«Ժանտախտ (Քոլերա)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ փոխարինվեց: ` → ՝ (7) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 7.
== Յարուցիչ ==
 
Ժանտախտի յարուցիչը քոլերա մանրէն է, որ կը տարածուի եւ կը փոխանցուի ոչ առողջապահական պայմաններով: Հիւանդութիւնը կը զարգանայ միլիոնաւոր մանրէներու գոյութեամբ: Քոլերան առաւելապէս կը պատահի մանուկներու, վատառողջ պայմաններու մէջ ապրողներու, ձեռքբերովի ախտամերժողութեան անբաւարարութեան համախտանիշէ (AIDS) տառապողներու, մարմնական տկար դիմադրողականութիւն ունեցողներու եւ արեան «Օ» խմբաւորում ունեցողներու: Զարգացող երկիրներու մէջ այս հիւանդութեան փոխանցումը եւ տարածումը տեղի կ'ունենայ ապականած եւ վարակուած ջուրի միջոցով, այսինքն`այսինքն՝ վարակուած ջուրի սպառումով եւ վարակուած ջուրով լուացուած սննդանիւթերու սպառումով: Իսկ զարգացած երկիրներու մէջ տարածումը տեղի կ'ունենայ ծովային կենդանիներու միջոցով<ref>[http://www.who.int/mediacentre/factsheets/fs107/en/ WHO-ի պաշտօնական կայքէջ.]</ref>:
 
== Ախտանշաններ ==
 
Ժանտախտի ախտանշաններն են`են՝ [[փորհարութիւն]], անզուսպ փսխում, անցաւ եւ մեծածաւալ փորհարութիւն-լուծ եւ ջերմ: Հեղուկային փորհարութիւնը յաճախ կը կոչուի «բրնձաջուր» (rice water): Յառաջացած ժանտախտէ տառապող ենթական, որ չէ դարմանուած, օրական կրնայ ունենալ 10-20 լիթր հեղուկային կղկղանք, որուն պատճառով կը յառաջանայ մարմնի սուր ջրանուազում (dehydration), մորթի տժգունութիւն, [[Արիւն|արեան]] ճնշումի նուազում, աչքերու խոր ինկած վիճակ եւ մահաքունանման վիճակ<ref>[http://www.webmd.com/a-to-z-guides/cholera-faq WEBmD պաշտօնական կայքէջ.]</ref>:
 
== Յառաջացում ==
Տող 19.
Վարակուած ջուրի եւ սննդանիւթերու սպառումով քոլերա մանրէներուն մեծամասնութիւնը ստամոքս հասնելէ ետք կ'ոչնչանայ: Իսկ ապրող մանրէները կը հասնին բարակ աղիքներ, ուր անոնք կ'արտադրեն գլանաձեւ (cylindrical) յատուկ բնասպիտ (protein) մը, որ ֆլաճելլին (flagellin) կը կոչուի: Մանրէները ֆլաճելլինի միջոցով կը շարժին աղիքներու խլնաթաղանթային հեղուկին մէջ եւ կը տեղափոխուին տեղէ տեղ: Մանրէները կ'արտադրեն նաեւ թունաւոր բնասպիտ մը, որ կը յառաջացնէ մանրէներով հարուստ կղկղանք եւ ջրանման փորհարութիւն:
 
Ուրեմն ժանտախտէ վարակուած անհատ մը կը դառնայ քոլերա մանրէներու շտեմարան մը: Վատառողջ պայմաններու մէջ անհատին կղկղանքը հանդիպելով հանրային ըմպելի ջուրի եւ սննդանիւթերու`սննդանիւթերու՝ կը վարակէ զանոնք քոլերա մանրէներով, որոնք շուտով կը բազմապատկուին եւ կ'աճին:
 
Ժանտախտի ախտանշանները կը յայտնուին քոլերա մանրէներու թխսումէն (incubation) ետք, որ կը տեւէ 4-5 օրեր:
 
Ժանտախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի քննելով հիւանդին կղկղանքը, այսինքն`այսինքն՝ ապացուցելով քոլերա մանրէներու գոյութիւնը կղկղանքին մէջ:
 
Ժանտախտէ տառապող հիւանդը ընդհանրապէս կը դարմանուի տան մէջ հակամանրէական դեղերու գործածութեամբ եւ առատ ջուր խմելով: Յառաջացած պարագաներուն դարմանումը կը կատարուի հիւանդանոցի մէջ, ուր հիւանդին կը ներարկուի ներերակային հակամանրէական դեղեր եւ առատ հեղուկներ:
Տող 31.
Գոյութիւն ունի ժանտախտի դէմ պատուաստ մը, որ կը կիրարկուի բերանի միջոցով: Անիկա ազդու է 60-75 տոկոսով:
 
Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնները այս պատուաստի գործածութիւնը կը յանձնարարեն հետեւեալ պարագաներուն`պարագաներուն՝ մանուկներու, տեղաճարակային երկիրներու մէջ ապրողներու եւ մարդկային ախտամերժողութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) ունեցող հիւանդներու:
 
Հիւանդներուն 50 տոկոսը կը մահանայ, երբ դարմանում տեղի չ'ունենար, իսկ դարմանումով`դարմանումով՝ մէկ տոկոսը:
 
Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու տուեալներուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին տարեկան մօտաւորապէս 5 միլիոն անձեր կը վարակուին ժանտախտով:
Տող 44.
 
#Հսկել ըմպելի ջուրի եւ սննդանիւթերու մաքրութեան,
#Դաստիարակել ժողովուրդը առողջապահական գիտելիքներով, օրինակ`օրինակ՝ յաճախ լուալ ձեռքերը օճառով եւ ջուրով,
#Հսկել կոյուղիներու մաքրութեան,
#Հականեխել հիւանդին գործածած սպասները եւ անկողինը,