«Լեւոն Ա․ Ռուբինեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Azniv Stepanian տեղափոխեց էջը «Լեւոն Ա Ռուբինեան»-ից «Լեւոն Ա․ Ռուբինեան»
No edit summary
Տող 34.
Այնուհետեւ Լեւոնը, դաշնակցելով Եդեսիոյ կառավարիչ
Ճոսլինին եւ [[Հալէպ]]ի Զանգի ամիրային, [[1135]]–36–ին յաջողութեամբ կռիւներ մղեց Անտիոքի դքսութեան ու Երուսաղէմի թագաւորութեան դէմ, ընդարձակեց իշխանութեան սահմանները դէպի հարաւ–արեւելք։ Անտիոքի դուքս Ռայմոնտը Մարաշի դուքս Բաղդինի աջակցութեամբ [[1136]]–ին խարդախաբար ձերբակալեց Լեւոնին, որ ազատ արձակուեցաւ [[Մամեստիա]], [[Ատանա]], [[Սարուանդիքար]] քաղաքները Թայմոնդին զիջելուց, [[6000]] դուկատ փրկագին վճարելէն յետոյ։ Նոյն թուականին Լեւոնը պարտութեան մատնեց Ռայմոնտին եւ վերստին գրաւեց յիշեալ քաղաքները։ Բիւզանդիայի յարձակման սպառնալիքի պայմաններուն, շուտով Լեւոնը եւ Ռայմոնտը հաշտուեցան։ Լեւոնը հերոսական դիմադրութիւն կազմակերպեց [[1137]]–ի յուլիսին Կիլիկիա ներխուժած բիւզանդական մեծաթիւ ուժերու դէմ։ Սակայն շրջապատման մէջ իյնալով, անձնատուր եղաւ Յովհաննէս Կոմնենոս կայսրին։ Վերջինս Լեւոնին, անոր կնոջը եւ երկու որդիին՝ [[Ռայմոնտ]]ին եւ [[Թորոս]]ին, շղթայակապ ուղարկեց Կոստանդնուպոլիս։ Այստեղ [[1138]]–ին սպաննեցին գահաժառանգ Ռայմոնդին։ Վիշտէն վախճանեցաւ նաեւ Լեւոնը։ Իսկ Թորոսը (Թորոս Բ.)[[1143]]–ին կարողացաւ փախչիլ գերութենէն եւ վերականգնել Հայոց ընդհատուած պետականութիւնը։
 
{{ՀՍՀ}}
 
[[Կատեգորիա:Ռուբինեաններ]]
[[Կատեգորիա:1139 մահեր (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Կիլիկեան Հայաստանի իշխաններ]]