«Կանանց Միջազգային Օր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 6.
'''Կիներու Միջազգային Օր''' (''IWD''), սկզբնական անուանումը՝ ''Աշխատաւոր Կիներու Միջազգային Օր'', կը նշուի ամէն տարի՝ 8 Մարտին-ին։ Զանազան տարածաշրջաններու մէջ տօնակատարութիւններու հիմքին մէջ կիներու հանդէպ հարգանքն է՝ տնտեսական, քաղաքական եւ հասարակական ոլորտներէն ներս անոնց ձեռքբերումներուն համար։
 
== Պատմութւն ==
Սոցիալ-տեմոքրաթական կուսակցութեան կիներու կոչով Նիւ Եորքի մէջ 1908 թուականի 8 Մարտին տեղի ունեցաւ ցոյց՝ կիներու իրաւահաւասարութեան համար։ Այդ օրը աւելի քան 15 000 կիներ պտտեցան ողջ քաղաքով մէկ, պահանջելով կրճատել աշխատանքային օրը եւ տղամարդոց հետ հաւասարաչափ ամսական ստանալ։ Ատկէ զատ, առաջ մղուեցաւ նաեւ կիներու՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունենալու պահանջները։ 1909 թուականին Ամերիկայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը յայտարարեց Կիներու ազգային օր, որը կը նշուէր մինչեւ 1913 թուականի փետրուարի վերջին կիրակի օրը։ Բայց 1909 թուականին այն զուգադիպեցաւ 28 փետրուարին։ Աւելի ուշ, 1910 թուականին ԱՄՆ-ի կին երեսփոխանները ժամանեցին Քոփենհակըն՝ երկրորդ միջազգային քոնֆերանսին, ուր հանդիպեցին համայնավար Քլարա Ցեթքինին։Քլարա Ցեթկինը 1910 թուականի 27 օգոստոսին Կիներու միջազգային երկրորդ քոնֆերանսին, որը կ՛անցկացուէր Քոփենհակըն, հռչակեց Կիներու Միջազգային Օր: Կ՛ենթադրուի, որ կիներ այդ օրը ցոյցեր եւ երթեր պիտի կազմակերպէին եւ ատորով հասարակութեան ուշադրութիւնը իրենց խնդիրներուն վրայ պիտի կեդրոնացնէին։ 1911 թուականին Ելենա Կրինպըրկի առաջարկով 19 մարտին առաջին անգամ Կիներու Միջազգային Օրը նշուած է Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Դանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: 1912 թուականին այդ օրն արդէն կը նշուէր 12 մայիսին։ 1913 թուականին կիներ դուրս կ՛ուգային ցոյցի՝ Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի մէջ՝ 2 մարտին, Աւստրիոյ, Չեխիոյ, Հոլանտայի եւ Զուիցերիայի մէջ՝ 9 մարտին, Գերմանիոյ մէջ՝ 12 մարտին։ 1914 թուականին վեց պետութիւններու մէջ՝ Աւստրիա, [[Դանիա]], Գերմանիա, Հոլանտա, Ռուսաստան, Զուիցերա միաժամանակ կը նշուի 8 Մարտին։ Այդ տարի 8 Մարտը զուգադիպեցաւ կիրակի օրուան հետ։