«Լեւոն Եագուպեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եագուպեան Լեւոն''', ծնած է 14 Օգոստոս 1900ին Կեսարիա: Նախակրթութիւնը Կիւմիւշեան եւ միջնա...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

19:54, 9 Նոյեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եագուպեան Լեւոն, ծնած է 14 Օգոստոս 1900ին Կեսարիա: Նախակրթութիւնը Կիւմիւշեան եւ միջնակարգ ուսումը՝ Միացեալ ուսումնարանին մէջ ստացած է: Պատերազմի ժամանակ գաղթական հանուած է մօրը եւ պզտիկ եղբօրը հետ. որոնք ինկած են ճամբան Շէյխ-Միսքին-Հավրան: 1918ին ազատելու համար ինքզինքն Էլ Քարի. լէէն (Ճէպէլի Տիւրզի) կը սկսի մէկ քանի ընկերներով արաբական ճակատը ճեղքել: 23 օրուան տաժանելի ճամբորդութենէ յետոյ կը հասնի Կարմիր ծովու եզերքը՝ Ագապա: Անկէ կ’անցնի Բորթ Սայիտ եւ Անգլիական բանակին կը ծառայէ 1 Նոյեմբեր 1918էն 19 Դեկտեմբեր 1920, որմէ վերջ՝ եղբօրը Սարգիսի օգնութեամբ կ’երթայ Ամերիկա եւ հոն Նիւ Եորքի մէջ կը զբաղի հիմադերձակութեամբ: Կեսարիոյ Վեր. Միութեան կ’անդամակցի 1925ին եւ վարչութեան անդամ կ’ընտրուի 1932ին:

Քարտուղարն է Կեսարիոյ Վերաշինական Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին: Իր եռանդուն եւ անխոնջ աշխատութեանց համար պատուուած է 1935ին «հարուածային» տիտղոսով Կեսարիոյ Վերաշինական Միութեան կողմէ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 641: