«Ամանոր, Կաղանդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 4.
 
== Նոր Տարին ժամանակագրական կարգով ==
Շատ հին ժամանակներուն հայերը նոր տարին նշած են 21 Մարտին` գարնանային գիշերահաւասարի օրը, որ նաեւ բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշն էր: Բոլոր գաւառներուն մէջ Կաղանդը կը նշուէր մեծ տօնախմբութեամբ, տաճարներուն մէջ տօնական ծէսեր կը կատարուէին, որոնք կ'ուղեկցէին աստուածներուն զոհեր մատուցելով: Հայոց երկրորդ նոր տարին կը նշուէր 1 Նաւասարդին,( այսինքն` 11 Օգոստոսին)` այն օրը, երբ հայոց հիմնադիր Հայկ Նահապետը կը յաղթեց Տիտանեան Բելին: Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ նոր տարուան սկիզբ կը համարէին, ուստի այս բազմազանութիւնը երկրներու տնտեսական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւններուն մէջ կը յառաջացնէր որոշ դժուարութիւններ: Ժը. դարուն Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը տոմարագիտական նոր մշակում մը կ'ընէ, որու համաձայն հայերը Ամանորը կը սկսին նշել 1 Յունուարին<ref>[http://journ.brusov.am/?p=2312 Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր]</ref>:
 
== Սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ ==