«Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
"Զմմառու_Միաբանութիւն.jpg" Ֆայլը Ջնջվել է: Վիքիպահեստում՝ JuTa մասնակցի կողմից: Պատճառը սա է՝ No permission since 12 April 2015:
Չ լեզվի կաղապար
Տող 1.
{{ԱՀ}}
 
 
 
'''Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւն''', Զմմառ, Լիբանան (1750-1753), Կաթողիկոսական Աթոռին կապուած միաբանութիւն, դպրեվանք:
Տող 8 ⟶ 6՝
 
Աբրահամ Պետրոս Ա. Կաթողիկոսի ժամանակ ([[1742]] - [[1749]]) պատրիարքական կղերը կազմուած էր Եպիսկոպոսներէ եւ մի քանի Անտոնեան կրօնաւորներէ, որոնք, 1750-ին Քրէյմի վանքէն փոխադրուեցան Զմմառու նորակառոյց վանքը: Հոն սկսան ապրիլ հասարակութեամբ, ինչպէս այդ ժամանակուան հայ վանքերու վարդապետները, ապա Միքայէլ Պետրոս Գ. Գասպարեան Կաթողիկոսի օրով է, որ կանոնական սահմանումը տեղի ունեցաւ:
 
 
Յակոբ Պետրոս Բ. Կաթողիկոսը ([[1749]] - [[1753]]) վանքին նիւթական կառուցուածքը աւարտելէ ետք,աշխատեցաւ ամրացնելու բարոյական կառուցուածքը, հիմերը նետելով կազմակերպուած հասարակական կեանքի մը Զմմառու վանքին մէջ:
Տող 19 ⟶ 16՝
*Քահանայական պաշտօն մատուցանել՝ ի ծառայութեան պատրիարքութեան, միաբանութեան եւ առաքելավայրերուն, ընդ իշխանութեամբ Պատրիարքին, Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդին եւ թեմերու առաջնորդներուն, ըստ իւրաքանչիւրին իրաւասութեան:
*Միաբանութեան դպրեվանքին մէջ կազմել միաբանութեան նոր անդամներ եւ Կաթողիկոսին տրամադրութեան դնել զանոնք առաքելութիւններուն ի սպաս:
 
 
Առաջին օրէն, Զմմառու միաբանի յատկանիշը եղաւ՝ ցոյց տալ իր ամբողջական տրամադրելիութիւնը ծառայելու հայ ժողովուրդին ուր որ է, հետեւելով Կաթողիկոսին ուղղութիւններուն, որ ի կանոնէ միաբանութեան մեծաւորն է, նոյնիսկ եթէ ինք միաբան չէ: Կաթողիկոսը, արդարեւ, իր ընտրութեան օրն իսկ կը դառնայ միաբան եւ մեծաւոր միաբանութեան:
 
 
Իրենց հնազանդութեան ուխտին զօրութեամբ, Զմմառեանականները կրնան անձամբ սեպուիլ մնայուն կերպով զօրաշարժի ենթարկուած գունդ մը առաքեալներու, որոնք չեն կրնար մերժել իրենց առաջարկուած որեւէ առաքելութիւն, բացի երբ շատ լուրջ ու ծանր պատճառ մը ունին մերժելու:
 
 
Անոնք, իրենց ներդրումով ու անձնազոհողութեամբ, հերոսական դրուագներ արձանագրած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Փոքր Ասիոյ գաւառներո մէջ դիմագրաւած են եղբայրասպան կռիւներ, Կովկասի մէջ իրենց առաքելութիւնը կատարած են գաղտնաբար: Անոնցմէ շատեր աքսորուած, բանտարկուած կամ սպաննուած են:
Տող 33 ⟶ 27՝
 
Զմմառու միաբանութեան մեծաւորն է Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ կը կառավարէ միաբանութիւնը իր պատրիարքական փոխանորդով, որ իր կարգին, չորս վարչական հայրերու հետ միասին կը կազմեն վարչական խորհուրդը, որուն պարտականութիւններն են՝ մատակարարել վանապատկան ինչքերը ու հարստութիւնները, արժեւորել միաբանութեան բարոյական վաստակները, ոգեւորել անոր առաքելական խանդը, հրահրել անոր հոգեւոր աւանդը, պայծառացնել անոր ազգային ու մշակութային գանձերը եւ դերը, ամրապնդել անոր պատմական գոյատեւումը նոր միաբաններ պատրաստելով 21-րդ դարու հոգեւոր ու ազգային պահանջքներուն համաձայն:
 
 
Միաբանութիւնը կը կառավարուի յատուկ սահմանադրութեամբ վաւերացուած 24 Փետրուարին 1986-ին ինչպէս նաեւ կանոնական ընդհանուր ժողովներուն ցուցմունքներով եւ որոշումներով, որոնք կը գումարուին վեց տարին անգամ մը կամ երբ հարկ է Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ՝ միաբանութեան մեծաւորին եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու յատուկ արտօնութեամբ:
Տող 64 ⟶ 57՝
http://www.bzommarvank.org/
http://www.armeniancatholic.org/inside.php?lang=am&page_id=4201 Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի]
 
[[Կատեգորիա:Հայ կաթողիկէ եկեղեցի]]
[[Կատեգորիա:Միաբանութիւններ]]