«Ինտրա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ մանր-մունր, փոխարինվեց: →
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Ինտրա}}
'''Ինտրա (Տիրան Չրաքյան,Չրաքեան)''' ([[1875]] - [[1921]] թթ.)''', հայ բանաստեղծ։
 
Ծնած է Պոլիս, [[1875]]–ին։ Յաճախած է Սկիւտարի [[Պերպերյան վարժարան (Թուրքիա)|Պէրպէրեան վարժարան]]ը, ուր ցուցաբերած է կանխահաս եւ թափանցուն միտք։ Գրականութեան կողքին, հակում դրսեւորած է արուեստներու եւ յատկապէս նկարչութեան, նաեւ գիտութիւներու։ Նկարագրով եղած է սրամիտ, հետեւարաբ հարցադրող եւ զօրաւոր յուզումներու հաղորդ անձ։ [[1891]]–էն՝ ուսուցիչ է նոյն Պէրպէրեանի մէջ։ Աւելի ետք, [[1898]]–էն, միշտ իբբ ուսուցիչ, կը տեղափոխուի [[Տրապիզոն]] քաղաքը՝ Սեւ Ծովու վրայ. այն ծովուն, որուն մասին պիտի գրէ յափշտակաթեամբ...։ [[1904]]–[[05]]–ին պահ մը [[Փարիզ]] է, գրական եւ գեղանկարչական որոնումներու համար։ Վերադարձի ճամբուն վրայ կ՛ այցելէ [[Եգիպտոս]], որու հին մշակոյթին հիացում ունէր։ [[1906]]–ին, Պպիս, Ինտրա ծականունով լոյս կ՛ընծայէ առաջին գործը՝ «Ներաշխարհ»ը, հայ գրականութեան գլուխ գործոցներէն։ Մինչ կը մնայ ուսուցչական ասպարէզին մէջ (Պէրպէրեան եւ այլ վարժարաններ), կը գրէ ու կը հրատարակէ քերթուածներու ժողովածու մը. նաեւ մամուլին կ՛աշխատակցի գրական վերլուծական յօդուածներով, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը «Ներաշխարհ» գործին քննարկումն է՝ «հեղինակէն դիտուած»։ [[1910]]–ին, հոգեկան ցնցումներու ենթակայ, աստիճանաբար կը դառնայ «հոգեւոր»՝ աղանդաւոր ու աւետարանի քարոզիչ։ Քանի մը տարի ետք, Համաշխ. պատերազմի սկիզբին, կը զօրակոչուի, սակայն կը մերժէ զէնք վերցնել։ Ձերբակալուելէ եւ աքսորի մէջ սպաննուելէ կը փրկուի, բայց կը շարանակէ Սուրբ գիրք քարոզել, կինը՝ միակ գաւակին հետ՝ կը հեռանայ տունէն, զինք բանականութեան վերադարձնելէ յուսահատած։ Զինադադարին՝ մտային վիճակը կը վատթարանայ։ Կ՛այրէ ձեոագիրները, յետոյ կը հիմնէ ժողովարան։ Յաջորդ տարին, քարոզչական նոյն զործով, կ՛երեւի ներքին գաւառներուն մէջ, Գոնիայի շրջան։ Քեմալական իշխանութեան կողմէ կը ձերբակալուի, եւ ուրիշ աղանդաւորներու հետ՝ իբր «վտանգաւոր անձ» կ՛աքսորուի դէպի երկրին աւելի խորերը։ Հիւանդ, անօթի եւ ուժասպառ կը մահանայ ՏիարպէքիրիՏիարպեքիրի մօտ ([[1921]]–ին)։
 
== Գործերէն՝ ==
Տող 9 ⟶ 10՝
* «Նոճաստան» (քերթուածներ, [[1908]])
 
[[Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արևմտահայերեն1875 հոդվածներծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1921 մահեր (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Գրողներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ գրողներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Պոլիս ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Տիարպեքիր մահացածներ]]
[[Կատեգորիա:Բանաստեղծներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ բանաստեղծներ (արւմտ․)]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ինտրա» էջէն