«Լէօ Թոլսթոյ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 27.
 
Լեւ Նիքոլայեւիչը կը փափաքէր փայլիլ հասարակութեան մէջ, բայց զինք կը խանգարէին բնածին ամչկոտութիւնն ու անհրապոյր արտաքինը։ Մեր կենցաղի կարեւորագոյն գաղափարներուն՝ կեանքի, մահուան, Աստուծոյ, սիրոյ, յաւերժութեան մասին, ինչպէս ինքը՝ Թոլսթոյ կը բնորոշէր, որ «տարաբնոյթ խոհերը իրենց կնիքն կը դրոշմէին կեանքի այդ շրջանին իր բնաւորութեան վրայ»։ «Յարութիւն» վէպին, «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» վիպակներուն մէջ նկարագրուած՝ Իրթենեւի եւ Նեխլիւտովի՝ ինքնակատարելագործման տենչերը վերցուած են գրողին՝ այդ ժամանակուան սեփական ճգնաւորական փորձառութիւններէն։ Այդ բոլորը, կը գրէ քննադատ Սեմիոն Վենկերովը, պատճառ դարձաւ, որ Թոլսթոյի մօտ ձեւաւորուի, «Պատանեկութիւն» վիպակով իր իսկ արտասանած խօսքերով գրուած, «զգացմունքներու թարմութիւնը եւ միտքի պայծառութիւնը ոչնչացնողը՝ մնայուն եւ անփոփոխ բարոյական վերլուծութեան սովորութիւնն է»<ref name="ЭСБЕ" />։
 
=== Կրթութիւն ===
[[Պատկեր:Native house of Leo Tolstoy.jpg|thumb|left|250px|Այն տունը, ուր ծնած է Լ․ Թոլսթոյ (1898)]]
Սկիզբը իր կրթութեամբ կը զբաղուէր ֆրանսացի տնային դաստիարակ Սեն Թոման («Պատանեկութիւն» վիպակի հերոս St.-Jérôme-ի նախատիպը), ով փոխարինեց բարեհոգի գերմանացի Ռեսրլմանին. վերջինիս Թոլսթոյը պատկերած է «Մանկութիւն» վիպակի հերոս Քարլ Իվանովիչի դերով։
 
1843 թուականին Պ. Ի. Եուշկովան, իր վրայ վերցնելով իր անչափահաս եղբօրորդիներու խնամակալութեան դերը (չափահաս էր միայն աւագը՝ Նիքոլայը)՝ անոնց բերաւ [[Քազան]] (Ռուսիա)։ Իր եղբայրներուն՝ Նիքոլայի, Տմիթրիի եւ Սերկէյի օրինակով, Լեւը որոշեց ընդունուիլ Քազանի Արքայական համալսարան, ուր մաթեմատիկական բաժանմունքէն մէջ կ՝աշխատէր Լոպաչեւսկին, իսկ Արեւելագիտականին մէջ՝ Քովալեւսքին։ 1844 թուականի [[3 Հոկտեմբեր|Հոկտեմբեր 3]]-ին Լեւ Թոլսթոյ ընդգրկուեցաւ արեւելեան լեզուներու (արաբա-թուրքական) բաժին՝ որպէս վճարեալ ուսանող{{Sfn|Эйхенбаум Б. М.|1969|loc=|էջ=92}}։ Ընդունելութեան քննութիւններուն, մասնաւորապէս «թուրք-թաթարենէն»էն, ան գերազանց արդիւնք ցոյց տուաւ։ Սակայն տարուան ընթացքին տուեալ նիւթերէն թերանալով՝ չյանձնեց փոխադրական քննութիւնը եւ ստիպուած էր կրկին յանձնել առաջին տարուան ծրագիրը։
 
Ամբողջ տարուան կրկնութենէն խուսափելով՝ տեղափոխուեցաւ իրաւագիտական բաժանմունք, ուր որոշ նիւթերու գնահատականներու հետ կապուած խնդիրները շարունակուեցան։ [[1846]] թուականի մայիսեան փոխադրական քննութիւնները բաւարար յանձնելով (ստացած է մէկ հատ հինգ, երեք հատ չորս եւ չորս հատ երեք. միջին գնահատականը ստացուած է երեք)՝ Լեւ Նիքոլաեւիչը տեղափոխուեցաւ երկրորդ կարգ{{sfn|Бирюков П. Н.|2000|loc=Глава 6. Юность|էջ=}}։ Իրաւագիտական բաժանմունքին մէջ Լեւ Թոլսթոյ ուսանեցաւ ընդամէնը երկու տարի։ «Բարդ էր իրեն համար ամէն պարտադրուած բան։ Այն ամէնը, ինչ ան կեանքին մէջ սորված է, սորված է անկախ, արագ, անմիջապէս, յամառ աշխատանքով», - գրած է Ս. Ա. Թոլսթայեան իր «Լ. Ն. Թոլսթոյի կենսագրութեան վերաբերեալ նիւթեր» {{sfn|ЛМ|1978|loc=Том 1. Материалы к биографии Л. Н. Толстого и сведения о семействе Толстых и преимущественно гр. Льва Николаевича Толстого|էջ=34}}։ 1904 թուականին Թոլսթոյը կը յիշէր. «․․․առաջին տարին ես ոչինչ չկատարեցի։ Երկրորդ տարին սկսայ վարժուիլ․․․ այնտեղ էր Փրոֆէսօր Մայըրը, որ ինձ յանձնարարութիւն տուաւ. Եկատերինայի «Խրատի» եւ Մոնթեսքիոյի «Օրէնքի ոգու» համեմատութիւնը․․․ այդ աշխատանքն զիս գրաւեց, եւ ես մեկնեցայ գիւղ, սկսայ կարդալ Մոնթեսքիօ, այդ ընթերցանութիւնը անծայրածիր հորիզոններ բացաւ իմ առջեւս, ես սկսայ կարդալ Ռուսօ եւ ձգեցի համալսարանը՝ նոյն այն պատճառով, որ փափաքեցայ վարժուիլ»{{sfn|Эйхенбаум Б. М.|1969|loc=|էջ=97}}։