«Լեարդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ավելացվեց Կատեգորիա:Գիտութիւն ՀոթՔաթ գործիքով
No edit summary
Տող 77.
Սուր լեարդաբորբի ախտանշանները կը զարգանան երեք հանգրուաններով.
#Թխսաւորումի ընթացքին ժահրը կը բազմապատկուի եւ կը տարածուի առանց ախտանշանի.
#Սուր բորբոքումը կը յայտնուի հետեւեալ ախտանշաններով՝ ախորժակի նուազում, յոգնածութիւն, նողկանք, փսխունք, մեղմ ջերմ, լեարդի ցաւ, երբեմն [[քերուըտուք]] եւ յօդացաւ մանաւանդ՝ HBV պարագային.
#Դեղնութիւնը (jaundice) կը յայտնուի ախտանշաններու սկսելէն 3-10 օրեր ետք։ Մէզը կը դառնայ թուխ դեղին։
Դեղնութիւնը կը տեւէ 1-2 շաբաթներ եւ կամաց կամաց կը մեղմանայ։ Վերոյիշեալ ախտանշանները յաճախ կը բարելաւուին հակառակ անոր, որ դեղնութիւնը կը սաստկանայ։ Ապա լեարդը կը ծաւալի ցաւով։ Լեարդին հետ երբեմն կը ծաւալի նաեւ փայծաղը (spleen): 2-4 շաբաթներ ետք հիւանդին ախորժակը կը բարելաւուի եւ 4-8 շաբաթներ ետք ընդհանուր վիճակը կը դառնայ բնականոն։
Տող 117.
 
==== Ժապաւէնաձեւ որդի բուշտէ (hydatid cyst) ====
Այս բուշտի ախտապատճառը որդ մըն է, որ կ’ապրի ոչխարի եւ ձիու մարմինին մէջ։ Սակայն անիկա կու գայ շուներէն եւ գայլերէն։ Մարդ արարածը կը վարակուի այս հիւանդութեամբ, երբ ուտէ բան մը, որ կը պարունակէ վարակուած շունին կղկղանքին մէջ գտնուած որդին հաւկիթները։ Կլլելէ ետք այս հաւկիթները, անոնք կը հասնին բարակ աղիքներ եւ հոնկէ ներծծուելով կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ ու կը հասնին լեարդ եւ երբեմն ալ թոքերը, ոսկորներուն մէջ եւ ուղեղ, ուր տեղի կ’ունենայ բուշտի կազմութիւնը։ Բուշտը կը ծաւալի ժամանակի ընթացքին եւ կը լեցուի հեղուկով ու մանր բուշտիկներով (small cysts): Լեարդի բուշտը, որ կրնայ ունենալ մէկ լիթրի ծաւալ, կրնայ պայթիլ եւ անոր բուշտիկները կրնան տարածուիլ թոքերուն, աւշագեղձերուն մէջ եւ այլ տեղեր։ Պայթումի պարագային անհատը կ’ունենայ ցաւ, ջերմ եւ քերուըտուք։[[քերուըտուք]]։
 
Ժապաւէնաձեւ որդի բուշտը ինքնին կը յառաջացնէ թեթեւ ջերմ եւ փորի ցաւ։ Դեղնութիւն կը յառաջանայ երբ բուշտը խցէ մաղձի ծորանը։ Որոշ ախտանշաններ կը յայտնուին երբ անիկա կը տարածուի մարմինին մէջ՝ այլ տեղեր։ Թոքերուն մէջ տարածուելով կը յառաջանայ հազ, կրծքացաւ եւ արիւնախարն խուխ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Լեարդ» էջէն