«Թովմա Արծրունի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
նոր թարգմանություն oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{wikify}}
{{արևելահայերեն|Թովմա Արծրունի}}
'''Թովմա Արծրունի''', տոհմական պատմագիր, [[Արծրունի]] տան, կամ նախարարութեան պատմիչը։ Արծրունիք, Թ դարուն, մրցորդ եղած են Բագրատունիներուն։ Նշանաւոր եղած են Արծրունի երկու իշխաններ՝ Գրիգոր-[[Դերենիկ Արծրունի|Դերենիկ]] եւ [[Գագիկ Արծրունի|Գագիկ]], որոնց օրով կը զօրանան Արծրունիք։ [[Մամիկոնեաններ|Մամիկոնեանները]]ը արդէն հեռացած էին հայկական թատերաբեմէն ու սկսած էին փայլիլ՝ Բիւզանդական [[Կայսր|կայսր]]ութեան մէջ։
 
== Կեանքը ==
Տող 10.
 
== Գործին բաժանումները =
Թովմա Արծրունի իր գործը բաժնած է չորս դպրութիւններու։ Այս բաժանումը սակայն ձեւական եղած է, մինչդեռ, ըստ նիւթի՝ կարելի է զայն բաժնել երկու հիմնական մասերու.
 
Ա.- ՀԻՆ ՇՐՋԱՆ: Ադամէն մինչեւ 850 թուականը։ Այս շրջանին համար Արծրունի օգտագործած է հին պատմագիրներու գործերը, ինչպէս [[Ագաթանգեղոս]], [[Փավստոս Բուզանդ|Փաւստոս]], [[Կորիւն]], [[Փարպեցի Ղազար|Փարպեցի]], [[Եղիշե|Եղիշէ]], [[Խորենացի |Խորենացի]], եւայլն եւ անյայտ աղբիւրներ ու տոհմական զրոյցներ, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ Այս շրջանին մէջ Արծրունի կը ջանայ մասնակից դարձնել Արծրունիները՝ բոլոր լաւ դէպքերուն եւ ձեռնարկներուն։ Հետաքրքրական է հետեւեալը, թէ՝ [[Վարդանանց պատերազմ]]ի ատեն փայլող Արծրունի իշխան չկայ [[Եղիշե|Եղիշէ]]ի մէջ։ Թովմա Արծրունիի ուշադրութիւնը կը գրաւէ այդ պակասը եւ իբրեւ մեկնաբանութիւն կը յիշէ, թէ [[ասորի]] չար վանական մը, Բարծումա անուն, որ թշնամութեամբ լեցուած էր Արծրունեաց հանդէպ, Եղիշէի գործին մէջէն վերցուցած ու հանած է [[Արծրունյաց թագավորություն|Արծրունեաց]] վերաբերեալ բաժինը։ [[Թովմա Արծրունի]] արագ կ'անցնի այն դէպքերու վրայէն (ուր Արծրունիք հեղինակ են վատ արարքներու)։
 
Բ.- ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ: Իր ժամանակաշրջանը։ Իր գործին ամէնէն հետաքրքրական եւ արժէքաւոր մասն է, որ կը սկսի [[851]] թուականէն։ Թովմա Արծրունի այսպէս կ'ըսէ. «Արդ, մեզ կայ առաջի ունել Ջափրայ եւ չար գործոց նորա, ԱՆԳԻՐՍ ՄՆԱՑԵԱԼ ՅԱՅԼՈՑ, զոր կատարեաց ի վերայ աշխարհին Հայոց երկայնագոյն ժամանակաւ...»։ Թ. Արծրունի, գործի այս Բ մասին մէջ, մեզի կու տայ նոր նիւթեր մանրամասնօրէն, իբրեւ ականատես կամ ականատեսներէ քաղուած։ Ուրեմն գործը արժէքաւոր է, թէ՛ մեզի մատուցած իր նիւթերու նորութեամբ եւ թէ՛ անոնց ստուգութեամբ։ Թովմա Արծրունի, իբրեւ պատմիչ, շատ բան կը շահի իր ստուգապատում ըլլալէն։ Յաճախ ինք անձամբ կատարած է հետազօտութիւններ եւ ճանապարհորդութիւններ՝ իր հաղորդած տեղեկութիւնները ստուգելու եւ պատմած դէպքերու միջավայրը սերտելու համար։ Իր աւագ ու միակ թերութիւնը, զոր յատուկ է առհասարակ բոլոր հայ պատմիչներուն, իր կողմնակալութիւնն է։ Անիկա եւս իր տոհմը մեծարելու թերեւս արդարանալի թերութիւնը ունի մեծ չափով։
Տող 22.
 
== Թովմա Արծրունի իբրեւ պատմիչ ==
Թովմա Արծրունի կրած է մեծ ազդեցութիւնը՝ Ս. Գիրքի, [[Խորենացի]]ի եւ [[Եղիշէ]]ի։ Ի դէպ յայտնենք, որ ինք առաջինն է [[Խորենացի]]ն եւ [[Եղիշէ]]ն յիշատակողը։ Շատ կարեւոր է, որ Արծրունեաց այս պատմիչը յստակօրէն կը վկայէ, թէ Խորենացին իր «Պատմութեան» շարադրանքը հասցուցած է մինչեւ Հռոմէական (Բիւզանդական) Զենոն կայսեր ժամանակ (474-475թթ., ապա՝ 475-491թթ.), այսինքն Պատմահօր երկն ունեցած է նաեւ չորրորդ մաս։ Այս փաստը կարելի է բացատրել Խորենացիի հակամամիկոնեանական եւ, փաստօրէն, հակակղերական, ինչպէս նաեւ [[Վասակ Սյունի (մարզպան)|Վասակ]]ամէտ դիրքորոշմամբ (պահպանուած երրորդ գիրքին մէջ՝ Վասակ Սիւնիի մասին, Խորենացիին դրական արտայայտութիւնը)։ Իսկ գիրքեր կամ որոշակի հատուածներ վերացնելը, այդ դարերուն, խորթ չէ ընդունուած, ինչպէս վերը մենք արդէն նշեցինք հետաքրքրական օրինակ մը, թէ Վարդանանց պատերազմին ատեն փայլող Արծրունի իշխան չկայ [[Եղիշէ]]ի գրքին մէջ։ Թովմա Արծրունիին ուշադրութիւնը կը գրաւէ այդ պակասը ու իբրեւ մեկնաբանութիւն կը յիշէ, թէ [[Ասորի|ասորի]] չար վանական մը, Բարծումա անուն, որ թշնամութեամբ լեցուած էր Արծրունեաց հանդէպ, Եղիշէի գործին մէջէն վերցուցած, հանած էր Արծրունեաց վերաբերեալ մասը։ Այսինքն՝ սովորական բան էր գրքերի խմբագրումը եւ անգամ ոչնչացումը։
Իբրեւ պատմիչ Թովման իր գործը չափազանց կենդանի կերպով գրած է Հայաստանի հողին վրայ եւ ժողովուրդին հետ մեծ հաղորդակցութեան մը բարիքովը ։ Ունի իբր թերութիւն՝ ճոռոմաբանութիւններ, ծանօթ նիւթերու անհարկի թուումներ և կողմնակալութիւն։
 
Տող 30.
{{Միջնադարեան հայ պատմագիրներ եւ ժամանակագիրներ}}
 
[[Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:ԱրեւմտահայերէնԱրևմտահայերեն յօդուածներհոդվածներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ պատմիչներ]]