«Լեարդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
մանր-մունր, փոխարինվեց: → (7) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 4.
[[Պատկեր:Liver 04 Couinaud classification animation.gif|մինի|Լեարդը.]]
[[Պատկեր:Leber Schaf.jpg|thumb|[[Ոչխար (արեւմտահայերէն)|Ոչխար]]ի լեարդ]]
 
 
== Յաւելեալ ==
Տող 16 ⟶ 15՝
Իւրաքանչիւր բլթակ ունի իր ծորանը՝ մաղձուղին (bile duct): Այս ծորանները միանալով կը կազմեն լեարդի միացեալ մաղձուղին (common Hepatic duct), որ ունի 2.5 սմ. երկարութիւն: Ան, կ'ուղղուի դէպի վար եւ կը միանայ լեղուցածորանին (cystic duct) հետ ու կը կազմէ մաղձածորանը (bile duct), որ իր կարգին զուգահերաբար կը քալէ յետսաստամոքսային գեղձի (pancrease) ծորանին հետ: Այս երկու ծորանները միանալէ ետք կը բացուին տասներկումատնեայ աղիքին (duodenum) մէջ:
 
Լեարդը հարուստ է [[արիւն|արիւնով]]ով: Ան կը պարունակէ մարմնի արեան 10 տոկոսը: Ամէն վայրկեան լեարդէն դուրս կը մղուի մօտաւորապէս 1.5 լիթր արիւն:
 
Լեարդը հարուստ է [[արիւն|արիւնով]]: Ան կը պարունակէ մարմնի արեան 10 տոկոսը: Ամէն վայրկեան լեարդէն դուրս կը մղուի մօտաւորապէս 1.5 լիթր արիւն:
Սաղմային կեանքի ընթացքին լեարդը ունի արիւնաշինութեան դերակատարութիւն: Ծնունդէն ետք անոր հիմնական դերակատարութիւնն է՝ մասնակցիլ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) գործընթացին:
Լեարդի բջիջները ունին կարեւոր յատկութիւն մը: Անոնք դիւրաւ կը վերանորոգուին, այսինքն՝ կ'աճի'ն եւ կը բազմանան: Այս մէկը կը տեսնուի, երբ լեարդը վիրաւորուի, հիւանդանայ, անկէ մաս մը վիրահատուի եւ կամ փոխպատուաստումի գործածուի: Լեարդի մնացեալ առողջ մասը քանի մը ամիսներու ընթացքին կը վերագտնէ իր նախկին բնական չափը եւ ծաւալը:
 
 
Տեսնուած է, որ լեարդի 70 տոկոսի հատումով, մնացեալ լեարդի բաժինը բաւարար է բնական աշխատանքի համար<ref name=EMedicine1900159>{{EMedicine|article|1900159|Liver Anatomy}}</ref>:
Տող 66 ⟶ 63՝
 
==== Hepatitis B (HBV) ====
Անիկա լեարդաբորբի ամէնէն վատը, դժուարագոյնը եւ խրթինն է: Անիկա լեարդաբորբերու երկրորդ ամէնէն շատ պատահած տեսակն է: Թխսաւորումը կը տեւէ 40-180 օրեր: Լեարդաբորբը ուրիշին կը փոխանցուի առաւելաբար արեան ճամբով՝ վարակուած արեան փոխներարկումով եւ թմրեցուցիչ գործածողներու սրսկումի ասեղներով: Փոխանցումը կրնայ ըլլալ նաեւ սեռային յարաբերութեամբ, ինչպէս նաեւ մօրմէն իր զաւակին յղութեան շրջանին: HBV լեարդաբորբը աւելի շատ կը պատահի հիւանդանոցներու անձնակազմերուն մօտ եւ այն հիւանդներուն, որոնք ասեղներով յաճախակի սրսկում կը ստանան: Անիկա կրնայ վերածուիլ մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբի եւ ենթակաները կը նկատուին կրողներ (carriers), որոնք պատճառ կը դառնան հիւանդութեան տարածման:
 
==== Hepatitis C (HCV) ====
Տող 76 ⟶ 73՝
 
==== Hepatitis E (HEV) ====
HEV լեարդաբորբի փոխանցումը տեղի կ'ունենայ կղկղանքի միջոցաւ: Իսկ անոր թխսաւորումը կը տեւէ 15-60 օր: HBV սուր լեարդաբորբի պարագաներուն 10 տոկոսը եւ HCV-ի պարագաներուն 75 տոկոսը կը վերածուին մնայուն-երկարատեւ լեարդաբորբի: HAV եւ HEV սուր լեարդաբորբերը մնայուն լեարդաբորբի չեն վերածուիր: Շատ մը պարագաներու երկարատեւ լեարդաբորբի պատճառը կը մնայ անյայտ:
 
Սուր լեարդաբորբի ախտանշանները կը զարգանան երեք հանգրուաններով.
Տող 82 ⟶ 79՝
#Սուր բորբոքումը կը յայտնուի հետեւեալ ախտանշաններով՝ ախորժակի նուազում, յոգնածութիւն, նողկանք, փսխունք, մեղմ ջերմ, լեարդի ցաւ, երբեմն քերուըտուք եւ յօդացաւ մանաւանդ՝ HBV պարագային.
#Դեղնութիւնը (jaundice) կը յայտնուի ախտանշաններու սկսելէն 3-10 օրեր ետք: Մէզը կը դառնայ թուխ դեղին:
Դեղնութիւնը կը տեւէ 1-2 շաբաթներ եւ կամաց կամաց կը մեղմանայ: Վերոյիշեալ ախտանշանները յաճախ կը բարելաւուին հակառակ անոր, որ դեղնութիւնը կը սաստկանայ: Ապա լեարդը կը ծաւալի ցաւով: Լեարդին հետ երբեմն կը ծաւալի նաեւ փայծաղը (spleen): 2-4 շաբաթներ ետք հիւանդին ախորժակը կը բարելաւուի եւ 4-8 շաբաթներ ետք ընդհանուր վիճակը կը դառնայ բնականոն:
 
===== Կարեւոր կետեր =====
*HAV լեարդաբորբի պարագային յաճախ դեղնութիւն չի զարգանար:
*HCV լեարդաբորբը ամէնէն շատ մնայունի վերածուող լեարդաբորբն է:
*Սուր լեարդաբորբի ախտաճանաչումը սկզբնաւորութեան կը դժուարանայ, որովհետեւ անոր ախտանշանները կը նմանին շատ մը ուրիշ ժահրային բորբոքումներու: Արեան յատուկ քննութիւններ եւ վերոյիշեալ հինգ տեսակ ժահրերու քննութիւնները պարտաւորիչ են հասնելու համար ախտաճանաչումին:
*Սուր լեարդաբորբը մասնայատուկ դարմանամիջոց չունի. սակայն հետեւեալ միջոցառումները խիստ կարեւոր են բարելաւելու համար ենթակային հիւանդագին վիճակը՝ չաշխատիլ, հանգիստ ընել տան մէջ, սննդարար կերակուր ուտել, առատ հեղուկ խմել, ալքոլ չգործածել եւ ախտանշանները դարմանել, այսինքն՝ հակաջերմ եւ ցաւաբեկ դեղեր գործածել:
*Դեղնութիւնը անյայտանալէ ետք անհատը կրնայ աշխատիլ եւ գործի սկսիլ:
Տող 116 ⟶ 113՝
==== Լեարդային պզտիկ բուշտ-տոպրակ (cyst){{sfn|Marieb|Hoehn|2012|p=881}} ====
Այս տոպրակները ընդհանրապէս ախտանշան չեն ունենար եւ անոնք կը տեսնուին փորի «Ք» ճառագայթային նկարահանումներու միջոցաւ: Միակ ախտանշանը լեարդի ծաւալումն է:
 
 
[[Պատկեր:Anatomy Abdomen Tiesworks.jpg|մինի]]
 
==== Ժապաւէնաձեւ որդի բուշտէ (hydatid cyst) ====
Այս բուշտի ախտապատճառը որդ մըն է, որ կ'ապրի ոչխարի եւ ձիու մարմինին մէջ: Սակայն անիկա կու գայ շուներէն եւ գայլերէն: Մարդ արարածը կը վարակուի այս հիւանդութեամբ, երբ ուտէ բան մը, որ կը պարունակէ վարակուած շունին կղկղանքին մէջ գտնուած որդին հաւկիթները: Կլլելէ ետք այս հաւկիթները, անոնք կը հասնին բարակ աղիքներ եւ հոնկէ ներծծուելով կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ ու կը հասնին լեարդ եւ երբեմն ալ թոքերը, ոսկորներուն մէջ եւ ուղեղ, ուր տեղի կ'ունենայ բուշտի կազմութիւնը: Բուշտը կը ծաւալի ժամանակի ընթացքին եւ կը լեցուի հեղուկով ու մանր բուշտիկներով (small cysts): Լեարդի բուշտը, որ կրնայ ունենալ մէկ լիթրի ծաւալ, կրնայ պայթիլ եւ անոր բուշտիկները կրնան տարածուիլ թոքերուն, աւշագեղձերուն մէջ եւ այլ տեղեր: Պայթումի պարագային անհատը կ'ունենայ ցաւ, ջերմ եւ քերուըտուք:
 
Ժապաւէնաձեւ որդի բուշտը ինքնին կը յառաջացնէ թեթեւ ջերմ եւ փորի ցաւ: Դեղնութիւն կը յառաջանայ երբ բուշտը խցէ մաղձի ծորանը: Որոշ ախտանշաններ կը յայտնուին երբ անիկա կը տարածուի մարմինին մէջ՝ այլ տեղեր: Թոքերուն մէջ տարածուելով կը յառաջանայ հազ, կրծքացաւ եւ արիւնախարն խուխ:
Տող 128 ⟶ 124՝
Իսկ անոնց դարմանումը կը կատարուի դեղերով եւ բուշտերու վիրահատումով:
 
==== Քաղցկեղ<ref name="cancer.ca"/>====
==== Քաղցկեղ<ref name="cancer.ca">{{cite web|url=http://www.cancer.ca/en/cancer-information/cancer-type/liver/anatomy-and-physiology/?region=on |title=Anatomy and physiology of the liver - Canadian Cancer Society |publisher=Cancer.ca |accessdate=2015-06-26}}</ref>====
Լեարդի քաղցկեղը ընդհանրապէս կը պատահի տղամարդոց մօտ, աւելի գերերու, լեարդի երկարատեւ բորբոքում, լեարդի փճացում, շաքարախտ, HBV եւ HCV լեարդաբորբ ունեցողներու ինչպէս նաեւ՝ ալքոլամոլներու:
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Լեարդ» էջէն