«Ինտրա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ +{{անաղբյուր}}
No edit summary
Տող 1.
{{անաղբյուր}}
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Ինտրա}}
'''Ինտրա (Տիրան Չրաքեան)''' ([[1875]] - [[1921]] թթ.), հայ բանաստեղծ։
 
== Կեանքը ==
Ծնած է Պոլիս, [[1875]]–ին։ Յաճախած է Սկիւտարի [[Պէրպէրեան վարժարան]]ը, ուր ցուցաբերած է կանխահաս եւ թափանցուն միտք։ Գրականութեան կողքին, հակում դրսեւորած է արուեստներու եւ յատկապէս նկարչութեան, նաեւ գիտութիւներու։ Նկարագրով եղած է սրամիտ, հետեւարաբ հարցադրող եւ զօրաւոր յուզումներու հաղորդ անձ։ [[1891]]–էն՝ ուսուցիչ է նոյն Պէրպէրեանի մէջ։ Աւելի ետք, [[1898]]–էն, միշտ իբբ ուսուցիչ, կը տեղափոխուի [[Տրապիզոն]] քաղաքը՝ Սեւ Ծովու վրայ. այն ծովուն, որուն մասին պիտի գրէ յափշտակաթեամբ...։ [[1904]]–[[05]]–ին պահ մը [[Փարիզ]] է, գրական եւ գեղանկարչական որոնումներու համար։ Վերադարձի ճամբուն վրայ կ՛ այցելէ [[Եգիպտոս]], որու հին մշակոյթին հիացում ունէր։ [[1906]]–ին, Պպիս, Ինտրա ծականունով լոյս կ՛ընծայէ առաջին գործը՝ «Ներաշխարհ»ը, հայ գրականութեան գլուխ գործոցներէն։ Մինչ կը մնայ ուսուցչական ասպարէզին մէջ (Պէրպէրեան եւ այլ վարժարաններ), կը գրէ ու կը հրատարակէ քերթուածներու ժողովածու մը. նաեւ մամուլին կ՛աշխատակցի գրական վերլուծական յօդուածներով, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը «Ներաշխարհ» գործին քննարկումն է՝ «հեղինակէն դիտուած»։ [[1910]]–ին, հոգեկան ցնցումներու ենթակայ, աստիճանաբար կը դառնայ «հոգեւոր»՝ աղանդաւոր ու աւետարանի քարոզիչ։ Քանի մը տարի ետք, Համաշխ. պատերազմի սկիզբին, կը զօրակոչուի, սակայն կը մերժէ զէնք վերցնել։ Ձերբակալուելէ եւ աքսորի մէջ սպաննուելէ կը փրկուի, բայց կը շարանակէ Սուրբ գիրք քարոզել, կինը՝ միակ գաւակին հետ՝ կը հեռանայ տունէն, զինք բանականութեան վերադարձնելէ յուսահատած։ Զինադադարին՝ մտային վիճակը կը վատթարանայ։ Կ՛այրէ ձեոագիրները, յետոյ կը հիմնէ ժողովարան։ Յաջորդ տարին, քարոզչական նոյն զործով, կ՛երեւի ներքին գաւառներուն մէջ, Գոնիայի շրջան։ Քեմալական իշխանութեան կողմէ կը ձերբակալուի, եւ ուրիշ աղանդաւորներու հետ՝ իբր «վտանգաւոր անձ» կ՛աքսորուի դէպի երկրին աւելի խորերը։ Հիւանդ, անօթի եւ ուժասպառ կը մահանայ Տիարպեքիրի մօտ ([[1921]]–ին)։
Ծնած է 1875-ին Պոլիս, Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք թաղային դպրոցը, յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան, ուր կրած է Ռէթէոս Պէրպէրեանի խոր ազդեցութիւնը: Մեծանուն կրթական գործիչը խօսելով իր աշակերտին մասին, կը գրէ.- « Լուսալի աչքերով աշխոյժ բայց արդէն խոհուն պատանեկիկ մըն էր, չարրաճճի հարցուփորձող ժպիտով մը»: Իսկապէս ալ Տիրան Չրաքեան ուշիմ աշակերտ եղած է, օժտուած խորաթափանց եւ որոնող մտքով: Մասնաւոր սէր ու հակում ունեցած է նկարչութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան հանդէպ: Իր ստորագրութիւնը կրող քանի մը յաջող իւղանկարներ եւ գծանկարներ մնացած են կարգ մը բարեկամներու մօտ:
Ամէն հարցի խորը թափանցելու հետաքրքրութիւնը կը մղէ որ Չրաքեան կլանուի նաեւ գիտութեամբ: Լայն ծանօթութիւններ ձեռք կը բերէ մասնաւորաբար բնապատմութեան ճիւղին մէջ:
Պէրպէրեան վարժարանը աւարտելէ ետք, 1891-ին կը նուիրուի ուսուցչութեան նոյն վարժարանին մէջ: 1898-ին դարձեալ ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Տրապիզոն, Սեւ ծովեան շրջան եւ 1900-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Սեւ Ծովէն քաղած ներշնչումները այդ տեղափոխութեան կը պարտի:
1904-1905 տարիներուն նախ կ'անցնի [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]՝ նկարչութեան եւ գրականութեան հետեւելու, յետոյ կ'այցելէ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]] ու կը դառնայ Պոլիս: Առաւելաբար անձնական աշխատութեամբ ձեռք կը բերէ իր փափաքած զարգացումը:
1906-ին կը հրատարակէ «Ներաշխարհ»ը, զոր գրի առած էր 1898-1900-ին: Այս երկը անտիպ մնացած էր ամբողջ վեց տարի:
Ինտրապ կը շարունակէ ուսուցչութեան պաշտօնը վարել Պէրպէրեան, Կեդրոնական եւ Պեզազեան վարժարաններուն մէջ, աւանդելով գլխաւորապէս հայ գրականութիւն:
Օսմ. Սահմանադրութեան տարին, 1908-ին կը հրատարակէ «Նոճաստան»ը, քերթուածներու փոքրիկ հատոր մը:
Ինտրա մօտ 15 տարի իր աշխատակցութիւնը բերած է հայ թերթերուն եւ տարեգիրքերուն, զանազան յօդուածներով: Ուշագրաւ է մասնաւորաբար «Ներաշխարհ»ի պաշտպանութեան համար գրած իր ընդարձակ յօդուածաշարքը, ի պատասխան գրաբարագէտ Տիգրան Ելքէնճեանին, որ «Բիւզանդիոն»ի մէջ քննադատած էր այս գործը:
1910 թուականը անկիւնադարձ մը կը դառնայ Չրաքեանի կեանքին մէջ: Յաջորդական ներքին տագնապներ իր մէջ կ'առաջացնեն հոգեփոխութիւն եւ կ'ուրանայ իր անցեալը, գրական վաստակը, նոյնիսկ Իռենան: Նախ կը յարի ոգեհարցութեան, ապա շաբաթապահութեան, դառնալով աւետարանի քարոզիչ:
Համաշխարհային Առաջին պատերազմին իբրեւ հասարակ զինուոր կը ծառայէ թուրք բանակին մէջ. բայց կը մերժէ զէնք վերցնել, հաւատարիմ մնալու համար «մարդ չսպաննելու» իր սկզբունքին: Իր աշակերտները դրամ կը հաւաքեն եւ զինք կ'ազատեն զինուորութենէ՝ վճարելով անհրաժեշտ փրկագինը: Պոլիս վերադառնալով՝ կը շարունակէ Ս. Գիրքի քարոզչութեամբ զբաղիլ: Կինն ու մէկ հատիկ զաւակը կը հեռանան տունէն՝ անհանդուրժելի գտնելով շաբաթապահ քարոզիչի իր ընթացքը:
Խորապէս ցնցուած 1915-ի ահաւոր ոճիրներէն, ընդմիշտ կը կորսնցնէ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ անձնատուր կ'ըլլայ մտասեւեռումներու: Այդ օրերուն է որ կ'այրէ իր բոլոր ձեռագիրները: 1919-1920 տարիներուն կը հիմնէ Աւետարանական լսարան եւ կը քարոզէ Քրիստոսի սէռը եւ հանդերձեալ կեանքի գեղեցկութիւնը: Հոգեկան տագնապը այնուհետեւ արգելք կը դառնայ գրական ամէն ստեղծագործութեան եւ մահուան փափաքը իր հիմնական մտածումը կը դառնայ:
Քեմալական շարժումի օրերուն, Ինտրա մեկնած էր Գոնիա, ուր տունէ տուն պտտելով կը քարոզէր Աւետարանի եւ Քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնը: Կը ձերբակալուի իբրեւ կասկածելի ու վտանգաւոր անձ, «կիլիկեան յեղափոխական գործիչ» եւ կ'աքսորուի անծանօթ ուղղութեամբ: Տասնեակ օրերու տաժանելի ճամբորդութենէ ետք, իր բախտակիցներուն հետ կը հասնի Տիգրանակերտի դաշտը եւ անօթի, ծարաւ ու հիւանդ, մտրակներու հարուածներու տակ, ի վերջոյ շունչը կը փչէ 1921 Սեպտեմբերին, աքսորի ճամբուն մէջ, ընկերներուն յանձնարարելով սէր, միութիւն եւ հաւատք:
Իր ծանօթներուն վկայութեամբ՝ Ինտրա կեանքին ընթացքին եղած է ստորնութեանց եւ միջակութեանց մոլեգին դշնամի, վերջին ծայր սրասմիտ, վիճաբանիլը սիրող, գեղեցիկին առջեւ սարսռացող, զօրաւոր յուզումներ բնտռող եւ այդ յուզումներով գինովնալ սիրող բացառիկ անձ մը:
== Գործերը ==
Գրական նախափորձերը եղած են ոտանաւորներ՝ գրուած Պէրպէրեան վարժարանի ուսանող եղած օրերուն: «Բիւզանդիոն», «Շիրակ», «Ոստան», «Արեւելք» թերթերու մէջ ցրուած կը մնան Ինտրայի ստորագրութիւնը կրող բազմաթիւ արձակ էջեր, քննադատական փորձեր, ճամբորդական նօթեր եւ իմաստասիրական ու ոգեհարցական ուսումնասիրութիւններ:
Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը» հրատարակած է Չրաքեանի արժէքաւոր նամակները, որոնք յոյս կը սփռեն իր կեանքին եւ հոգեկան բեկումներուն վրայ:
Կը խօսուի նաեւ վէպի մը եւ սիրային արձակ քերթուածներու մասին, որոնք շատ հաւանօրէն յանձնուեցան կրակին, իր հոգեկան տագնապի օրերուն:
Հատորի ձեւին տակ Ինտրայէն մեզի փոխանցուած կը մնան երկու գործեր.-
 
1)'''«ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ»'''.- Տպուած 1906-ին, բայց գրուած 1898-1900 շրջանին, այսինքն երբ հեղինակը 23 տարեկան էր տակաւին:
== Գործերէն՝ ==
Տիրան Չրաքեան 16 Հոկտեմբեր 1900-ին Մ. Կիւրճեանին ողղուած նամակի մը մէջ կը գրէ. «Գիրքս լմցուցի այսօր: Օ~հ, մեծ, մեծ ազատումը, զոր սակայն, վարժութեամբ դեռ չեմ կրնար կոր չափել. գործին գաղափառը զիս այնքան նեղած էր, որ կարծես թէ դեռ լմնցուցած չեմ զայն. մինչդեռ իսկապէս լմնցաւ այս արտու»:
Գիրքը ձօնուած է իր ուսուցիչ-տնօրէնին՝ Ռ. Պէրպէրեանին, զոր կ'անուանէ «Մեծապայծառ Իմացականութիւնը»: Պէրպէրեան գրած է շահեկան յառաջաբան մը, ուր կը ջանայ մատնանշել Ինտրայի տաղանդին յատկանիշերը:
Ինչպէս խորագիրը ցոյց կու տայ, այս գիրքը կը պատկերացնէ Ինտրայի ներքին աշխարհը՝ արտաքին պատկերներու եւ դէպքերու շրջանակին մէջ: Տեսակ մը հոգեկան յուշագրութիւն:
Հոն կը գտնենք բնութեան նկարագրութիւններ՝ «Խոկացող» նոճիներով, ձիւնածածկ լեռներու տաճարային խորհուրդով, Պոլսոյ սլացիկ մինարէներով:
Ականատես կ'ըլլանք բանաստեղծի ապրումներուն՝ իր սենեակի առանձնութեան մէջ, գիշերուան լամպարի աղոտ լոյսին մէջ:
Մեզ կը փոխադրէ Սեւ Ծովու ափերը կամ բուրգերու ստորոտը, «Առասպելօրէն անրջացած սփինքսին» խորհրդաւոր նայուածքին տակ:
Այս գիրքին մէջ կը գտնենք տակաւին պաշտամունքը լոյսին, իր բիւրեղային մաքրութեամբ:
Հոս է սէրը՝ Իրենան, «լուսեղէն եւ արփային» այդ էակը, որ ամբողջովին լոյս է ու հոգի:
Գիրքը մեր առջեւ կը բանայ նաեւ մանկութեան յիշատակներ, եկեղեցիի զանգակին եւ խունկի բուրումներուն կախարդանքովը անուշցած:
Բանաստեղծական այս բոլոր ապրումներուն քովն ի վեր, «Ներաշխարհ»ը կու տայ վկայութիւններ արեւելքի եւ արեւմուտքի իմաստասիրական մտածումներէն, ինչպէս նաեւ արձագանգը կը հանդիսանայ ընկերային հարցերու:
Դժուար է այս գիրքին նիւթը ամփոփել, որովհետեւ աւելի վերլուծում է մտածումներու եւ զգացումներու, քան թէ դէպքերու պատմում:
 
2)'''«ՆՈՃԱՍՏԱՆ»''' (1908).- քառասուն հնչեակներու հաւաքածոյ մը, որուն մէջ տեղ գտած բոլոր քերթուածներն ալ ներշնչուած են նոճիներու խորհուրդէն եւ կը սեւեռեն անցաւորէն դէպի յաւիտենական կեանք ձգտող հոգիի մը տագնապանքը: Ինտրա հմայուած է նոճիներու երջանիկ ճակատագրէն, որովհետեւ, ըստ իրեն, անոնք ի վիճակի են ձգտելու յաւերժական լոյսին եւ ճշմարտութեան, իսկ ինք զուրկ է այդ գեղեցկութեանց հասնելու կարողութենէն:
== Գրական 3ատկանիշեր ==
Ինտրայի գրականութիւնը, իր ամբողջութեան մէջ, անմահութեան եւ անհունութեան հասնելու ձգտում մըն է՝ աննիւթացման եւ հոգեղինացման ճամբով: Այսպէս՝ երբ կը կարդանք «Ներաշխարհ»ը, անմոջապէս կ'անդրադառնանք որ անսովոր, բացառիկ գործի մը առջեւ կը գտնուինք: Այդ գիրքը ոչ բանաստեղծութիւն է եւ ոչ վէպ՝ ընթացիկ իմաստով: Սակայն իր մէջ կը պարունակէ թէ՛ բանաստեղծական եւ թէ՛ վիպային տարրեր: Ամբողջութիւնը խօսակցութիւն մը կը ներկայացնէ իր իսկ հոգիին եւ ապա նաեւ տիեզերական ոգիին հետ:
Ինտրա ոգեղէնի սիրահարն է եւ ամէն ինչ կ'ոգեղինացնէ: Կը խորշի առօրեայ կենցաղէն, նիւթէն եւ նիւթականէն: Յաւիտենականին եւ աստուածայինին գեղեցկութիւններն են որ զինք կը քաշեն: Իր սէրը, մարմնաւորուած Իռենայի անձով, ամբողջովին մաքրազտուած է աշխարհային եւ մարմնեղէն տարրերէ: Սէրը, Ինտրայի համար, բնութեան մէկ սքանչելի երեւոյթն է, անոր հրաշալի խորհուրդներէն մին: Իռենան կը ներկայանայ իրեն իբրեւ Աստուծոյ սրբալոյս մէկ ցոլքը, աննիւթ եւ անհպելի, որուն կարելի է մօտենալ լոկ կրօնական ջերմեռանդութեամբ:
Յաւիտենականութեան եւ անմահութեան գաղափառով լեցուած՝ Ինտրա ինքզինք մաս ու եղբայր կը զգայ բնութեան եւ երկինքին, տեւաբար ձգտելով աւելի աննիւթացման եւ աւելի յաւերժացման: Այս պատճառով է որ մահը իրեն համար բաղձալի բան մըն է, քանի որ առիթ կ'ընծայէ յաւերժութեան մերձենալու:
Գեղեցիկին ու լոյսին երգիչն է ինք, որովհեսեւ գեղեցիկը անանձ է ու վեր կը մնայ առօրեայէն: ԵՍ-էն դէպի ընհանրականը, շօշափելիէն դէպի անշօշափելին, նիւթէն դէպի ոգեկանութիւն- ահա Ինտրայի դաւանանքը, որ յագեցած է նաեւ Գեղեցիկի, Բարիի ու Ճշմարիտի ըմբռնումով, Պէրպէրեանի ազդեցութեան տակ: Մարդուս կեանքը- կը հաւատայ Ինտրա- դէպի տիեզերքի ստեղծիչը տանող ճամբուն վրայ ինկած հանգրուան մըն է: Այս անցքը պէտք չէ որ կաշկանդէ մեզ: Մարդ պէտք է գիտնայ արհամարհել աշխարհային ամէն վայելք, հասնելու համար յաւերժական հոգեղինացման:
«Ներաշխարհ»ին պէս «Նոճաստան»ն ալ կը պատմէ հողեղէն եւ աշխարհային կեանքի ունայնութիւնը: Ինտրա գիտէ միաձուլուիլ բնութեան տարրերուն, ձայներուն եւ գոյներուն հետ: Այս գիծով՝ ան կը մօտենայ համաստուածութեան, տիեզերական եղբայրակցութեան:
Ինտրա կը յորդի «անեզրութեան» գաղափարով: Սկիզբը ԵՍ-ն է, վախճանը՝ Աստուած: Դժգոհ է ընկերութենէն, որոխհեսեւ կը խորհի թէ ան կը կաշկանդէ մարդուս թռիչքը:
Իր իսկ երկը վերլուծող ընդարձակ յօդուածին մէջ, Ինտրա կը շեշտէ.- «Նիւթ ըսուածը խտացուած, սահմանաւորուած Արփն է. իսկ հոգին՝ սահմանազերց, անպարագիծ նիւթը: Մարդը փոխանցում մ'է ձեւէն դէպի իմաստը, տեսիլէն դէպի խորհուրդ, թիւէն դէպի Անհուն, իրականութենէն դէպի Գաղափարը»:
Այս ու նման գաղափարներով յագեցած՝ Ինտրա աւելի բանաստեղծ է քան փիլիսոփայ: Արուեստագէտ մը՝ որ կը մտածէ, կ'երազէ, կը հրճուի եւ կը տառապի: Տեսլահար մըն է գինովցած երկինքին եւ անհունին տեսիլքով: Մանուկի մը հիացիկ հոգիով կը քալէ կեանքին մէջ, յափշտակուած ստեղծագործութեան հռաշալիքներէն:
Որքան բովանդակութեամբ, նոյնքան նաեւ ձեւով ու արուեստով անսովոր գործ մըն է «Ներաշխարհ»ը մեր գրականութեան մէջ:
Ահա թէ ի՛նչպէս կը բնորոշէ Չրաքեան իր գործին բաղադրութիւնը.- «Լեռնագաւառ մ'է դժնդակ սեպութիւններով, բայց նաեւ խաղաղասփիւռ հովիտներով, յստակագիծ պայծառերանդ հեռուներով, բայց միանգամայն միգամած սարերով ու խաւարին խորքերով լի»: Այն շրջանին (1890-1900), երբ Պոլիսը գրեթէ պարպուած էր իր յայտնի դէմքերէն եւ գրականութիւնը տժգունած, աշնան դեղին տերեւներու վերածուած, գրական անարիւն էջերու տաղտկալի այս հանդէսին մէջ երկու բացառիկ խառնուածքներ կը ծաղկին, լուռ ու մունջ, գրեթէ կորսուած իրենց մեկուսի անկիւններէն ներս: Անոնցմէ մէկը Մ. Մեծարենցն է, միւսը՝ Տ. Չրաքեանը: Երկուքն ալ օժտուած են խոր զգայնութեամբ, երկուքն ալ մեծ արուեստագէտ ու վեր իրենց շրջապատի միջակութիւններէն: Ճիշդ այդ պատճառով ալ երկուքն ալ անտեսուած մնացին երկար ատեն:
Ինտրա, Մեծարենցի նման, բանաստեղծ է եւ նոյն ատեն ունի նկարչական շատ հարուստ զգայարանք: Աշխարհը կը տեսնէ շարունակ գունագեղ պատկերներով: Ամէն մէկ էջին մէջ կը ստեղծէ լոյսի եւ ստուերի խաղեր, կը կենդանացնէ բնութիւնը եւ մինչեւ իսկ թանձրացեալ իրականութեան մէջ կը վերածէ ծովուն ձայնն ու աղի համը:
Ինտրայի ոճը բարդ է: Փոխանակ անջատ նախադասութիւններ կազմելու, ան կ'աշխատի մտքերը ձուլել ընդհանրացումներու մէջ:
Գրեթէ բնաւ չի գործածեր մաշած կաղապարներ: Ամէն մէկ նախադասութեան եւ ստեղծած պատկերին վրայ իր անձին կնիքը կայ: Գերազանցօրէն ինքնատիպ հեղինակ մըն է այնպէս որ Ինտրայի մէկ էջը բաւարար է զինք զատելու ուրիշներէ:
Զարտուղի ճամբաներէ քալող այս մեծ գրագէտը ունի անշուշտ իր թերութիւններն ալ: Ինտրայի ոճը շատ ծանրաբեռուած է բազմայարգ նախադասութիւններով, ոլորուն բառերով: Ճիշդ այս պատճառով «Ներաշխարհ»ի ընթերցումը կը յոգնեցնէ թերեւս բայց չի ձանձրաձներ: Տեղ-տեղ Ինտրա կը դառնայ շատաբան, այսինքն շատ կը բացատրէ եւ շատ կը վերլուծէ, առանց ընթերցողին տալու անձնական գիւտին հաճոյքը: Բառերու հեղեղի մը ներքեւ յաճախ կը խեղդէ մտածումի եւ նկարագրութեան իրականութիւնը: Մերձիմաստ կամ նոյնիմաստ բառերու տարափները կը տեղան՝ առաջ բերելով պրկուած ու ծանր պարբերութիւններ: Հայկազեան բառարանին հարստութիւնը եւ մեր կէտադրութեան նշանները զինք չեն գոհացներ: Իր ներքին յոյզերն ու մտածումին նրբութիանները արտայայտելու համար կը յօրինէ նոր բառեր եւ կէտադրական նոր նշաններ:
Եթէ երբեմն յաջող են Ինտրայի կերտած բառերը (ինչպէս՝ հիանուաղ, խնկաթեւ, միւռոնացում, եւն.) շատ անգամ սակայն խժալուր կը դառնան՝ իրենց բռնազբօսիկ կառոյցով. Օրինակ՝ ժանտարերգ, ծովաժուարդ, տիտանուագային , ծածկայուն, եւն.:
Հակառակ այս բոլորին, Ինտրայի գործը կը պահէ իր մնայուն արժէքը, իբրեւ վկայութիւնը արուեստագէտ բացառիկ խառնուածքի մը, որ նոյն ատեն իր մէջ կը կրէր բանաստեղծի գերազգայուն հոգի եւ իմաստասէրի տագնապող միտք:
 
* «Ներաշխարհ» ([[1906]])
* «Նոճաստան» (քերթուածներ, [[1908]])
 
[[Կատեգորիա:1875 ծնունդներ (արւմտ․)]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ինտրա» էջէն