«Ամանոր, Կաղանդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր''' Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մեջ ունեցած է երեք Նոր տարի` Կաղանդ, Ն...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

06:02, 31 Դեկտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մեջ ունեցած է երեք Նոր տարի` Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր անուններով:

Նոր Տարին ժամանակագրական կարգով

Շատ հին ժամանակներուն հայերը նոր տարին նշած են 21 Մարտին` գարնանային գիշերահաւասարի օրը, որ նաեւ բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշն էր: Բոլոր գաւառներուն մէջ Կաղանդը կը նշուէր մեծ տօնախմբութեամբ, տաճարներուն մէջ տօնական ծէսեր կը կատարուէին, որոնք կ'ուղեկցէին աստուածներուն զոհեր մատուցելով: Հայոց երկրորդ նոր տարին կը նշուէր 1 Նաւասարդին,( այսինքն` 11 Օգոստոսին)` այն օրը, երբ հայոց հիմնադիր Հայկ Նահապետը կը յաղթեց Տիտանեան Բելին: Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ նոր տարուան սկիզբ կը համարէին, ուստի այս բազմազանութիւնը երկրներու տնտեսական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւններուն մէջ կը յառաջացնէր որոշ դժուարութիւններ: Ժը. դարուն Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը տոմարագիտական նոր մշակում մը կ'ընէ, որու համաձայն հայերը Ամանորը կը սկսին նշել 1 Յունուարին:

Սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ

Ժամանակը կը փոխէ ժողովուրդներու կենցաղը եւ սովորութիւնները: Օրինակ` այսօր ամանորեայ սեղանը կը պատրաստուի շքեղութւն խորհրդանշելու համար, իսկ ահա հին Հայաստանի մէջ կ'արգիլուէր սեղանին վրայ մսեղէն դնել,որովհետեւ Նաւասարդը ոչ թէ ուտիս, այլ պաս օր էր: Աւանդական ուտեստեղէնները կը պատրաստումէին ընդեղէնէ` լուբիա( որու պատիճը կը խորհրդանշէր ընտանիքին ամրութիւնը, իսկ հատիկը` ընտանիքին սաղմը), ոսպ, չիր, ընկոյզ եւ այլն: Սեղանին զարդը կը համարուէր Տարի հացը, որու մէջ պատրաստելու ընթացքին կը դրուէր գուշակութեան դրամը` տովլաթը: Հացը կը բաժնուէր 12 հաւասար մասերու, եւ ընտանիքին այն անդամին, որու բաժին կ'իյնար տովլաթը, Նոր տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւններ կը սպասէր:

Կաղանդ Պապուկը

Մեր նախնիները նոյնպես ունեցած են ձմեռնային հրաշագործ մը, զոր կ'անուանէին Մեծ պապուկ կամ Կաղանդ պապա: Անիկա ըստ աւանդութեան կ'առնչուէր կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի անուան հետ, որ կը յայտնուէր գաւազանով եւ ոչխարի մորթով պատրաստուած վերարկուով:

Նորօրեայ տօնածառը

Մերօրեայ տօնածառը կը կապեն գերմանացի Մարթին Լուտերի անուան հետ: Ըստ աւանդութեան ան գիշեր մը յոգնած տուն վերադառնալու ատեն Լուտեր կը նստի ճամբեզրին` քիչ մը հանգստանալու: Ճամբան զարդարուած էր եղեւիններով, որոնց ճիւղերուն արանքէն կը կայծկլտային փայլուն աստղերը: Տպաւորուած անոնց գեղեցկութեամբ` Լուտեր իր տան մէջ կը զարդարէ առաջին եղեւինը:

Տօնածառը հայ իրականութեան մէջ

Հայ իրականութեան մէջ տօնածառը, այդպէս, չէ եղած, սակայն հին ատեն հայերը ունեցած են ծառերու պաշտամունք եւ տոնածառը փոխարինած են ձիթենիի ճիւղերով:Անոնցմէ ամէնէն հաստը Նոր տարուա գիշերը խրած են մեծ հացի մէջ եւ զարդարած ընկուզեղէնով, ցորենի հասկերով, լուբիայով, զանազան միրգերով, յատկապէս՝ խնձորներով, որոնք պտղաբերութիւն կը խորհրդանշէին, նաեւ չարխափաններով ու մարդակերպ կամ կենդանակերպ թխուածքներով: Տանտէրը Կաղանդի ծառը կը տանէր եկեղեցի եւ քահանային օրհնութիւնը ստանալէ ետք տուն կը վերադարձնէր: