«Տիգրան Թապիպեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Տեղեկաքարտ Բժիշկ → Տեղեկաքարտ Բժիշկ (արեւմտահայերէն) oգտվելով ԱՎԲ
Չ փոխարինվեց: ` → ՝ (8) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 40.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնախ է 1858 թուականի Դեկտեմբեր 13-ին Անգարայի նահանգի Կեսարիոյ գաւառի կեդրոն՝ Կեսարիա քաղաքոին մէջ։ Նախնական ուսումն ստացած է Կեսարիոյ Աւետիսականաց վարժարանէն ներս։ Աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Այնթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի բժշկական բաժինը։ Այնուհետեւ մեկնած է ԱՄՆ եւ ուսանածէ [[Վերմոնթ]]ի բժշկական համալսարանէն ներս։ [[1890]] թուականին, ուսումն ավարտելով`ավարտելով՝ վերադարձած է ծննդավայր։ Կարճ ժամանակ Կեսարիոյ մէջ մնալէ ետք նշանակուած է Անգարայի քաղաքապետարանի բժիշկ։ Բացի այս պաշտօնէն, դարձած է նահանգապետ Ապետին փաշայի ընտանեկան բժիշկն ու բարեկամը։ Փաշայի միջնորդութեան շնորհիւ, խափանած է Անգարայի հայերու`հայերու՝ Եըլտըզէն հրահանգուած ջարդը, որուն պատճառով փաշան պաշտօնանկ եղած է։ Մեծ դեր կատարած է Գաղատիոյ (Անգարա) դատավարութեան հարցին մէջ։ Երբ ձերբակալուածներ պրոֆ. Թումայեանն ու Հայայեանը բերուած են Անգարա, անոնց մարմինները ամբողջովին ծածկուած եղած են ոստիկաններու խարազաններէն առաջացած կապտուկներով։ Ձեռքերու ու ոտքերու երկաթեայ շղթաները, քայքայելով փափուկ հիւսուածքները, հասած էին ոսկորներուն, որմէ՝ վերջոյթներու գանգրենայի վտանգ առաջացած էր։ Բժիշկը՝ Ապետին փաշայի հրամանով, անոնց վէրքերը բուժելու եւ բանտի պարտեզին մէջ անոնց ազատ շրջելու թոյլտուութիւն ստացած է։ Բժիշկի խնդրանքին ի պատասխան`պատասխան՝ փաշան խոստացած է ամէն ինչ ընել բանտարկեալներու կեանքը փրկելու համար։ Սակայն Պատերազմական ատեանը անոնց մահուան դատապարտած է։
 
[[1895]] թուականին ԱՄՆ կառավարութիւնը բժշկին նշանակած է Գաղատիայի պատուոյ հիւպատոս, սակայն սուլթան [[Ապտուլ Համիտ երկրորդ]]-ը մերժած է այդ նշանակումը`նշանակումը՝ հաշուի առնելով անոր հայկական ինքնութիւնը։ 1895 թուականէն սկսած՝ բժիշկը, [[Անատոլիա (արեւմտահայերէն)|Անատոլիոյ]] զանազան կողմերէն ստացած հարստահարութիւններու եւ ջարդերու տեղեկագրերը կանոնաւոր ձեւով յանձնած է եւրոպական երկրներու հիւպատոսներուն։ Բժիշկի միջնորդութեամբ՝ Անգարայի հայերու ջարդը չիրականացնելու պատճառով, Ապետին փաշան պաշտօնանկ եղած է, զոր վտանգած է նաեւ բժիշկի դիրքը։ Այդ պատճառով բժիշկը տեղափոխուած է Կ. Պոլիս եւ զբաղած միայն բժշկութեամբ։
 
1914 թուականին`թուականին՝ [[Առաջին համաշխարհային պատերազմ]]ի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Կ. Պոլսոյ զինուորական հիւանդանոցին մէջ բժիշկ ծառայած`ծառայած՝ հարիւրապետի աստիճանով։ 1915 թուականին Ամասիոյ մէջ, տեղի կառավարիչի հրամանով, դաժանօրէն սպանուած է բժշկի կրտսեր եղբայրը`եղբայրը՝ բժիշկ [[Հայկազուն Թապիպեան]]ը։
 
1918 թուականին`թուականին՝ պատերազմի աւարտէն ետք՝ բժիշկ Տիգրանը, դատական գործ յարուցած է եղբօր սպանութեան համար եւ հասած է անոր, որ Պատերազմական ատեանը 1920 թուականին մահուան դատապարտած է Ամասիոյ ոճրագործ կառավարիչին, սակայն դատավճիռը չէ գործադրուած։ Ուստի բժիշկ Տիգրանը մահափորձի ենթարկուած է, որմէ հրաշքով փրկուած է։ Այդ դէպքը վերջնականապէս յուսալքած է բժիշկին եի ան մեկած է [[ԱՄՆ]]։ [[1937]] թուականի դրութեամբ՝ կը բնակէր ԱՄՆ-ի մէջ։
 
== Գրականութիւն ==