«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 38.
 
== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==
Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի [[Կոմիտաս վարդապետ]]ին եւ ներկայ կ՚ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ՚անդամակցի իբր «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ՚ընտրէ իբր սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ՚իջնէ 5-ի։ Ահա ասոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ Ա. Աշխարհամարտին կը զինուորագրուի եւ զինուորական նուագախումբին մէջ կը նուագէ մինչեւ որ կ՚աքսորուի [[Տիգրանակերտ (արեւմտահայերէն)|Տիգրանակերտ]], ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի [[Հալէպ]], ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ,գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ՚անցնի [[Կիլիկիա (արեւմտահայերէն)|Կիլիկիա]], ուր եւս համերգներ կու տայ եւ ,ապա կ՚երթայ Պոլիս։
 
[[Կոմիտաս Վարդապետ (արեւմտահայերէն)|Կոմիտաս]] չկայ այլեւս։ Անոր հինգ սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «''Կոմիտաս Սանուց Միութիւն''»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը:Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով Համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն` «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար:
 
Կոմիտասի սաները կը ղրկուին [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]] իրենց ուսումը կատարելագործելու համար, որոնցմէ էր Կանաչեան, որ 1921-ին կը մեկնի Փարիզ, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսման։ուսմանփ հետեւելով [[Ռընէ Լը Նորման]]ի դասընթացքներուն։ Կանաչեան Փարիզէն կ՚անցնի [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]], ուր համերգներ կու տայ: Հոն կը գրէ «Տալիլօ»ն:
Երաժշտական գործունէութիւն ունեցած է նաեւ Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան մէջ:
1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Կանաչեան երկար տարիներ երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ։ Ան իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած է հայ երաժշտութեան, տարածելով կոմիտասեան սկզբունքները, իր արժանաւոր տեղը գտնելով երաժշտութեան գանձարանէն ներս:
1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։
Համերգային ելոյթներով կը շրջի Դամասկոս, Թրիփոլի, Զահլէ, Լաթաքիա, Ալեքսանտրէթ, Հալէպ եւայլն:
1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Կանաչեան երկար տարիներ մանկավարժ,երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ։ Ան իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած է հայ երաժշտութեան, տարածելով կոմիտասեան սկզբունքները, իր արժանաւոր տեղը գտնելով երաժշտութեան գանձարանէն ներս:Ստեղծագործած է խմբերգեր ու մեներգեր: Կատարած է նաեւ ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու մշակումներ, յօրինած է մանկական երգեր ու դաշնամուրային գործեր:
 
== Կանաչեանի Գործեր ==