«Իրաւաբանութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 3.
 
[[Պատկեր:CourtGavel.JPG|250px|աջից|Իրաւագիտական փիլիսոփաները հարց կու տան միշտ, թէ «ի՞նչ է իրաւունքը» եւ «ի՞նչ պէտք է ըլլայ իրաւունքը»:]]
'''Իրաւաբանութիւն''', գիտութիւնը իրաւունքի մասին: Իրաւաբանները կը զբաղին իրաւունքի բնոյթի եւ զարգացման համակարգուած պարզաբանմամբ, կը բացայայտեն այն սկզբունքները, որոնց վրայ հիմնուած է կամ պէտք է հիմնուած ըլլայ իրաւունքը` ներառեալ անոր կապը այլ հաստատութիւններու եւ գործելակերպերու, օրինակ` բարոյականութեան հետ, ինչպէս նաեւ կը բացայայտեն անոր ներքին գործելակերպը<ref>{{cite book|last=Garner|first=Bryan A.|title=Black's law dictionary|year=2009|publisher=West|location=Saint Paul, Minnesota, USA|isbn=0314199497|pages=Jurisprudence entry|edition=9th}}</ref> : «Իրաւունքը» կրնայ ըլլալ գործող եւ բնական (այստեղէն է «բնական իրաւագիտութիւն» կարեւոր աւանդոյթը) կամ նոյնիսկ ներկայացուած որպէս կարգաւորիչ օրէնսագիրք, որ պաշտօնական իրաւական համակարգի բաղկացուցիչ մասը չէ: Կրնայ թուիլ, թէ այս խնդիրներու վերացական բնոյթը կը հեռացնէ իրաւաբանութիւնը իրաւունքի բովանդակութենէն, սակայն սկզբունքները, որոնք իրաւաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ կամ կը նկարագրէ, կը կազմեն (կրնան կազմել) իրաւաբաններու գործելակերպի բաղկացուցիչ մասը կամ կը կիրառեն (կրնան կիրառկել) [[իրաւական համակարգ]]ի շրջանակներուն մէջ: Հետեւաբար, իրաւունքի եւ իրաւագիտութեան կապը կը նմանի [[Քաղաքականութիւն|քաղաքականութեան]] եւ [[Քաղաքագիտութիւն|քաղաքագիտութեան]] կապին<ref name="Shiner" /><ref name="Govekar">Dr Ketan Govekar. ''Comparison of Historical School with Analytical School of Jurisprudence.'' Kare College of Law. http://www.grkarelawlibrary.yolasite.com/resources/LLM-LT-1-KG.pdf (retrieved May 7, 2016)</ref>:
 
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
 
[[Կատեգորիա:Փիլիսոփայութիւն]]