«Լիբանան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Հետ է շրջվում 5503188 խմբագրումը, որի հեղինակն է՝ Hajoxutyun (քննարկում) մասնակիցը
Հետ է շրջվում 5503185 խմբագրումը, որի հեղինակն է՝ Hajoxutyun (քննարկում) մասնակիցը
Տող 1.
== Լիբանանահայ Համայնքը ==
Lav hamaynq e
Լիբանանահայութիւնը ամէնէն հին հայկական գաղութներէն մէկն է աշխարհի տարածքին: [[Ցեղասպանութիւն]] վերապրած ժողովուրդի մասնիկները շատ կարճ ժամանակահատուածի մը մը ընթացքին, Լիբանանի մէջ ստեղծած են ծաղկուն հայկական գաղթօճախ մը՝ բազմազան եւ բազմաբնոյթ ենթակառոյցներով` եկեղեցիներով, վանքերով, դպրոցներով, մամուլով, մշակութային, մարզական եւ բարեգործական միութիւնններով, աճեցնելով հայախօս ու հայրենասէր նոր սերունդներ: Հայերը` Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին եղբայրական վերաբերմունքին շնորհիւ կը յաջողին պահպանել հարուստ ազգային մշակոյթն ու արժէքները եւ լիիրաւ քաղաքացիներ ըլլալով` իրենց աշխատասիրութեան եւ տաղանդին շնորհիւ շօշափելի ներդրում կ'ունենան Լիբանանի զարգացման եւ բարգաւաճման գործին մէջ: Լիբանանահայութիւնը իր ուրույն դերակատարութեամբ եւ ներուժով կը հանդիսանայ երկու բարեկամ երկիրները` Հայաստանն ու Լիբանանը միացնող ամուր եւ յուսալի կամուրջը: Լիբանանահայ գաղութը մինչեւ 1970-ական թուականներու կէսերը շուրջ 250-300 հազար կը հաշուէր: Քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմին ու անոր հետեւանքով յառաջացած անապահովութեան ու տնտեսական տեւական ճգնաժամերուն հետեւանքով այդ թիւը կր նուազի, հասնելով շուրջ 140-150 հազարի:
=== Համայնքին քաղաքական կառոյցը ===
Լիբանան տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած է հայ երեք աւանդական կուսակցութիւններու կեդրոնատեղին, կամ անոնց կարեւորագոյն օղակներէն մէկը:
Լիբանանի մէջ կը գտնուին բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ [[Սփիւռք]]ի հսկայ կառոյցներ, ինչպէս՝ «Համազգային» մշակութային միութիւնը, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.), Հայ մարզական միութիւնը (Հ.Մ.Մ.) եւ այլն:
=== Եկեղեցիները ===
Լիբանան հայ եկեղեցական մեծագոյն կեդրոններէն է: Հոն կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք-կաթողիկոսի (Կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ), Հայոց եւ Մերձաւոր Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահի նստավայրերը:
=== Կրթական, բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կապեր ===
Լիբանանահայ գաղութը աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ տարածաշրջանի բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կեանքէն ներս կազմելով Լիբանանի բազմերանգ հասարակութեան կարեւորագոյն մասը: Անոր կը նպաստեն գործող բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կազմակերպութիւնները (Հ.Բ.Ը.Մ., Համազգային, [[Լ.Օ.Խ.]], Թ.Մ.Մ., Հ.Մ.Ը.Մ., Հ.Մ.Մ., Հ.Ե.Ը. եւ այլն):
Գաղութին մէջ կը գործեն մեծ թիւով հայկական վարժարաններ, որբանոցներ, ծերանոցներ, բժշկական եւ մշակութային կեդրոններ, հայրենակցական, արհեստակցական եւ մասնագիտական միութիւններ, յատկապէս՝ լիբանանահայ բժշկական միութիւնը, հայ արհեստավարժներու միութիւնը, գործարարներու միութիւնը, ընկերային ծառայողներու միութիւնը:
Պէյրութի մէջ կը գտնուի Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը` Հայկազեան համալսարանը:
[[Պատկեր:Beirut Universitet Haigazian.jpg|մինի|աջից|[[Հայկազեան Համալսարան|Պէյրութի Հայկազեան Համալսարան]]]]
Լիբանանահայ դպրոցները կ'առաջնորդուին պետական դպրոցական ծրագիրով`իրենց ուսումնական ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացնելով նաեւ հայագիտական առարկաներուն: Լիբանանահայ գաղութին դպրոցական ցանցը ներկայիս կը մնայ սփիւռքի ամէնէն կազմակերպուած ցանցերէն մէկը:
Լիբանանահայ գաղութը մշտական կապ կը պահէ հայրենիքի հետ` կարճ կամ երկար ժամկէտներով անուանի արուեստագէտներ (բեմադրիչներ, դերասաններ, խմբավարներ, նկարիչներ, երգիչներ, պարուսոյցներ եւ պարախումբեր), մարզիկներ եւ մարզիչներ հրաւիրելով [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]էն:
=== Լիբանանահայ մամուլ ===
Լիբանանահայ մանուլը ունի հարուստ աւանդոյթներ: Կը տպուին բազմաթիւ ամսագիրներ, եռամսեաներ, տարեգիրքեր, շաբաթաթերթեր եւ այլն, որոնց մէջ կ'առանձնանան երեքը` «Ազդակ» ([[Հ.Յ.Դ.]]), «Զարթօնք» (Ռ.Ա.Կ.) եւ «Արարատ» (Ս.Դ.Հ.Կ.) թերթերը:
Կը գործեն նաեւ «Վանայ Ձայն» եւ «Ռատիօ Սեւան» ձայնասփիւռի կայանները: "Future" եւ "OTV" hեռատեսիլի կայաններէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պետական ձայնասփիւռի կայանէն ամէնօրեայ կէս ժամ տեւողութեամբ հաղորդումներ կը հեռարձակուին հայերէն լեզուով:
==== Արուեստի ցուցասրահներ ====
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» եւ «Նոյեան Տապան» ցուցասրահներուն մէջ յաճախակի կը կազմակերպուին արուեստի գործիչներու ցուցահանդէսներ <ref>http://lebanon.mfa.am/hy/community-overview/ Լիբանանահայ Համայնքը</ref>:
 
== Պատկերասրահ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Լիբանան» էջէն