«Լիթուանիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ El-ßäbrega տեղափոխեց էջը «Լիթվա»-ից «Լիթուանիա»
Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (-https://books.google.com/ +https://books.google.am/)
Տող 120.
Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ միաւորումը ունեցաւ մեծ միջազգային հետեւանքներ: Իրենց հզօրութեան գագաթնակետը գտնուող երկու տերութիւններու միացումը բերեցաւ համաեայ թէ նօր քաղաքակրթութեան առաջացման: Միութիւնն ստեղծելու անմիջական պատճառը հանդիսացան Թեւտոնական Օրտենի սպառնալիքները: Կային նաեւ այլ պատճառներ. Լեհաստանը, որ հազիւ ուշքի եկած էր մոնկոլներու արշաւանքներէն եւ խուսափած էր Սեւ մահէն, ցանկասիրութեամբ կը նայէր դէպի Արեւելքի հեռաստանները: Լիթուանիան, ուր դեռեւս կը կառավարէին հեքանոս տիրակալները, անյանգիստ կը զգար հարեւան Մոսքուիոյ վերելքէն եւ կը ձգտէր մտնիլ քրիստոէական աշխարհ: Սա երկու երկիրները աջակցութիւն կը փնտռէին մէկ զմէկու, այնպէս որ Եատւիկայի եւ Եակայլօյի ամուսնութիւնը աւելի քան տեղին եղած էր<ref>Նօրման Տէյվիս, Եւրոպա.Պատմութիւն [http://www.istorija.senamiescio-g.lt/Naudinga/Knygos/Norman.Davies.-.Europa.Istorija.2008.LT.pdf] էջ 437 [[լիթուաներէն]] Վերցուած է 2016 Ապրիլ 10ին</ref>:
 
Երկու քաղաքացիական պատերազմներէն ետք Մեծն Վիթաւթասը 1392-ին դարձաւ Լիթուանիոյ Մեծն Դուքս: Անոր իշխանութեան տարիներուն Լիթուանիան հասաւ իր տարածքային նուաճումներու բարձրակէտին, սկսուեցաւ պետականութեան կեդրոնացումը եւ լիթուանական ազնուականութիւնը դարձաւ աւելի ու աւելի պետական քաղաքականութիւն վարող: Վորսքլայ գետի ճակատամարտին, 1399-ին Թոխթամիշի եւ Վիթաւթասի միացեալ ոյժերը ջախջախուեցան մոնկոլներու կողմէ: Լիթուանիոյ եւ Լեհաստանի բանակներու սերտ համագործակցութեան շնորհիւ 1410-ին հասան խոշոր յաղթանակի Թեւթոնական Ասպետներու նկատմամբ Կրիւնվալտի ճակատամարտին, որը Միջնադարի Եւրոպային մէջ խոշորագոյններէն մին եղած է:<ref name="Lane"><small> Lithuania: Stepping Westward https://books.google.comam/?id</ref><ref>The New Encyclopædia Britannica Հատոր 17 (1998) Էջ 545</small></ref><ref>Ideology and national identity in post-communist foreign policies https://books.google.comam/books?id Էջեր186–</ref>
 
Հիւսիսային Պատերազմին (1655–1661) լիթուանիոյ տարածքը եւ տնտեսութիւնը աւերուեցաւ Շուէտի բանակին կողմէ: Անորը յաջորդեցաւ Մեծ Հիւսիսային Պատերազմը, որուն ընթացքին զոհերուն թիւը հասաւ երկիրին բնակչութեան 40%-ը:<ref>Անկախութիւն Տանող Ճամբան http://www.liw.lt/archive_vid.php?shid=1211283347&id=1211283055 https://web.archive.org/web/20110512014106/http://www.liw.lt/archive_vid.php?shid</ref> Դուրսին ոյժերը, նամանաւանդ՝ Ռուսիան, դարձան Համագործակցութեան ներքին գործերու գերական: Ի վերջոյ, Համագործակցութիւնը մասնատուեցաւ Ռուսիոյ Կայսրութեան, Փրուսիոյ եւ Աւստրիոյ Հապսպուրկներու միջեւ 1772, 1792 եւ 1795 թուականներուն:<br />
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Լիթուանիա» էջէն