«Ներսէս Լամբրոնացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 50.
Հասարակական կեանքը պէտք է բարվոքել, պէտք է փոխել մարդոց հայեացքն ու վարքը, վերաբերմունքը նիւթական արժէքներու նկատմամբ։ Հասարակութեան բարոյական նկարագիրը բարձրացնելու խնդիրին մէջ ան լուրջ դեր յատկացուցած անկաշկանդ քննադատութիւնը, այս հարցին մէջ զարգացնելով ամբողջական ուսմունք մը։
 
Ներսէս Լամբրոնացին արծարծած է նաեւ ազգային եւ համազգային փոխյարաբերութեան հարցը։ Քննադատած է ազգային թշնամանքի քարոզը, կրօնադաւանաբանական տարբերութիւններու հիմքի վրայ ազգերը իրարու հակադրելը։ Ըստ անոր, վատ կամ լաւ, չար կամ բարի է ոչ թէ ողջ ազգը, այլ ազգի առաձինառանձին ներկայացուցիչներ։ Ներսէս Լամբրոնացին գրած է. «Արդ եթէ ես միոյ ազգի ջատագով էի, ընդ այլսն երբ էր կար հաղորդիլ. բայց ընդ իւրաքանչիւրսն որ միմեանց թշնամիք են՝ խառնիմ, և զբնաւսն շահիմ ըստ Քրիստոսի առաքելոյն...»։ Այս գաղափարները հանգեցած են Վերածնութեան դարաշրջանի մտածողներուն յատուկ մարդասիրութեամբ։
 
Ներսէս Լամբրոնացիի աշակերտները անոր ձօնած են երկեր, գրի առած են անոր կեանքն ու գործը։ Բնութագրելով ուսուցիչին, [[Գրիգոր Մլիճեցի (արեւմտահայերէն)|Գրիգոր Սկեւռացին]] կը գրէ. «Բղխէր իբրև զաղբիւր, յառաջէր որպէս զգետ, ծաւալէր իբրև զծով»։ Ն. Լամբրոնացին մեծարուած է «Տիեզերական վարդապետ», «Սիրելի»,«Սուրբ» մակդիրներով։ Յանկարծամահ եղած է քարոզի ժամին, թաղուած է Սկեւռայի վանքին մէջ։