«Խաչակրաց արշաւանքներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «=== Ներածութիւն === մինի|'''[[Անտիոքի պաշարումը Առաջին խաչակրաց արշաւանքի ընթա...»:
 
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
=== Ներածութիւն ===
{{Արևելահայերեն|Խաչակրաց արշավանքներ}}
[[Պատկեր:SiegeofAntioch.jpeg|մինի|'''[[Անտիոք]]ի պաշարումը [[Առաջին խաչակրաց արշաւանք]]ի ընթացքին, [[մանրանկար]]՝ Եան Քոլոմպէի (մօտ. [[1490]] թ.)''']]
Խաչակիրներու արշաւանքներ, 11-րդ դարու վերջերուն Արեւմտեան ([[Կաթոլիկ]]) եկեղեցւոյ հովանիին տակ դէպի [[Արեւելք]]` [[Սուրբ երկիր]] ([[Երուսաղէմ]]) կազմակերպուած ռազմական արշաւանքներ: Իրենց ընդհանրական ծիրին մէջ խաչակիրներու արշաւանքները պատմականօրէն կը մեկնին քրիստոնէութեան համաշխարհային շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն եւ սուր ծայրով ուղղուած են արեւելքի իսլամական իշխանութիւններուն դէմ:
Տող 5 ⟶ 6՝
Երբեմն «Խաչակիրներու արշաւանք» կը կոչուին նաեւ առանձին հեթանոս՝ ոչ-միաստուածեան ժողովուրդներու եւ որոշ հերետիկոսութիւններու դէմ պապական [[Հռոմ (արեւմտահայերէն)|Հռոմ]]ի ձեռնարկած ռազմական արշաւանքները, սակայն զանոնք պէտք չէ շփոթել 11-13-րդ դարերու համանուն արշաւանքներուն հետ:
 
Խաչակիրներու արշաւանքներուն մէջ յատկապէս մեծ դերակատարութիւն ունեցան [[Ֆրանսա]]յի թագաւորութիւնը եւ [[Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն]]ը: Խաչակիրներու արշաւանքները շարունակուեցան մօտ 200 տարի` 1095-1291 թուականներուն: Յետագային` 15-րդ դարուն, այդպիսի արշաւանքները շարունակուեցան [[փիրենէեան թերակղզի]]ին եւ [[Արեւելեան Եւրոպա]]յի մէջ: Խաչակիրները մեծ մասամբ կաթոլիկնէր էին ([[ուղղափառ]] եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու առանձնացումէն յետոյ եւ [[Բողոքական]]-[[աւետարանչական]] բարեփոխումներէն առաջ), որոնք կը կռուէին [[իսլամ]]ներու դէմ Սուրբ Երկրի համար, որ գրաւուած էր տակաւին Արաբական խալիֆայութեան ժամանակներէն: Սակայն այդպիսի արշաւանքները հետագայյին շարունակուեցան հեթանոս՝ ոչ-միաստուածեան [[սլաւոն]]ներուն եւ [[պալթիկ]] ժողովուրդներուն, [[Հրեաներ (արեւմտահայերէն)|հրեաներ]]երուն, [[Ռուսեր|ռուս]] ուղղափառ քրիստոնեաներուն, մ[[ոնկոլներ]]ուն, [[աղանդաւոր]]ներուն (գաթարներ) եւ [[Հռոմի Պապ]]ի այլ թշնամիներուն դէմ<ref name="OHC">Ռայլի-Սմիթ, Ջոնաթան. ''Խաչակրաց արշավանքների Օքսֆորդյան Պատմություն'' Նյու Յորք. Oxford University Press, 1999. ISBN 0-19-285364-3. {{refW/Ref-en}}</ref><ref name="TFC">Ռայլի-Սմիթ, Ջոնաթան. ''Առաջին խաչակիրները, 1095–1131'' Cambridge University Press, 1998. ISBN 0-521-64603-0. {{refW/Ref-en}}</ref>:
 
Խաչակիրնեու առաջնային խնդիրը Երուսաղէմը ազատագրելն էր իսլամներէն, ինչպէս նաեւ անիկա պատասխան էր Բիւզանդական կայսրութեան օգնութեան խնդրանքին՝ ընդդէմ իսլամ [[սելճուք թուրքեր]]ուն: Այս եզրը կ՛օգտագործուի նաեւ բնութագրելու 16-րդ դարուն Սուրբ Երկրէն դուրս կատարուող կրօնական արշաւանքները` սովորաբար [[հեթանոս]]ներու, [[հերետիկոս]]ներու եւ աղանդաւորներու դէմ: Երբեմն խաչակիրները եւ իսլամները դաշինք կը կնքէին ընդդէմ ընդհանուր թշնամիներու, օրինակ` Իգոնիայի սուլթանութեան, եւ խաչակիրներու դաշինքը հինգերորդ խաչակիրներու արշաւանքին ընթացքին:
Տող 11 ⟶ 12՝
Սակայն քրիստոնեայ պետութիւններուն միջեւ անհամաձայնութիւնները կը յանգեցնէին անոր, որ խաչակիրները կը շեղէին սկզբնական նպատակներէն, օրինակ` Չորրորդ խաչակիրներու արշաւանքի ժամանակ, երբ գրաւուեցաւ քրիստոնեայ [[Կոստանդնուպոլիս]]ը, [[Բիւզանդական կայսրութիւն]]ը կիսուեցաւ [[Վենետիկ (արեւմտահայերէն)|Վենետիկ]]ի եւ խաչակիրներուն միջեւ: Իսկ Վեցերորդ խաչակիրներու արշաւանքը առաջինն էր, երբ խաչակիրները չօրհնուեցան Հռոմի Պապին կողմէ <ref>{{Cite web| last=Հալսալլ| first=Փաուլ| month=Դեկտեմբեր| year=1997 | url=http://www.fordham.edu/halsall/source/1228frederick2.html
| title=Ֆիլիձ տէ Նովար. ''Les Gestes des Ciprois'', Ֆրետերիք Բ.-ի խաչակիրները, 1228–29 | work=Medieval Sourcebook | publisher=Ֆորտհամի համալսարան
| accessdate=2008 թ․ փետրուար 8 }}—"Գրիգոր IX-ը բանադրել էր Ֆրեդերիկին վերջինիս՝ Սիցիլիան երկրորդ անգամ լքելէ առաջ։ "</ref> : Եօթերորդ, Ութերորդ եւ Իններորդ խաչակիրներու արշաւանքներու արդիւնքին մէջ [[մեմլուք]]ները տարին շարք մը յաղթանակներ, իսկ Իններորդ խաչակիրներու արշաւանքով աւարտեցաւ խաչակիրներու դարաշրջանը [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի մէջ<ref>Աւետարանը Բոլոր Երկրներու մէջ, Մեթոտական Եպիսկոպոսական Միսիոներական Հասարակութիւն, էջ՝ 262 {{refW/Ref-en}}</ref>:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}