«Լորձունք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 2.
 
'''Լորձունքը''' կ'արտադրուի լորձնագեղձերու մէջ: Բնական պայմաններու մէջ անիկա շարունակ կ'արտադրուի եւ ապա կը հոսի բերանին մէջ: Մենք տեւաբար եւ անգիտակցաբար կը կլլենք բերանին մէջ գտնուած լորձունքը:
 
Լորձունքը կը պարունակէ ամիլէյզ (amylase) կոչուած խմորիչը (enzyme), որ կ'օգնէ հացահատիկներու-օսլայի (starch) լուծումին բերանին մէջ, ինչպէս նաեւ կրածին եւ ֆոսֆոր, որոնք կարեւոր են ակռաներու կառոյցին եւ առողջութեան։ Լորձնագեղձերը կը գտնուին բերանին մէջ: Այս գեղձերը[[Գեղձեր (արեւմտահայերէն)|գեղձեր]]ը երկու տեսակ են՝ հիմնական եւ երկրորդական լորձնագեղձեր:
 
== Յաւելեալ ==
Տող 9 ⟶ 10՝
Հիմնական լորձնագեղձերը մեծ են չափով: Այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ունկնալորձնագեղձերը/ունկնագեղձերը (parotid glands), ենթածնօտային լորձնագեղձերը (submaxillary glands) եւ ենթալեզուային լորձնագեղձերը (sublingual glands):
 
Ունկնալորձնագեղձերը երկու հատ են. իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, ականջի[[Ականջ (արեւմտահայերէն)|ականջ]]ի յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ:
 
Ենթածնօտային լորձնագեղձերը նոյնպէս երկու հատ են. իւրաքանչիւրը կը գտնուի լեզուին[[Լեզու (արեւմտահայերէն)|լեզու]]ին տակը, աջ եւ ձախ կողմերը եւ ծնօտին[[Ծնօտ|ծնօտ]]ին ետեւն ու տակը:
 
Ենթալեզուային լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին լեզուին տակ:
 
==== Երկրորդական լորձագեղձերը ====
 
Երկրորդական մանր լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին քիմքի[[Քիմք (արեւմտահայերէն)|քիմք]]ի ամբողջ տարածքին:
Լորձունքը ունի հիմնական դերեր.
#Անիկա կ'օգնէ մարսողութեան: Նախնական մարսողութիւնը[[Մարսողութիւն|մարսողութիւն]]ը կը սկսի բերանին մէջ լորձունքին մէջ գտնուող ամիլէյզ խմորիչին միջոցաւ.
#Անիկա կակուղ, լպրծուն եւ սահուն կը պահէ ամբողջ բերանի լորձնաթաղանթը (mucous membrane) եւ արգելք կը հանդիսանայ բերանի չորութեան: Այս մէկը կարեւոր է, որպէսզի դիւրաւ խօսինք, ծամենք եւ կլլենք.
#Կը չէզոքացնէ բերանին մէջ գտնուող մանրէները[[Մանրէաբանութիւն|մանրէ]]ները, սունկերը եւ աւելորդ հիւթերը.
#Կը պաշտպանէ ակռաները[[Ակռաներ (արեւմտահայերէն)|ակռաներ]]ը փտումէ (decay).
#Կը վնասազերծէ (neutralize) բերանի թթուն.
#Կ'օգնէ բերանի վէրքերուն շուտափոյթ ախտահարման եւ բերանի մակերեսի վերակազմութեան (regenerate).
Տող 26 ⟶ 29՝
== Աղբիւրներ ==
*«Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, [[6 Մարտ]] [[2015]]:
 
[[Կատեգորիա:ֆիզիոլոկիա]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Լորձունք» էջէն