«Էմանուէլ Եսայեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եսայեան Էմանուէլ,''' թատերագիր եւ բանաստեղծ, շրջանաւարտ Վենետկոյ Ռափայէլեան վարժ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

21:07, 14 Հոկտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եսայեան Էմանուէլ, թատերագիր եւ բանաստեղծ, շրջանաւարտ Վենետկոյ Ռափայէլեան վարժարանէն, որ ժամանակին յարգուած դէմքերէն մէկն է. իր գրած «Հռիփսիմէ» ողբերգութիւնը 1872ին լոյս կը տեսնէր Կ. Պոլիս Արամեան տպարանէն.

Հայ բարբառին բիւրազացած մաքրութեան վրէժխնդիր մնացած էր. նորութեանց չափազանց հակառա էր. զուարճալի էր երբ Ռուսինեան կը կազմէր նորանոր բառեր. շատերէն մէկը՝ օր. Տիար բառը. Յակոբ Պլեան էֆ. զայն կ’ուզէ տարածել եւ ընդունիլ տալ. ասոր դէմ Եսայեան կ’ըմբոստանայ: Սակայն Պալեան էֆ. Օրթագիւղի թատրոնին մէջ դերասաններուն կը խոստանայ մէկ մէկ օսմանեան ոսկի ամէն անգամ որ «Պարոն»ի փոխարէն «Տիար» գործածեն: Գլխաւոր դերամաններն էին Հրաչեայ եւ Պետրոս Ադամեան, Պալեանի օթեակին մէջ այդ բառը գործածողներուն հաշիւը կը բռնէին: Հրաչեայ երբ առիթը կու գար պարոն ըսելու, կրկին շահելու համար կրկին կ’ արտասանէր տիա՜ր տիա՜ր: Հանդիսականց մէջէն ոտքի կ’ելլէր երիտասարդ մը, ուր բարձրաձայն կը գոչէր. — Պարո՜ն պարո՜ն:

Այդ երիտասարդը՝ Էմանուէլ Եսայեանն էր: Ան իր Վենետիկի դաստիարական Մխիթարեան մեթոտին հատաւալով, կ’ըսէր կը կը քարոզէր թէ՝ «աշխարհաբարը պէքտ է մաքրել ու ազնիացներ»: Եւ անդրադառնալով նորաձեւութեանց, կը գրէ. «Բաւական են մինչեւ ցարդ մեր մէջ երեւցած նորահնար հայերէն լեզուները յօրինելու անտեղի ջանքերը. մենք ունինք կայն արդէն շատ իսկ կատարեալ. նախ սորվինք զայն. ուսումնամիրենք եւ մշակենք: Խրատ ըլլան մեզ անօգուտ ճգունք Ռուսինեանի եւ այլոց նմանեաց որք անյաջողութեան մատնուեցան, նոյնիսկ ինքեանք հրաժարել պարտաւորուելով՝ ուղիղ զատողութեան հսսանքին առջեւ»:

Եսայեան իր աւագ եղբայրը կ’անուանէ սրապիոն Հէքիմեանը. հոս կ’արտագրեմ Սրապիոն Հեքիմեանի նուիրած նուագէ այն տողերն՝ ուր կը յայտնէ ան ինչ էր համոզումը իր գրչի երկու ընկերնեու մասին, ան կ’երգէ.

«Դու հեյ թատրոնին նախկին ետուր կեանք Պէշիքթեշլեանի ըներ ախոյեան, Իր հանճարով ի վեր քան զնա՝ Ներդաշնակ լեզուաւ լոկ յաղթէր քեզ նա»:

Եսայեան այդ իր տաղանդաւոր երկու ընկերներուն շաւղէն ընթանալով, գրեց իր ողբերգութիւնը «Արշակ-Գնէլ-Օլիմբիա» եռաբանութիւնը: Նոյն ոգւով եւ իր ընկերներուն ազգաշունչ խանդով երգեց իր «Մեծաձորի ներշնչմունք քերթուածները» Սակայն հարկ է ըսել որ թատերական գործին մէջ իր այն երկու երկերուն հաւասար չէ կրցած աշխատիլ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 691: