Զէյթուն ու կ՚աւերէ շատ մը հայ գիւղեր, բայց իրենց դէմ կը գտնէ քաջարի իշխան Պապիկ Ենիտիւնեայեանը, որ կը ցրուէ այդ խուժանը։ Տասը ամիս յետոյ փաշան կրկին կը փորձէ գրաւել արծուեբոյնը ու այս անգամ իր դիմացը կը գտնէ Ֆրնուզ գիւղի վանահայր, Նիկողոս եպիսկոպոսը՝ քաջարի խումբերով։ Կատաղի կռիւէ մը ետք, թուրքերը կը նահանջեն պատերազմի դաշտին վրայ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Զէյթուն» էջէն