«Սողոմոն Թեհլիրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 37.
1914-ին պայթած Առաջին Աշխարհամարտը լրիւ կը փոխէ 18-ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին։ 1914-ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, կ'անցնի Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չի տրուիր Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան կը յաջողի, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողին գրաւոր թոյլտուութիւնը՝ ի խնդիր իր կամաւոր արձանագրուելուն։
 
Հոկտեմբեր 1914ին1914-ին, Սողոմոն կը հասնի [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]] եւ կը միանայ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր [[Անդրանիկ Օզանեան|Անդրանիկ]]ի հրամանատարութեան տակ գործող [[Կամաւորական Առաջին Գունդ]]ին։ Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս կը թրծէ Սողոմոն Թեհլիրեան դաշնակցական մարտիկի կերպարը։
 
Արեւմտահայաստանի ժամանակաւոր ազատագրութեան հետ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը կ'ունենայ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս կը ցնցեն զինք, որ իր կենսագիրներէն [[Կարօ Գէորգեան]]ի վկայութեամբ՝ «ուշաթափ կ’իյնայ գետին»։ Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները – մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները – սպաննուած էին 1915-ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական հանրակացարան»։
Տող 46.
Ահաբեկումէն ետք ան կը պարտաւորուի անցնիլ [[Փարիզ]], ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն կը սորվի։ Բայց քանի մը ամիս ետք կը կանչուի [[Ուաշինկթըն]], Մ.Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան [[Արմէն Գարօ|Արմէն Գարո]]յի կողմէ, որ կը ղեկավարէր «[[Նեմեսիսի Գործողութիւն|Նեմեսիս]]» գործադրութիւնը։
 
Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած էր վիճակաձգութեամբ եւ այդպէս էր, որ 1921-ին,[[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Դաշնակցութեան]] որոշումով Սողոմոն Թեհլիրեանի կը վստահուի Թալէաթի ահաբեկումինահաբեկման գործադրութիւնը։
 
Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան Դեկտեմբեր 1920-ին կ'ուղեւորուի Ժընեւ, ուրկէ կ'անցնի [[Պերլին]] (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման մանրամասնօրէն մշակուած ու կազմակերպուած ծրագիրը։
 
== Թալէաթի ահաբեկման գործադրութիւնը ==
Ջարդարար պարագլուխը, Ալի Սալէհ Պէյ անունով անցագիր հանած ու ծպտուած, կ’ապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցի վրայ։ Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը կը վարձէ Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ կ'առնէ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ։ Եւ 15 Մարտ 1921-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանար մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կը կտրէ, դէմ առ դէմ գալով ջարդարարին հետ եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին կը փռէ հայասպան հրէշը։
 
== Թիհլիրեանի դատավարութիւնը ==
[[Շահան Նաթալի]] կը վկայէ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի յանձնարարած էր ահաբեկումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ գերմանական իշխանութեանց, որպէսզի աշխարհով մէկ դատուէր եւ իր հետ դատավարութեան ենթարկէր Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրը։
 
Տող 60 ⟶ 62՝
Այսօր արդէն հանրայայտ եւ հանրագիտական ճշմարտութիւն է, որ նոյնինքն [[Ցեղասպանութիւն]] բառը իր ժամանակակից իմաստով գործածութեան յանձնած [[Ռաֆայէլ Լեմքին]] կը ներշնչուի Թեհլիրեանի դատավարութենէն եւ կը հիմնուի այն մեծ հարցականին վրայ, թէ ինչո՞ւ մէկ մարդու ահաբեկման համար կը դատուէր Սողոմոն Թեհլիրեան անունով հայ երիտասարդը, մինչ անդին դատ ու դատաստանի չէր ենթարկուած մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթը…
 
== Գերմանական դատարանին կողմէ ազատ արձակուելէ ետք ==
Գերմանական դատարանին կողմէ ազատ արձակուելէ ետք, Թեհլիրեան կ'ամուսնանայ եւ կը հաստատուի Պելկրատ (Եուկոսլաւիոյ մայրաքաղաքը)՝ Տալմատինսկա փողոցի թիւ 78 տունը,ուր աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հ.Յ.Դ. Պալքանեան Կ. Կոմիտէութեան կազմէն ներս։ 1945-էն ետք բնակութիւն կը հաստատէ նախ Քազապլանքա (Մարոք), ապա կը տեղափոխուի Մ. Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր դաշնակցական իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Արեւմտեան Շրջանին մէջ։ Մահացած է 23 Մայիս 1960-ին Սան Ֆրանսիսքօ, ։ Թաղուած է Ֆրէզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։ Ի յիշատակ Թեհլիրեանի՝ Ֆրէզնոյի, ''Թալին'' շրջանին ''Մաստարա'' գիւղին եւ ''[[Երեւան]]''ի մէջ կառուցուած են յուշարձաններ։
 
== Մահը ==
Մահացած է 23 Մայիս 1960-ին Սան Ֆրանսիսքօ, ։ Թաղուած է Ֆրէզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։ Ի յիշատակ Թեհլիրեանի՝ Ֆրէզնոյի, ''Թալին'' շրջանին ''Մաստարա'' գիւղին եւ ''[[Երեւան]]''ի մէջ կառուցուած են յուշարձաններ։
 
== Սողոմոն Թեհլիրեանը՝ արուեստի մէջ ==