«Աղեքսանդր Ծատուրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 28.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Աղեքսանդր Ծատուրեան''' (1865-1917) երեք տարեկանին՝ կը կորսնցնէ ձկնորս հայրը, ու կը մնայյետին չքաւորութեան մէջ, մօր հետ:
Զատուրեան, նախակրդութիւնը կը ստանայ նախ գիւղի տարրական վարժարանին, ապա՝ քաղաքի երեքդասեան կրթարանին մէջ: նախակրթութիւնը չէ լրացուցած տակաւին, երբ կը կորսնցնէնաև տառապահար և հիւծած մայրը, ու կը մնայ անոք և անօգնական:
 
Գիւղագիր Արշակ Ապագեանի օժանդակութեամբ՝ [[1881]]ին կ'անցնի [[Թիֆլիզ]], սակայն հոս եւս ճակատագիրը կը հալածէ զինք: Չի յաջողիր յաճախել որեւէ վարժարան: Ծայրայեղ թշուարութեան օրեր կ'ապրի: Ի վերջոյ, զինք կ'ընդունին [[Միքայէլեան արհեստից վարժարանը]], ուր սակայն չի կրնար երկար մնալ ազազուն և զգայուն այդ պատանին: Յուսահատ, կը նետուի կեանքի ասպարէզ՝ ապրուստի ի խնդիր: Կը դառնայ նամակատան ցրուիչ, քարակոփ: Ինքնաշխատութեամբ կը ձգտի հասնիլ տեղ մը և զարգացնել իր ընդունակութիւնները: [[1887]]-ին, [[Նիժնի Նովկորտ]]ի մէջ կը ստանձնէ հայ վաճառականի մը զաւկին ուսուցչութիւնը, և, նոյն ընտանիքին հետ, կը կը փոխադրուի [[Մոսկուա]]: Կապ կը հաստատէ ուսանողութեան հետ, որոնց կարգին՝ [[Շահազիզի]]: [[1891]]ին կը հրատարակուի իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը: [[1898]]ին երկրորդը: [[1901]]ին լոյս կ'ընծայէ երգիծական կարգ մը էջեր՝ [[« Գրչի հնաքներ»]] անունին տակ:
 
Կեանքին իսկ բերումովյ Զատուրեանի քերթողութիւնը խառնուրդ մըն է անարդարութեան դէմ ընդվզումի, վշտի և տառապանքի: Զինք կը գտնենք մօտիկ՝ համեստ, աշխատաւոր, անիրաւեալ դասակարգին . պանդախտներուն: հայրենասիրութիւնը բռնկուն կրակ մըն էիր հոգիին մէջ , ու հաւատայ թէ «արեան գնով» ու մարտիրոսներու և նահատակներու ճամբով միայն կարելի է ազատութիւն ձեռք ձգել: Մեր ազատագրական պայքարի առաջին երգիչներէն մէկն է: Սասնոյ [[1893-1894]]ի ապստամբութեան նուիրած է «[[Որդեկորոյս մայրերին»]] խորագրուած իր բանաստեղծութիւնը՝ որ հրաւէր մըն է չողբալու և չսգալու կորուստը անո՜նց, որոնք ազատութեան համար կ'իյնան:
 
Նաև սիրային իր երգերուն մէջ, Ծատուրեան կը յատկանշուի չգոհացուած, անտեսուած, որբացած մարդու հոգեբանութեամբ:Տառապանքը ամէնէն ցայտուն գիծն է իր քերթողութեան, ու թէեւ մեծ սլացքներ կամ ներշնչումի զօրեղ թափ չունի, սակայն խորունկ և ապրուած զգացումներու մէկտեղում մըն է արտայայտութեան միջին կարելիութիւններով<ref>{{Գիրք:Դար մը գրականութիւն|հատոր Ա.՛{411}</ref> :