«Թարգմանչաց Տօն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, փոխարինվեց: → (12) oգտվելով ԱՎԲ
Չ →‎Թարգմանչաց Շարժում: մանր-մունր, փոխարինվեց: → oգտվելով ԱՎԲ
Տող 16.
#Պատմական երկեր
 
Հայ գիրերու գիւտէն մինչեւ 440-ական թուականներ, ասորերէնէ եւ յունարէնէ թարգմանուած են մեծ քանակութեամբ գործեր։ Անոնցմէ յատկանշական են հետեւեալները՝ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը (405–408-ին եւ 430-ական թ), Խորհրդատետր-Պատարագամատոյցներ,Դիոնիսոս Թրակացիի «Արուեստ քերականութեան»,Փիլոն Եբրայեցիի ճառերը, Պորփիւրի «Ներածութիւն»-ը, , Աթանաս Ալեքսանդրացիի 15 ճառերը, Ժամագիրք, Յովհան Ոսկեբերանի ճառերը, քարոզներն ու մեկնութիւնները, Կիւրեղ Ալեքսանդրացիի մեկնութիւնները՝ նուիրուած Ծննդոց գիրքին եւ Պօղոս առաքեալի թուղթերուն, «Ճառ Ս. Երրորդութեան մասին», նամակներ Նեստորին եւ 12 նզովքները, Եվթաղի «Նախաբաններ եւ մեկնութիւններ»-ը՝ նուիրուած Գործք առաքելոցին եւ Պօղոս առաքեալի թուղթերուն, Հիերոնիմոսի մեկնութիւնը, Եվսեբիոս Կեսարացիի «Եկեղեցական պատմութիւն»-ը (416–420-ին), Եպիփան Կիպրացիի «Մարգարէների վախճանի մասին», Սեբերիանոս (Սեվերիանոս) Գաբաղացիի ճառերը, Եվագր Պոնտացիի ճառերն ու մեկնութիւնները, Եվսեբիոս Եմեսացիի ճառերը, Կիւրեղ Երուսաղեմացիի «Կոչումն ընծայութեան»-ը, Բարսեղ Կեսարացիի «Վեցօրեայ արարչութեան մասին» աշխատութիւնը, նաեւ ճառերը, մեկնութիւններն ու խրատները, Պլատօնի աշխատութիւնները, Արիստիդես Աթենացիի «Քրիստոնէական հաւատի ջատագովութիւնը» (420–430-ին), Եվսեբիոս Կեսարացիի «Քրոնիկոնը» (430-ական թթ), Պրոկղ եպիսկոպոսի թուղթերը՝ ուղղված Սահակ Ա Պարթեւին եւ Մեսրոպ Մաշտոցին (430-ական թթ), Ակակիոս Մելիտենացիի երկու թուղթերը (430-ական թթ), Եփրեմ Ասորիի ճառերը, աղօթքները եւ Սուրբ Գիրքի մասերուն նուիրուած մեկնութիւնները, Ս. Թադէոսի եւ Ս. Սանդուխտի վկայաբանութիւնը (430-ին,), Մեթոդիոս Ոլիմպիացիի «Անձնիշխանութեան մասին» երկը, Եպիփան Կիպրացիի «Ընդդէմ աղանդոց» երկը, Հիպպոլիտոս Բոստրացիի ճառերն ու մեկնութիւնները, «Բոլոր աղանդներու հերքումը» (430–440-ական թ, Գրիգոր Սքանչելագործի «Քրիստոսի ծննդեան մասին», Զենոբ Ամիդացիի ճառը, Այիթալա Եդեսացիի ճառը, Գրիգոր Նազիանզացիի ճառերը, Անտիոքի, Գանգրայի, Լաոդիկէի, Նեոկեսարիայի ժողովներու եւ Նիկիայի Ա տիեզերական ժողովի կանոնները (430–440-ական թ)։ 490-ական թ թարգմանուած է նաեւ Արիստոտելի «Ստորոգութեանց» եւ «Յաղագս մեկնութեան» երկերը։ V դ. 1-ին կիսուն թարգմանուած եւ շարք մը անվաւեր ճանաչցուած բնագրեր, ինչպէս «Պիղատոսի նամակը Տիբերիոս կայսեր», «Եդեսիա քաղաքի թագաւոր Աբգարի նամակը», «Յակոբի ուղերձը Կոնդրատիոսին», «Քրիստոս Պոնտիոս Պիղատոսի առջեւ», «Առաքեալներու վարդապետութիւնը»։ Թարգմանուած են նաեւ բազմաթիւ վկայաբանութիւններ եւ վարքագրութիւններ՝ եւ յունարէնէ, եւ ասորերէնէ։ Ողջ թարգմանական գրականութիւնը հիմք ստեղծած է հայ ինքնուրոյն՝ մեկնողական, Աստուածաբան-դաւանական, իմաստասիրական, պատմական եւ այլաբնոյթ գրականութեան ստեղծման համար՝ Գրիգոր Ա Լուսաւորիչի (կամ անոր վերագրուող) «Հաճախապատում ճառերը», Ագաթանգեղոսի «Հայոց պատմութիւնը», Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի»-ն, Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոցը»,Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւնը» եւ այլ երկեր։
Թարգմանչաց շարժման աւանդոյթները շարունակուած են նաեւ հետագայ դարերուն (Գրիգոր Մագիստրոս Պահլավունի եւ ուրիշներ), եւ նոր թափ ստացած յատկապէս XIV դ. լատին միարարներու (ունիթորութիւն) եւ անոնց հայ հետեւորդներուն շնորհիւ։ Քռնայի եւ Ծործորի դպրոցներուն մէջ լատիներէնէ թարգմանուած են Թովմա Աքվինացիի, Բոնավենտուրայի, Ժիլպեր Պոռետացիի, Ալպերտ Մեծի, Բարդողիմէոս Բոլոնիացիի, Պետրոս Արագոնացիի եւ այլ հեղինակներու երկերը։ Թէեւ միարարներու նպատակն էր հիմնաւորել կաթոլիկութեան առավելութիւնը, սակայն անոնց գործունէութիւնը մեծապէս նպաստած է եւրոպական քրիստոնէական մտքի նուաճումներու իւրացմանը, որը հմտօրէն իրագործած են Հայ եկեղեցիի վարդապետներն ու գաղափարախօսները։ XVII դ., հոգեւոր մշակոյթի աշխուժացման զուգընթաց, վերականգնուած են Թարգմանչաց շարժման աւանդոյթները։ Թարգմանչաց շարժումը սկիզբէն ի վեր խթանած է լուսաւորականութեան, կրթութեան, գիտութեան, լեզուաշինութեան եւ նոր գաղափարներու զարգացումը։
19-20-րդ դարերը յատկանշուած են համաշխարհային գրականութեան շարք հեղինակներուն գործերու թարգմանութեամբ։ Հայ գրողներ Յովհաննես Թումանեանը,Վահան Տէրեանը, Յովհաննէս Մասեհեանը, Խաչիկ Դաշտենցը եւ ուրիշներ զգալի աւանդ ունեցած են համաշխարհային գրականութիւնը հայերէնով ներկայացնելու գործին մէջ։ Շելլիի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են Հ. Թումանեանի եւ Ա. Չոպանեանի կողմէ։ Վալտեր Սկոտի գործերէն առաջինը հայերէնի թարգմանած է Մ. Մամուրեանը, Հայնէի ստեղծագործութիւնները՝ Յ. Թումանեանը, Վ. Տերեանը, Յ. Յովհաննէսեանը, Ե. Չարենցը եւ ուրիշներ։