«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 35.
Բարսեղ Կանաչեան ծնած է [[1885 թուական]]ին, Ռոտոսթօ։ Կօշկակարի մը զաւակ է։ Երեք տարեկանին կը մեկնի [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] եւ կը յաճախէ [[Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարան]]ը: 90ական դէպքերուն կը գաղթէ [[Պուլկարիա]] եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ Վառնայի մէջ կ՚աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւ գրագիր երբ դեռ պատանի էր։ Միեւնոյն ատեն ջութակի դասեր կ՚առնէ, կ՚երգէ եկեղեցիներուն մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»:Կը ծանօթանայ Կոմիտաս վարդապետին ու կ՚աշակերտէ անոր 1913-էն 1915, դառնալով անոր վեց սաներէն մէկը։
 
== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==
== Ասպարէզը Պոլսոյ Մէջ ==
Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի [[Կոմիտաս վարդապետ]]ին եւ ներկայ կ՚ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ՚անդամակցի իբր «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ՚ընտրէ իբր սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ՚իջնէ 5-ի։ Ահա ասոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ Ա. Աշխարհամարտին կը զինուորագրուի եւ զինուորական նուագախումբին մէջ կը նուագէ մինչեւ որ կ՚աքսորուի [[Տիգրանակերտ (արեւմտահայերէն)|Տիգրանակերտ]], ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի [[Հալէպ]], ուր գտնուած միջոցին Զինադադարզինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր բոլորտիքըշուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ ցեղի անմահներ»ը) երաժշտութիւնը։երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ՚անցնի [[Կիլիկիա (արեւմտահայերէն)|Կիլիկիա]], ուր եւս համերգներ կու տայ եւ ապա կ՚երթայ Պոլիս։
 
[[Կոմիտաս Վարդապետ (արեւմտահայերէն)|Կոմիտաս]] չկայ այլեւս։ Անոր հինգ սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «''Կոմիտաս Սանուց Միութիւն''»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը:Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով Համերգներ կուկը տաններկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն։հրատարակեն` «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներզիմեներգի եւ խմբերգի համար:
 
Կոմիտասի սաները կը ղրկուին [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]] իրենց ուսումը կատարելագործելու համար:, որոնցմէ էր Կանաչեան, որ 1921-ին կը մեկնի Փարիզ, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսման։ Կանաչեան Փարիզէն կ՚անցնի [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]], ուր համերգներ կու տայ: Հոն կը գրէ «Տալիլօ»ն:
1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Կանաչեան երկար տարիներ երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ։ Ան իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած է հայ երաժշտութեան, տարածելով կոմիտասեան սկզբունքները, իր արժանաւոր տեղը գտնելով երաժշտութեան գանձարանէն ներս:
 
== Կանաչեանի Գործեր ==