«Թովմա Արծրունի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Չ մանր-մունր, փոխարինվեց: : → ։ (3), → |
No edit summary |
||
Տող 1.
{{wikify}}
{{արևելահայերեն|Թովմա Արծրունի}}
'''Թովմա Արծրունի''', տոհմական պատմագիր, [[Արծրունի]] տան, կամ նախարարութեան պատմիչը։ Արծրունիք, Թ. դարուն, մրցորդ եղած են Բագրատունիներուն։ Նշանաւոր եղած են Արծրունի երկու իշխաններ՝ Գրիգոր-[[Դերենիկ Արծրունի|Դերենիկ]] եւ [[Գագիկ Արծրունի|Գագիկ]], որոնց օրով կը զօրանան Արծրունիք։ [[Մամիկոնեաններ]]ը արդէն հեռացած էին հայկական թատերաբեմէն ու սկսած էին փայլիլ՝ Բիւզանդական [[կայսր]]ութեան մէջ։
== Կենսագրութիւն ==
Իր կեանքին մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի։ Եղած է բարձրաստիճան եկեղեցական։ Ան կը ներկայանայ իբրեւ հմուտ, հետաքրքիր եւ բարձրորակ նիւթերով գրող անձ մը ։ Արծրունի իր գիրքը գրած է Գրիգոր-Դերենիկ իշխանի խնդրանքով։
Տող 12.
Թովմա Արծրունի իր գործը բաժնած է չորս դպրութիւններու։ Այս բաժանումը սակայն ձեւական եղած է, մինչդեռ, ըստ նիւթի՝ կարելի է զայն բաժնել երկու հիմնական մասերու.
Ա.- ՀԻՆ ՇՐՋԱՆ։ Ադամէն մինչեւ [[850]] թուականը։ Այս շրջանին համար Արծրունի օգտագործած է հին պատմագիրներու գործերը, ինչպէս [[Ագաթանգեղոս]], [[Փավստոս Բուզանդ|Փաւստոս]], [[Կորիւն]], [[Փարպեցի Ղազար|Փարպեցի]], [[Եղիշե|Եղիշէ]], [[Խորենացի]], եւայլն եւ անյայտ աղբիւրներ ու տոհմական զրոյցներ, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ Այս շրջանին մէջ Արծրունի կը ջանայ մասնակից դարձնել Արծրունիները՝ բոլոր լաւ դէպքերուն եւ ձեռնարկներուն։ Հետաքրքրական է հետեւեալը, թէ՝ [[Վարդանանց պատերազմ]]ի ատեն փայլող Արծրունի իշխան չկայ [[Եղիշե|Եղիշէ]]ի մէջ։ Թովմա Արծրունիի ուշադրութիւնը կը գրաւէ այդ պակասը եւ իբրեւ մեկնաբանութիւն կը յիշէ, թէ [[ասորի]] չար վանական մը, Բարծումա անուն, որ թշնամութեամբ լեցուած էր Արծրունեաց հանդէպ, Եղիշէի գործին մէջէն վերցուցած ու հանած է [[Արծրունյաց թագավորություն|Արծրունեաց]] վերաբերեալ բաժինը։ [[Թովմա Արծրունի]] արագ կ'անցնի այն դէպքերու վրայէն (ուր Արծրունիք հեղինակ են վատ արարքներու)։
Բ.- ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ։ Իր ժամանակաշրջանը։ Իր գործին ամէնէն հետաքրքրական եւ արժէքաւոր մասն է, որ կը սկսի [[851]] թուականէն։ Թովմա Արծրունի այսպէս կ'ըսէ. «Արդ, մեզ կայ առաջի ունել Ջափրայ եւ չար գործոց նորա, ԱՆԳԻՐՍ ՄՆԱՑԵԱԼ ՅԱՅԼՈՑ, զոր կատարեաց ի վերայ աշխարհին Հայոց երկայնագոյն ժամանակաւ...»։ Թ. Արծրունի, գործի այս Բ մասին մէջ, մեզի կու տայ նոր նիւթեր մանրամասնօրէն, իբրեւ ականատես կամ ականատեսներէ քաղուած։ Ուրեմն գործը արժէքաւոր է, թէ՛ մեզի մատուցած իր նիւթերու նորութեամբ եւ թէ՛ անոնց ստուգութեամբ։ Թովմա Արծրունի, իբրեւ պատմիչ, շատ բան կը շահի իր ստուգապատում ըլլալէն։ Յաճախ ինք անձամբ կատարած է հետազօտութիւններ եւ ճանապարհորդութիւններ՝ իր հաղորդած տեղեկութիւնները ստուգելու եւ պատմած դէպքերու միջավայրը սերտելու համար։ Իր աւագ ու միակ թերութիւնը, զոր յատուկ է առհասարակ բոլոր հայ պատմիչներուն, իր կողմնակալութիւնն է։ Անիկա եւս իր տոհմը մեծարելու թերեւս արդարանալի թերութիւնը ունի մեծ չափով։
Տող 22.
== Թովմա Արծրունի իբրեւ պատմիչ ==
Թովմա Արծրունի կրած է մեծ ազդեցութիւնը՝ Ս. Գիրքի, [[Խորենացի]]ի եւ [[Եղիշէ]]ի։ Ի դէպ յայտնենք, որ ինք առաջինն է [[Խորենացի]]ն եւ [[Եղիշէ]]ն յիշատակողը։ Շատ կարեւոր է, որ Արծրունեաց այս պատմիչը յստակօրէն կը վկայէ, թէ Խորենացին իր «Պատմութեան» շարադրանքը հասցուցած է մինչեւ Հռոմէական (Բիւզանդական) Զենոն կայսեր ժամանակ (474-475թթ., ապա՝ [[475]] -
Իբրեւ պատմիչ Թովման իր գործը չափազանց կենդանի կերպով գրած է Հայաստանի հողին վրայ եւ ժողովուրդին հետ մեծ հաղորդակցութեան մը բարիքովը ։ Ունի իբր թերութիւն՝ ճոռոմաբանութիւններ, ծանօթ նիւթերու անհարկի թուումներ և կողմնակալութիւն։
== Ազգային դիւցազնավէպը Արծրունիի գործին մէջ ==
Թովմա Արծրունիի գործին մէջ հետաքրքրական է այն բաժինը, ուր կը պատմէ հայոց մեծ ապստամբութեան մասին, արաբներու [[
{{Միջնադարեան հայ պատմագիրներ եւ ժամանակագիրներ}}
[[Կատեգորիա:Հայ պատմիչներ]]
[[Կատեգորիա:Թ. դարու պատմիչներ]]
|