«Ամանոր, Կաղանդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 50.
Առաջին հրապարակային տօնածառը տեղադրուած է Ֆրանսայի մէջ, 1840-ին, Անգլիոյ մէջ՝ 1841-ին, Ռուսաստանի մէջ՝ Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ՝ 1852-ին:
1916-ին Ռուսական եկեղեցւոյ Սինոտը արգիլուած է Ծննդեան տօնին տօնածառ զարդարելը՝ զայն համարելով գերմանական սովորոյթ: 1926-ին տօնածառ զարդարելը ընդհանրապէս կ'արգիլուի՝ իբրեւ «կրօնական մնացուկ»: Աւանդութիւնը կը վերականգնի 1936-ի Ամանորին:
2008-ին Ռիօ տը Ժեներոյի մէջ` Լագուա լիճնիլիճին վրայ, կը տեղադրուի 85 մ. բարձրութեամբ եւ 530 թոն կշռող լողացող տօնածառ մը, իսկ Մեխիկոյի 2009-ի տօնածառը ունցեցած է 110,35 մ.՝ 40-յարկանի շէնքի բարձրութիւն (2 տօնածառերն ալ գրանցուած են «Կինեսի» գիրքին մէջ):
Հայաստանի գլխաւոր տօնածառը տեղադրուած է Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ 2010-ին, որ ունէր բրգաձեւ գեղեցիկ տեսք եւ 35 մ. բարձրութիւն:
=== Տօնածառը հայ իրականութեան մէջ ===
Հայ իրականութեան մէջ տօնածառը, այդպէս, չէ եղած, սակայն հին ատեն հայերը ունեցած են ծառերու պաշտամունք եւ տոնածառըտօնածառը փոխարինած են ձիթենիի ճիւղերով:Անոնցմէ ամէնէն հաստը Նոր տարուատարուան գիշերը խրած են մեծ հացի մէջ եւ զարդարած ընկուզեղէնով, ցորենի հասկերով, լուբիայով, զանազան միրգերով, յատկապէս՝ խնձորներով, որոնք պտղաբերութիւն կը խորհրդանշէին, նաեւ չարխափաններով ու մարդակերպ կամ կենդանակերպ թխուածքներով: Տանտէրը Կաղանդի ծառը կը տանէր եկեղեցի եւ քահանային օրհնութիւնը ստանալէ ետք տուն կը վերադարձնէր:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==