«Լէօ Թոլսթոյ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 47.
Որբացած երեխաներու դաստիարակութիւնը կը ստանձնէ հեռաւոր ազգական մը՝ Թ. Երկոլսքաիան։ 1837-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի [[Մոսկուա]]՝ հաստատուելով Փլիւշչիխա, քանի որ անդրանիկ որդին կը պատրաստուէր համալսարան ընդունուելու։ Շուտով յանկարծամահ կ'ըլլայ հայրը՝ Նիքոլայ Իլէիչը, անկատար ձգելով գործերը (նեռարեալ՝ ընտանեկան ունեցուածքի հետ կապուած որոշ դատական խնդիրներ), եւ երեք կրտսեր երեխաները կրկին կը հաստատուին Եասնաիա Փոլիանա՝ Երկոլսքաիայի եւ հօրաքրոջ՝ երեխաներու խնամակալ նշանակուած կոմսուհի Ա․ Օսթըն Սաքընի հսկողութեամբ։ Այստեղ Լէօ Նիքոլայեւիչ կը մնայ մինչեւ 1840, երբ կը մահանայ կոմսուհի Օսթըն Սաքընը, եւ երեխաները կը տեղափոխուին Քազան՝ իրենց նոր խնամակալին՝ հօրը զարմուհիին՝ Պ. Ի. Եուշքովային քով։
 
Քազանի մէջ Եուշքովներու տունը կը համարուէր ամենաուրախամէնէն ուրախ տուներէն մէկը. ընտանիքին բոլոր անդամները բարձր կը գնահատէին արտաքին փայլը։փայլքը։ «Իմ բարի հօրաքոյրը, - կը պատմէր Թոլսթոյ, - պայծառ եւ պարկեշտ էակ, միշտ կ՝ըսէր, որ ոչ մէկ բան չի փափաքիր ինծի համար առաւելապէս, որքան այնքան, որ ես ամուսնանամ կնոջ մը հետ»<ref name="ЭСБЕ" />։
 
Լէօ Նիքոլայեւիչը կը փափաքէր փայլիլ հասարակութեան մէջ, բայց զինք կը խանգարէին բնածին ամչկոտութիւնն ու անհրապոյր արտաքինը։ Մեր կենցաղի կարեւորագոյն գաղափարներուն՝ կեանքի, մահուան, Աստուծոյ, սիրոյ, յաւերժութեան մասին, ինչպէս ինքը՝ինք՝ Թոլսթոյ կը բնորոշէր, որ «տարաբնոյթ խոհերը իրենց կնիքնկնիքը կը դրոշմէին կեանքի այդ շրջանին իր բնաւորութեան վրայ»։ «Յարութիւն» վէպին, «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» վիպակներուն մէջ նկարագրուած՝ Իրթենեւի եւ Նեխլիւտովի՝ ինքնակատարելագործման տենչերը վերցուած են գրողին՝ այդ ժամանակուան սեփական ճգնաւորական փորձառութիւններէն։ Այդ բոլորը, կը գրէ քննադատ Սեմիոն Վենկերովը, պատճառ դարձաւ, որ Թոլսթոյի մօտ ձեւաւորուի, «Պատանեկութիւն» վիպակով իր իսկ արտասանած խօսքերով գրուած, «զգացմունքներու թարմութիւնը եւ միտքի պայծառութիւնը ոչնչացնողը՝ մնայուն եւ անփոփոխ բարոյական վերլուծութեան սովորութիւնն է»<ref name="ЭСБЕ" />։
 
=== Կրթութիւն ===