«Թատրոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «Նիւթի (թատրեգրութեան) ընտրութիւն Նիւթի ընտրութեան պարագային կարեւորագոյնը ըսելիքն է, ա՛յն գաղափ...»:
 
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
 
 
 
Նիւթի (թատրեգրութեան) ընտրութիւն
Նիւթի ընտրութեան պարագային կարեւորագոյնը ըսելիքն է, ա՛յն գաղափարը, պատգամը, զոր անհրաժեշտ է փոխանցել
 
Նիւթի (թատրեգրութեան) ընտրութիւն
Նիւթի ընտրութեան պարագային կարեւորագոյնը ըսելիքն է, ա՛յն գաղափարը, պատգամը, զոր անհրաժեշտ է փոխանցել հանդիսատեսին, նկատի առնելով ժամանակաշրջանը, միջավայրը, հանդիսատեսի գեղագիտական ընկալումները, դերասանական կարողականութիւնները, նիւթական միջոցները եւ այլն:
Ժամանակէն մէկ քայլ առաջ բեմադրուած ներկայացումները միշտ պահանջուած կ՛ըլլան հանդիսատեսի կողմէն: Թատրոնի ղեկավարութիւնը հետեւելով խաղացանկին, ժամանաավրէպ ներկայացումները միշտ կը փոխարինէ նորերով:
 
Թատրոնի գրական բաժին
Թատրոնի գրական բաժինը կը զբաղի խաղացանկի հետ կապուած խնդիրերով: Աշխատելով թատերագիրներու եւ թարգմանիթներու հետ, այս բաժիմը կը կրէ գրական արժէքի, լեզուի հետ կապուած բոլոր հարցերուն պատասխանատութիւնը:
 
Ներկայացման բեմադրութեան յանցրուաններ
1. Գրական նիւթի՝ թատրերգութեան ընտրութիւն (Ինչ պէտք է բեմադրել տուեալ միջավայրին մէջ)
2. Աշխատանք ցրական նիւթին վրայ (Կրճատումներ, համադրումներ,արձակ երկի պարագային՝ բեմականացում)
3. Դերաբաշխում (Դերերը բաժնել դերասանպներուն)
4. Աշխատանք սեղանին շուրջ (Ընթերցում, պարզելով դերերու փոխյարաբերութիւնները: Ով եմ, ինչ կ՛ընեմ, ինչու եւ ինչպէս)
5. Աշխատանք բեմանկկարիչին եւ թեքնիք կազմին հետ
6. Փորձ բեմին վրայ (բեմայարդարում, լոյս, ձայնասփռում, տարազ, առարկաներ, դիմայարդարում...)
 
Թատերագիր
Թատերագիրը աշխարհին ու կեանքին գեղեցկութիւններն ու տառապանքները բանաստերծող աւագ արուեստագէտն է, որ շունջ, շարժում, գործողութիւն, գոյն, նկար ու նուագ կը դնէ իր երկին մէջ:
Իր երկը դժուարագոյնն է գրական սեռերուն մէջ: Երբ թատերագիրը կ՛աւարտէ իր գործը, այն ատեն կը սկսի գործը բեմադրիչին ու դերասաններուն:
Հայ նշանաւոր թատերագիրներ են Գաբրիէլ Սունդուկեան, Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան , Լեւոն Շանթ, Ալեքսանդր Շիրվանզադէ եւ այլ:
Թատրերգութեան տեսակներ
- Կատակերգութիւն` Զուարճալի դիպաշար
- Որբերգութիւն՝ Տխուր դիպաշար, գլխաւոր հերոսներոիւ անխուսափելի մահ...
- Տրամա՝ Լուրջ, տրամաթիկ դիպաշար: Եթէ ողբերգութիւնը կը ներկայացնէ կեանքի արցունքերը, իսկ կատակերգութիւնը՝ «ծիծաղը», ապա տրաման կը ներկայացնէ աւելի սովորական իրադարձութիւններ, մարդկային առօրեայ փոխ-յարաբերութիւններ, պարզ մարդոց առօրեայ կեանքն ու կենցաղը, հոգեւոր աշխարհ ու ձգտուքմները: Տրամային մէջ կան մարդկային յարաբերութիւններ սուր բախումներ, հոցեբանական լարուած վիճակներ: Տրամային մէջ կարելի հանդիպիլք նաեւ ողերգական եւ կատակերգական տարրելու:
 
Բեմականացում
Բեմականացում կամ բեմաւորում կը կոթուի գրական երկի յարմարեցումը բեմի պահանջներուն: Բեմաւորումը գրական նիւթի վերածումն է թատրերգութեան:
Բնագիրը փոփոխութեան ենթարկելու պարագային կը վոխուի հեղինակը ու բուն հեղինակին անունը կը նշուիմ գործածելով «հետեւողութեամբ» երզը: Օրինակ՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքոր»ը պատմուածքը երբ փոփոխութեան ենթարկուի, ապա կը յիշուի բեմականացման հկեղինակն ու կը գործածուի «Յետեւողութեամբ՝ Յովհաննէս Թումանեանի համանում պատմուածքի» գրութիւնը:
 
Բեմադրիչ
Բեմադրիչը ներկայացման ընթացքիմ թէեւ բեմին վրայ չէ, բայց ամէն բան անոր մտքի, երեւակայութեան եւ գեղագիտական ճաշակի արդիւնքն է: Բեմադրիչը ներկայացման հերինակն է: Ան Բեմադրական բոլոր միջոցները մէկ ընդհանուր յղացման ենթարկող եւ ամբողջ ներկայացման գեղարուեստական կերպարը ստեղծող արուեստագէտն է: Հայ նշանաւոր բեմադրիչներ են՝ Արմէն Գուլակեան, Վարդան Աճեմեան, Հրաչեայ Ղափլանեան... Պայմանական թատրոն կը կոչուի պայմանական լուծումներով հարուստ բեմադրական արուեստը, ուր առկայ է բեմադրիչի գերիշխանութիւնը:
 
Դերասան
Թատրոնը մարդու մասին է, ուստի մենք բեմին վրայ առաւելոաբար կը կեթրոնանանք դերասաններուն վրայ: Բեթին վրայ դերասանը կ՛արտայայտուի շարժումով, խօսքով, դիմախաղով: Հարկ է ունենալ պերճախօս լեզու, արտայայտիչ աչքեր, ճկուն մարմին, մարզուած ձայն, անսահման երեւակայութիւն: Հայ թատրոնը նշանաւոր դերասաններն են՝ Պետրոս Ադամեան, Սիրանուշ, Հրաշեայ Ներսէսեան, Վահրամ Փափազեան, Մհեր Մկրտշեան, Վարդուհի Վարդերեսեան...
Միամիտ խաղ կը կոչենք դերասանական խաղի ա՛ճն տեսակը, երբ դերասանը թատերագիրին գրածը արտասանելով եւ բեմադրիթին ցուցմունքներուն հետեւելով հանդերձ, այսպէս մը կը ձեդւացնէ, թէ ինք բեմին վրայ անկեղծօրէն կ՛ապրի իր կեանքը, մինչեւ իսկ չգիտնալով, թէ ինչ է իր յաջորդ գայլը:
 
Դերասանական տեսակներ
1- Հերոս սիրահար՝ գլխաւոր հերոս
2- Ինժենիւ՝ թեթեւամիտ դեդեր
3- Սուպրեթ՝ Չարաճճի, հնարագետ նկարագիր
4- Ազնուաշուք հայր՝ Պատկառելի, լուրջ անձ
5- Ռեզօնիոր՝ ճառախօս, խրտատաբան
6- Կատակերգական պառաւ՝ միամիտ-զուարճախօս
7- Նեւրոսթենիք՝ ջղային դեդեր
Չգեստափոխմնան դերասան (travesti) կը կոչուի ծպտումի հետեւող դերասանը, որ դառնալով անճանաչելի, յաջողութեամբ կը խաղայ յատկապէս պզտիկ տրոց եւ աղջիկներու դերեր:
 
Դերաբաշխում
Դերաբաշխում կը կոչուի դերերը դերասաններու միջեւ բաժնելու իրողութիւնը: Դերաբաշխումը կը կատարուի ըստ դերասանական տեսակի, տարիքի, արտաքին եւ ձայնական տուելներու, ըստ հասակի, սեռի, ըստ դերացանկի ծանրաբեռնուածութեան: Նոր դեր ստանալու առիթով ընդունուած է շնորհաւորել դերասանը:
 
Աշխատանք՝ սեղանին շուրջ
Դերաբաշխումէն յետոյ կը սկսի աշխատանքը սեղանին շուրջ, ուր դերասանները սերտելով նիւթը, կ՛ընթերցեն իրենց դերերը: Բ
Բեմադրիչը կը ղեկավարէ փորձը, որուն ընթացքին կը բացայայտուին գործող անձանց փոխյարաբերութիւնները, իւրաքամչիւգր դերին եւ ներկայացման գերխնդիրը:
 
Աշխատանք դերի վրայ տարանդ եւ երեւակայութիւն
Թատերագիրի ստեղծած գրական կերպարը թատրերգութեան մէջ կը կոչուի դեր: Դերը ստանալէն ետք դերասանը կը փորձէ սերտել մաեւ դերին կենսագրոնթեան այն մասը, որ թատրերգոնթեան մէջ գրուած չէ, միշտ փորձելով պարզել, թէ ով է ինքը, ինչ կ՛ըսէ, ինչու կ՛ընէ եւ ինչպէս… էջ 25
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Թատրոն» էջէն