«Ամանոր, Կաղանդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 7.
 
== Սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ ==
Ժամանակը կը փոխէ ժողովուրդներու կենցաղը եւ սովորութիւնները: Օրինակ` այսօրԱյսօր ամանորեայ սեղանը կը պատրաստուի շքեղութիւն խորհրդանշելու համար, իսկ ահա հին Հայաստանի մէջ կ'արգիլուէր սեղանին վրայ մսեղէն դնել, որովհետեւ Նաւասարդը ոչ թէ ուտիս, այլ պաս օր էր: Աւանդական ուտեստեղէնները կը պատրաստուէին ընդեղէնէ` լուբիա( որու պատիճը կը խորհրդանշէր ընտանիքին ամրութիւնը, իսկ հատիկը` ընտանիքին սաղմը), ոսպ, չիր, ընկոյզ եւ այլն: Սեղանին զարդը կը համարուէր Տարի հացը, որու մէջ պատրաստելու ընթացքին կը դրուէր գուշակութեան դրամը` տովլաթը: Հացը կը բաժնուէր 12 հաւասար մասերու, եւ ընտանիքին այն անդամին, որու բաժին կ'իյնար տովլաթը, Նոր տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւններ կը սպասէր:
 
Առաջին ապակեայ խաղալիքները պատրաստուած են Տյիւրինգիոյ մէջ (Սաքսոնիա) Ժզ. դարուն, սակայն անոնց արտադրութիւնը սկսած է Ժթ. դարու կէսերուն Սաքսոնիոյ մէջ։ Վարպետ-ապակեգործները խաղալիքները կը պատրաստէին, իսկ անոնց աշակերտները թուղթէ զանգակներ, սրտիկներ եւ այլ պատկերներ կը կտրատէին, զորս կը ներկէին վառ գոյներով։
Տող 31.
 
== Կաղանդ Պապուկը ==
Մեր նախնիները նոյնպէս ունեցած են ձմեռնային հրաշագործ մը, զոր կ'անուանէին Մեծ պապուկ կամ Կաղանդ պապա: Անիկա ըստ աւանդութեան կ'առնչուէր կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի անուան հետ, որ կը յայտնուէր գաւազանով եւ ոչխարի մորթով պատրաստուած վերարկուով:
 
=== Ներկայի Կաղանդ Պապուկը ===
[[Պատկեր:Stickers-pere-noel.jpg|մինի|ձախից]]
Կաղանդ Պապուկը Ամանորի կարեւորագոյն խորհրդանիշն է:Աշխարհի տարբեր երկիրներ ունին իրենց Կաղանդ Պապուկը: Օրինակ՝ ֆինլանտայի մէջ զայն կ'անուանեն Եոլլուպոկի, Ամերիկայի մէջ` Սանթա Քլոս, Ուքրանիոյ մէջ` Սուրբ Նիքոլա: