«Ժանտախտ (Քոլերա)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
մանր-մունր, փոխարինվեց: → (3) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Խոլերա}}
'''Քոլերա''' հիւանդութիւնը [[Հայերէն|հայերէնովհայերէն]]ով կոչուած է ժանտախտ: Ան բարակ աղիքներու մանրէական բորբոքում մըն է<ref>{{cite web|last1=Finkelstein|first1=Richard|title=Medical microbiology|url=http://www.ncbi.nlm.nih.gov/books/NBK8407/|accessdate=July 2015}}</ref>: Քոլերան կոչուած է նաեւ «Հնդկախտ», որովհետեւ մնայուն հիւանդութիւն մը եղած է [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|Հնդկաստանի]] մէջ<ref>[http://www.who.int/bulletin/volumes/88/3/09-073460/en/ WHO-ի Հնդկաստանի պրպտում ժանտախտի համար.]</ref>:
 
[[Պատկեր:Cholera bacteria SEM.jpg|մինի|Քոլերայի մանրէները.]]
Տող 11.
== Ախտանշաններ ==
 
Ժանտախտի ախտանշաններն են` [[Փորհարութիւն|փորհարութիւն]], անզուսպ փսխում, անցաւ եւ մեծածաւալ փորհարութիւն-լուծ եւ ջերմ: Հեղուկային փորհարութիւնը յաճախ կը կոչուի «բրնձաջուր» (rice water): Յառաջացած ժանտախտէ տառապող ենթական, որ չէ դարմանուած, օրական կրնայ ունենալ 10-20 լիթր հեղուկային կղկղանք, որուն պատճառով կը յառաջանայ մարմնի սուր ջրանուազում (dehydration), մորթի տժգունութիւն, [[Արիւն|արեան]] ճնշումի նուազում, աչքերու խոր ինկած վիճակ եւ մահաքունանման վիճակ<ref>[http://www.webmd.com/a-to-z-guides/cholera-faq WEBmD պաշտօնական կայքէջ.]</ref>:
 
 
== Յառաջացում ==
Տող 18 ⟶ 17՝
Ժանտախտը կը յառաջանայ ախտաբանական հետեւեալ ընթացքով.
 
Վարակուած ջուրի եւ սննդանիւթերու սպառումով քոլերա մանրէներուն մեծամասնութիւնը ստամոքս հասնելէ ետք կ'ոչնչանայ: Իսկ ապրող մանրէները կը հասնին բարակ աղիքներ, ուր անոնք կ'արտադրեն գլանաձեւ (cylindrical) յատուկ բնասպիտ (protein) մը, որ ֆլաճելլին (flagellin) կը կոչուի: Մանրէները ֆլաճելլինի միջոցով կը շարժին աղիքներու խլնաթաղանթային հեղուկին մէջ եւ կը տեղափոխուին տեղէ տեղ: Մանրէները կ'արտադրեն նաեւ թունաւոր բնասպիտ մը, որ կը յառաջացնէ մանրէներով հարուստ կղկղանք եւ ջրանման փորհարութիւն:
 
Ուրեմն ժանտախտէ վարակուած անհատ մը կը դառնայ քոլերա մանրէներու շտեմարան մը: Վատառողջ պայմաններու մէջ անհատին կղկղանքը հանդիպելով հանրային ըմպելի ջուրի եւ սննդանիւթերու` կը վարակէ զանոնք քոլերա մանրէներով, որոնք շուտով կը բազմապատկուին եւ կ'աճին:
Տող 32 ⟶ 31՝
Գոյութիւն ունի ժանտախտի դէմ պատուաստ մը, որ կը կիրարկուի բերանի միջոցով: Անիկա ազդու է 60-75 տոկոսով:
 
Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնները այս պատուաստի գործածութիւնը կը յանձնարարեն հետեւեալ պարագաներուն` մանուկներու, տեղաճարակային երկիրներու մէջ ապրողներու եւ մարդկային ախտամերժողութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) ունեցող հիւանդներու:
 
Հիւանդներուն 50 տոկոսը կը մահանայ, երբ դարմանում տեղի չ'ունենար, իսկ դարմանումով` մէկ տոկոսը:
Տող 38 ⟶ 37՝
Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու տուեալներուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին տարեկան մօտաւորապէս 5 միլիոն անձեր կը վարակուին ժանտախտով:
 
Առողջապահական խիստ միջոցառումներու կիրարկումով կարելի է կանխարգիլել Ժանտախտը: Անիկա շուտով կրնայ համաճարակի վերածուիլ, եթէ կանխարգիլելի միջոցառումները ձախողին:
 
== Կանխարգիլում ==