«Աղեքսանդր Ծատուրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 32.
Զատուրեան, նախակրդութիւնը կը ստանայ նախ գիւղի տարրական վարժարանին, ապա՝ քաղաքի երեքդասեան կրթարանին մէջ։ նախակրթութիւնը չէ լրացուցած տակաւին, երբ կը կորսնցնէնաև տառապահար և հիւծած մայրը, ու կը մնայ անոք և անօգնական։
 
Գիւղագիր Արշակ Ապագեանի օժանդակութեամբ՝ [[1881]]ին կ'անցնի [[Թիֆլիզ]], սակայն հոս եւս ճակատագիրը կը հալածէ զինք։ Չի յաջողիր յաճախել որեւէ վարժարան։ Ծայրայեղ թշուարութեան օրեր կ'ապրի։ Ի վերջոյ, զինք կ'ընդունին [[Միքայէլեան արհեստից վարժարանը]], ուր սակայն չի կրնար երկար մնալ ազազուն և զգայուն այդ պատանին։ Յուսահատ, կը նետուի կեանքի ասպարէզ՝ ապրուստի ի խնդիր։ Կը դառնայ նամակատան ցրուիչ, քարակոփ։ Ինքնաշխատութեամբ կը ձգտի հասնիլ տեղ մը և զարգացնել իր ընդունակութիւնները։ [[1887]]-ին, [[Նիժնի Նովկորտ]]ի մէջ կը ստանձնէ հայ վաճառականի մը զաւկին ուսուցչութիւնը, և, նոյն ընտանիքին հետ, կը կը փոխադրուի [[Մոսկուա]]: Կապ կը հաստատէ ուսանողութեան հետ, որոնց կարգին՝ [[Շահազիզի]]: [[1891]]ին կը հրատարակուի իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը։ [[1898]]ին երկրորդը։ [[1901]]ին լոյս կ'ընծայէ երգիծական կարգ մը էջեր՝ [[« Գրչի հնաքներ»]] անունին տակ։
 
Կեանքին իսկ բերումովյ Զատուրեանի քերթողութիւնը խառնուրդ մըն է անարդարութեան դէմ ընդվզումի, վշտի և տառապանքի։ Զինք կը գտնենք մօտիկ՝ համեստ, աշխատաւոր, անիրաւեալ դասակարգին . պանդախտներուն։ հայրենասիրութիւնը բռնկուն կրակ մըն էիր հոգիին մէջ, ու հաւատայ թէ «արեան գնով» ու մարտիրոսներու և նահատակներու ճամբով միայն կարելի է ազատութիւն ձեռք ձգել։ Մեր ազատագրական պայքարի առաջին երգիչներէն մէկն է։ Սասնոյ [[1893-1894]]ի ապստամբութեան նուիրած է «[[Որդեկորոյս մայրերին»]] խորագրուած իր բանաստեղծութիւնը՝ որ հրաւէր մըն է չողբալու և չսգալու կորուստը անո՜նց, որոնք ազատութեան համար կ'իյնան։