«Թովմա Արծրունի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ը ։ Ա → ը։ Ա (4) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 4.
 
== Կենսագրութիւն ==
Իր կեանքին մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի։ Եղած է բարձրաստիճան եկեղեցական։ Ան կը ներկայանայ իբրեւ հմուտ, հետաքրքիր եւ բարձրորակ նիւթերով գրող անձ մը ։մը։ Արծրունի իր գիրքը գրած է Գրիգոր-Դերենիկ իշխանի խնդրանքով։
 
== Գործը ==
Տող 19.
Ա. Դպրութիւնը ունի 11 գլուխներ։ Կը սկսի աշտարակաշինութենէն եւ կը հասնի մինչեւ Թէոդոսի թագաւորութիւնը՝ Յունաց վրայ, Դ դարու վերջը։
Բ. Դպրութիւնը ունի 7 մեծ գլուխներ, որոնց մէջ կը պատմէ արաբ ամիրաներու դառն տիրապետութեան, հայ իշխաններու ապստամբութեան ու գործերուն մասին։ Արծրունի իր նիւթերը քաղած է նախորդ պատմագիրներէն եւ հետեւաբար մեծ արժէք մը չեն ներկայացներ անոնք։ Իր բուն նորութիւնները կը սկսին Ե գլուխէն անդին։
Գ. Դպրութիւնը ունի 29 գլուխներ, իսկ Դ դպրութիւնը ունի 12 գլուխներ։ Այս երկու դպրութեանց մէջ Արծրունի մանրամասն ու երկարօրէն կը պատմագրէ Թ դարու դէպքերը , որոնք տեղի ունեցան են, ընդհանրապէս հայաստանի մէջ, եւ մասնաւորաբար Արծրունեաց նահանգի [[Վասպուրական]]ի մէջ։ Գլխաւորաբար երկարօրէն կը պատմէ Արծրունի իշխաններ՝ [[Գուրգեն Ա Արծրունի|Գուրգէն]]ի, Դերենիկի, [[Աշոտ Արծրունի (այլ կիրառումներ)|Աշոտ]]ի եւ [[Գագիկ Ա Արծրունի|Գագիկ]]ի մասին, որ յետոյ թագաւոր եղաւ։ Իր գործին վերջին մասը յետոյ շարունակուած է ուրիշ անանուն հեղինակի մը կողմէ, որուն յիշատակարանը եւս գրուած է։
 
== Թովմա Արծրունի իբրեւ պատմիչ ==
Թովմա Արծրունի կրած է մեծ ազդեցութիւնը՝ Ս. Գիրքի, [[Խորենացի]]ի եւ [[Եղիշէ]]ի։ Ի դէպ յայտնենք, որ ինք առաջինն է [[Խորենացի]]ն եւ [[Եղիշէ]]ն յիշատակողը։ Շատ կարեւոր է, որ Արծրունեաց այս պատմիչը յստակօրէն կը վկայէ, թէ Խորենացին իր «Պատմութեան» շարադրանքը հասցուցած է մինչեւ Հռոմէական (Բիւզանդական) Զենոն կայսեր ժամանակ (474-475թթ., ապա՝ [[475]] - [[491]] թթ.), այսինքն Պատմահօր երկն ունեցած է նաեւ չորրորդ մաս։ Այս փաստը կարելի է բացատրել Խորենացիի հակամամիկոնեանական եւ, փաստօրէն, հակակղերական, ինչպէս նաեւ [[Վասակ Սյունի (մարզպան)|Վասակ]]ամէտ դիրքորոշմամբ (պահպանուած երրորդ գիրքին մէջ՝ Վասակ Սիւնիի մասին, Խորենացիին դրական արտայայտութիւնը)։ Իսկ գիրքեր կամ որոշակի հատուածներ վերացնելը, այդ դարերուն, խորթ չէ ընդունուած, ինչպէս վերը մենք արդէն նշեցինք հետաքրքրական օրինակ մը, թէ Վարդանանց պատերազմին ատեն փայլող Արծրունի իշխան չկայ [[Եղիշէ]]ի գրքին մէջ։ Թովմա Արծրունիին ուշադրութիւնը կը գրաւէ այդ պակասը ու իբրեւ մեկնաբանութիւն կը յիշէ, թէ [[ասորի]] չար վանական մը, Բարծումա անուն, որ թշնամութեամբ լեցուած էր Արծրունեաց հանդէպ, Եղիշէի գործին մէջէն վերցուցած, հանած էր Արծրունեաց վերաբերեալ մասը։ Այսինքն՝ սովորական բան էր գրքերի խմբագրումը եւ անգամ ոչնչացումը։
Իբրեւ պատմիչ Թովման իր գործը չափազանց կենդանի կերպով գրած է Հայաստանի հողին վրայ եւ ժողովուրդին հետ մեծ հաղորդակցութեան մը բարիքովը ։բարիքովը։ Ունի իբր թերութիւն՝ ճոռոմաբանութիւններ, ծանօթ նիւթերու անհարկի թուումներ և կողմնակալութիւն։
 
== Ազգային դիւցազնավէպը Արծրունիի գործին մէջ ==