«Խաչակրաց արշաւանքներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 27.
 
Խաչակիրը երդում տալէն ետք [[Խաչ (արեւմտահայերէն)|խաչ]] կը ստանար պապէն կամ տեղի [[Եպիսկոպոս (արեւմտահայերէն)|եպիսկոպոս]]էն եւ կը համարուէր «Եկեղեցւոյ զինուոր»։ Որոշ մարդիկ խաչակիր կը դառնային, որպէազի իրենց գործած մեղքերուն համար թողութիւն ստանային։
 
 
=== Պատճառներ ===
Խաչակրաց արշաւանքները իրենց բնոյթով կրօնական էին։ Այս կարելի է համարել արեւելքի եւ արեւմուտքի պայքարի գագաթնակէտ. դեռ անկէ
առաջ, հին ժամանակաշրջանին, սկսած հակասութիւնները յառաջացուցին ռազմական բնոյթ։
 
Առաջին խաչակրաց արշաւանքի պատճառներէն մէկը Ալեքսիոս Ա․ Քոմնենոսի կողմէն ուղարկուած օգնութեան խնդրանքն էր Հռոմի Պապ Ուրպանուս Բ․-ին։
 
Երբ Հռոմի Պապը 1095 թուականին խաչակրաց արշաւանք ձեռնարկելու կոչ կը բարձրացնէր, [[Սպանիա|Սպանիոյ]] քրիստոնեաները հարիւր տարուան ընթացքին առաջին անգամ լուրջ յաջողութիււններ կը ցուցաբերէին։ 1085 թուականին Լեւոնի թագաւորութեան կողմէն [[Թոլետօ|Թոլետո]]յի (Toledo) գրաւումը վիթխարի յաջողութիւն էր։
 
Հակառակ անոր, որ Ռեքոնքիստան Եւրոպայի քրիստոնեաներու եւ մուսուլմաններու պայքարը ամենացայտուն օրինակն էր, այն միակը չէր։ Վիկինգ Ռոպերթ Կիսքարտը նուաճած էր Քալապրիան՝ 1057 թուականին, եւ կը պահէր այդ նախկին բիւզանդական տարածքը ընդդէմ [[Սիկիլիա|Սիկիլիո]]յ մուսուլմաններուն։ Քաղաք-պետութիւններ [[Փիզա]]ն, [[Ճենովա]]ն եւ [[Քաթալոնիա]]ն կը պայքարէին ընդդէմ Մալեորքայի մուսուլմաններուն եւ ազատած էին [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալիոյ]] ու Քաթալոնիոյ ափերը մուսուլմաններու արշաւանքներէն։ Իսկ աւելի վաղ [[Սուրիա|Սուրիոյ]], [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]ի, [[Պաղեստին (արեւմտահայերէն)|Պաղեստին]]ի, [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]]ի քրիստոնեայ տարածքները գրաուած էր մուսուլմաններուն կողմէն։ Այդ Տարածքներուն հաւատքի թշնամին կործանելու երկար պատմութիւնը Բիւզանդիոյ կայսր Ալեքսիոս Ա․-ի օգնութեան խնդրանքին արձագանքելու հող նախապատրաստած էր։
 
Պապականութիւնը անհանգստացած էր այն փաստով, որ [[Երուսաղէմ]] մեկնող ուխտաւորներու մեծ մասը կ՝ենթարկուէր հալածանքներու։ Ըստ իրենց՝ նաեւ Սուրբ Երկիրը լատինականացնելէն եւ իրենց ենթարկելէն ետք ֆրանքներու ուժի շնորհիւ իրենց կ՝ենթարկեն [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կոստանդնուպոլսոյ]] պատրիարքարանը, որ 1054 թուականին անկախացած էր Հռոմէն։
 
[[Պատկեր:CouncilofClermont.jpg|մինի|ձախէն|[[15-րդ դար]]ի մանրանկար, ուր պատկերացուած է Ուրպանուս Բ․ պապը [[Քլերմոն]]ի ժողովին]]
Բիւզանդիոյ տկարութիւնը ի յայտ եկաւ [[Մանազկերտ (արեւմտահայերէն)|Մանազկերտ]]ի ճակատամարտին կրած պարտութեան շնորհիւ։ Եւ հակառակ Ալեքսիոսի խնդրանքին՝ Հռոմի Պապը իշխանութեան համար պայքարի պատճառաւ չկարողացաւ Գերմանիոյ կայսեր դիմել։
 
Յաջորդ Հռոմի Պապը՝ Ուրպանոս Բ․-ը, որ աւելի մեղմ էր, խաչակրաց արշաւանքներուն շնորհիւ կը ցանկանար վերամիաւորել քրիստոնեաները։ Ըստ իրեն՝ խաչակիրները պէտք չէ ըլլան գերմանացի կամ վիկինգ, այլ իր հայրենակիցները հիւսիսային [[Ֆրանսա]]յէն։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==